Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Անգարայի Աջակցութիւնը Վայելող Զինեալներու Դիրքերուն Դէմ Սուրիական Օդային Յարձակումներ

October 27, 2016
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

helicopter_102616

Թրքական բանակը յայտարարեց, որ հաւանաբար սուրիական բանակին պատկանող ուղղաթիռ մը օդային յարձակումներ գործած է Թուրքիոյ աջակցութիւնը վայելող ընդդիմադիր զինեալներու դէմ:

Սուրիական բանակը 21 հոկտեմբերին յայտարարած էր, որ թրքական կողմէն սուրիական օդային սահմանը ոտնահարող որեւէ թռչող սարք վար պիտի առնուի: Սուրիական բանակը այդ յայտարարութիւնը հրապարակած էր Հալէպի հիւսիսային գիւղական շրջանի Հասաճիք, Ուարտիյէ, Հասիյէ, Ղուլ, Սրուժ, Սատ Շահպա, Իհրաս եւ Ում Հոշ գիւղերուն դէմ թրքական օդուժին յարձակումներէն ետք:

Սուրիոյ մէջ դաշնակից ուժերու մարտական գործողութիւններուն հրամանատարը իր կարգին երէկ յայտարարեց, որ «Եփրատի վահան»-ի կամ այլ գործողութեան մը ծիրին մէջ Հալէպի հիւսիս եւ արեւելեան շրջանին մէջ Սուրիոյ դաշնակիցներու պաշտպանութեան գիծերուն ուղղութեամբ թրքական ուժերու որեւէ յառաջխաղացք պիտի արժանանայ վճռական եւ ուժեղ հակազդեցութեան:

Ան յայտնեց, որ դաշնակից ուժերը պիտի չարտօնեն ՏԱՀԵՇ-ի դէմ կռուելու պատրուակով այդ ուժերու պաշտպանական գիծերուն մօտենալը, ատիկա պիտի նկատեն կարմիր գիծերու շրջանցում եւ ուժեղ ու պատշաճ կերպով պիտի հակադարձեն:

Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Մեւլութ Չաւուշօղլու սուրիական ուղղաթիռին կողմէ կատարուած յարձակումէն ետք յայտարարեց. «Անգարա պիտի չդադրեցնէ Սուրիոյ մէջ իր գործողութիւնները»:

«Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատի հաւատարիմ ուժերը կը շարունակեն ռմբակոծել ընդդիմութեան զինեալները եւ ոչ թէ ահաբեկչական ՏԱՀԵՇ խմբաւորումը», ըսաւ ան` նշելով. «Սահմանային շրջանը ահաբեկչական խմբաւորումէն մաքրելու թրքական բանակի գործողութիւնները պիտի շարունակուին, մինչեւ որ Անգարայի աջակցութիւնը վայելող ընդդիմադիր ուժերը գրաւեն սուրիական Պապ քաղաքը»:

Թրքական դիւանագիտութեան պետը նաեւ յայտնեց. «Թուրքիա միջոցառումներ պիտի որդեգրէ, եթէ իրաքեան Թելաֆր քաղաքին դէմ յարձակում կատարուի»:

«Իրանի կողմէ մարզուած շիի զինեալներ անցեալ շաբաթ յայտնեցին, որ պիտի աջակցին կառավարական ուժերուն Մուսուլէն 55 քիլոմեթր հեռաւորութեան վրայ գտնուող Թելաֆրի ուղղութեամբ յառաջխաղացքին», ըսաւ Չաւուշօղլու:

Նախորդը

Մոսկուա. «Ռուսիան Ու Սուրիան Պատրաստ Են Հալէպի Մէջ Մարդասիրական Զինադադարը Վերականգնելու»

Յաջորդը

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

RelatedPosts

Թրամփ Յայտարարած Է, Որ Իրան Կը Բանակցի Միացեալ Նահանգներու Հետ
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ Յայտարարած Է, Որ Իրան Կը Բանակցի Միացեալ Նահանգներու Հետ

February 2, 2026
Միացեալ Նահանգներու Մասնակցութեամբ Ուքրանիոյ Եւ Ռուսիոյ Բանակցութիւնները Տեղի Պիտի Ունենան Յաջորդ Շաբաթ Ապու Տապիի Մէջ
Գլխաւոր լուրեր

Միացեալ Նահանգներու Մասնակցութեամբ Ուքրանիոյ Եւ Ռուսիոյ Բանակցութիւնները Տեղի Պիտի Ունենան Յաջորդ Շաբաթ Ապու Տապիի Մէջ

February 2, 2026
Իսրայէլ Հարուածած Է Կազան
Գլխաւոր լուրեր

Իսրայէլ Հարուածած Է Կազան

February 2, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.