
Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Ճոն Քըրպի յայտնած է, որ իր երկիրը մտահոգուած է թրքական ընդդիմադիր «Ճումհուրիյէթ» օրաթերթի գլխաւոր խմբագիրին ձերբակալութեամբ:
«ՌԻԱ Նովոսթի» կը հաղորդէ, որ Քըրպի ըսած է. «Միացեալ Նահանգներ խորապէս մտահոգուած են Թուրքիոյ մէջ ընդդիմադիր լրատուամիջոցներուն նկատմամբ աճող պետական ճնշումով, ներառեալ այսօր Թուրքիոյ ամէնէն հեղինակաւոր թերթերէն մէկուն` «Ճումհուրիյէթ»-ի գլխաւոր խմբագիր Մուրատ Սապունճուի ձերբակալութիւնը»:
Քըրպի նշած է, որ Միացեալ Նահանգներ համամիտ են պատժուելուն այն անձերուն, որոնք պատասխանատու եղած են յուլիսեան պետական յեղաշրջումի փորձին, ինչպէս նաեւ ահաբեկչութեան դէմ պայքարին մէջ կ՛աջակցին Թուրքիոյ: «Սակայն, խօսքի ազատութեան ու կարծիք յայտնելու եւ մամուլի ոտնահարումը չի նպաստեր ահաբեկչութեան դէմ պայքարին, այլ միայն կը խոչընդոտէ հիմնարար ազատութիւնները, որոնք կ՛ապահովեն ուժեղ ժողովրդավարութիւն», աւելցուցած է ան:
Եակլանտ Մտահոգուած Է Թուրքիոյ Մէջ
Լրատուամիջոցներու Դէմ Բռնաճնշումներու Փաստով
«Տէօչէ Վելլէ» կը հաղորդէ, որ Եւրոպական խորհուրդի ընդհանուր քարտուղար Թիորպիոռն Եակլանտ խիստ մտահոգիչ նկատած է Թուրքիոյ մէջ «Ճումհուրիյէթ» օրաթերթի եւ վերջինիս աշխատակիցներուն դէմ իրականացուող գործողութիւնները:
Ան ընդգծած է, որ «Ճումհուրիյէթ»-ի դէմ կատարուածը խիստ հարցականի տակ կ՛առնէ այն փաստը, որ թրքական իշխանութիւններուն գործողութիւնները որքանո՛վ համաչափ են:
Եակլանտ նախազգուշացուցած է, որ Թուրքիոյ մէջ արտակարգ դրութեան պայմաններուն մէջ ծայրայեղականութիւններէն չխուսափելու պարագային հաւանական է, որ Մարդկային իրաւանց եւրոպական դատարանին մէջ Անգարայի դէմ մեծ թիւով բողոք ներկայացուի: Ան մտահոգիչ նկատած է երկրին մէջ քրտական 15 լրատուամիջոցներու փակումը:
Յիշեցնելով, որ նոյնիսկ արտակարգ դրութեան պարագային Մարդու իրաւունքներու եւրոպական համաձայնագիրը պարտադիր է Թուրքիոյ համար` Եակլանտ ընդգծած է, որ ժողովրդավարական հասարակութեան համար խօսքի ազատութիւնը ամէնէն կարեւոր հիմնաքարերէն է:
31 հոկտեմբերին թրքական իրաւապահ մարմինները խուզարկած էին «Ճումհուրիյէթ»-ի աշխատակիցներուն տուները եւ գրաւած համակարգիչները: Ձերբակալուած է 11 մարդ, ներառեալ օրաթերթի գլխաւոր խմբագիր Մուրատ Սապունճուն եւ լրագրող Կուրայ Օզը: Ոստիկանութիւնը նաեւ խուզարկած է թերթի գործադիր տնօրէն Աքըն Աթալայի տունը, սակայն վերջինիս արտասահման գտնուելուն պատճառով զինք ձերբակալելու որոշում տրուած է:
«Ճումհուրիյէթ»-ի ղեկավարութեան ու լրագրողներուն 5 օր փաստաբաններու հետ տեսակցելու արգելք նշանակուած է:
Ձերբակալման որոշումը որդեգրած դատարանի որոշումին մէջ կը նշուի, թէ օրաթերթն ու անոր աշխատակիցները Քրտական աշխատաւորական կուսակցութեան (ՔԱԿ) եւ կիւլենականներու օգտին քարոզչութիւն կատարած են:


