Թրքական «Միլլիյէթ» օրաթերթը կը հաղորդէ, որ Թրքական բանակին կողմէ մեծ քանակով յաւելեալ հրասայլեր ու սպառազինութիւն Իրաքի հետ սահման տեղափոխելէն ետք, Իրաքի վարչապետ Հայտար Ապատի երկրորդ անգամ ըլլալով զգուշացուցած է Թուրքիան:
«Եթէ Թուրքիան մուտք գործէ Իրաք, այդ արարքին գինը պիտի վճարէ», յայտարարած է Ապատի:
Նախապէս Թուրքիա-Իրաք սահմանին վրայ սպառազինութեան կուտակման հետ կապուած` Թուրքիոյ պաշտպանութեան նախարար Ֆիքրի Ըշըք յայտարարած էր, որ իրենք պատրաստ են յաւելեալ զինուորական ջոկատներ ուղարկելու Իրաքի մէջ գտնուող եւ Թուրքիոյ կողմէ ղեկավարուող Պաաշիքա զինուորական ճամբար:
«Պէտք է պատրաստ ըլլանք ամէն տեսակի զարգացումներու: Եթէ անհրաժեշտութիւնը ըլլայ` լրացուցիչ զօրքեր պիտի ուղարկենք Պաաշիքայի ճամբար», յայտարարած էր Ֆիքրի Ըշըք: