Միացեալ Նահանգներու նախագահութեան դեմոկրատական թեկնածու Հիլըրի Քլինթընի բացասական վարկանիշը բարձրացած է` գերազանցելով անոր մրցակից Տանըլտ Թրամփի ցուցանիշը:
«ՌԻԱ Նովոսթի» կը հաղորդէ, որ այդ կը վկայեն ամերիկեան «Էյ.Պի.Սի.» պատկերասփիւռի կայանի եւ «Ուաշինկթըն Փոսթ» օրաթերթի կատարած հարցախոյզի արդիւնքները:
Կը նշուի, որ Քլինթընի թեկնածութեան բացասաբար կը վերաբերի հարցախոյզին մասնակիցներուն 60 առ հարիւրը, իսկ Թրամփի թեկնածութեան` 58 առ հարիւրը:
Հարցախոյզին մասնակիցներուն 49 առ հարիւրը դեմոկրատական թեկնածուին կը վերաբերի «շատ բացասական», իսկ Հանրապետական կուսակցութեան թեկնածուին նկատմամբ այդպիսի վերաբերմունք արտայայտած է մասնակիցներուն 48 առ հարիւրը:
Միեւնոյն ժամանակ, հարցախոյզին մասնակից Թրամփի աջակիցներուն 97 առ հարիւրը չի հաւնիր Քլինթընը, իսկ նախկին արտաքին գործոց նախարարի աջակիցներուն 95 առ հարիւրը վատ վերաբերմունք ունի Թրամփի նկատմամբ:
Հարցախոյզը կատարուած է 26-29 հոկտեմբերին` 1165 հաւանական ընտրողի մասնակցութեամբ:
Միւս կողմէ, «Իփսոս» միջազգային ընկերաբանական կեդրոնի «Ռոյթըրզ» լրատու գործակալութեան հետ կատարած միացեալ հարցախոյզին արդիւնքները, որոնք հրապարակուած են 31 հոկտեմբերին, կը վկայեն, թէ Թրամփ մինչեւ 5 տոկոսային կէտով կրճատած է ընտրողներուն մօտ ժողովրդականութեան ցուցանիշով Քլինթընէն ետ մնալը:
Վերջին տուեալներուն համաձայն, որոնք ստացուած են 26-30 հոկտեմբերի ժամանակաշրջանին մէջ, 8 նոյեմբերին տեղի ունենալիք ընտրութեան ընթացքին Քլինթընի ի նպաստ քուէարկելու պատրաստ է հարցախոյզին մասնակիցներուն 44 առ հարիւրը, իսկ Թրամփին` 39 առ հարիւրը: Հարցախոյզին մնացեալ մասնակիցները այլ պատասխաններ տուած են:
23 հոկտեմբերէն մինչեւ 27 հոկտեմբեր երկարող ժամանակաշրջանին ստացուած տուեալներուն համապատասխան, Քլինթըն Թրամփէն յառաջ անցած էր 6 տոկոսային կէտով:
ԹԱՍՍ լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ Միացեալ Նահանգներու «Ռիլ Քլիր Փոլիթիքս» վերլուծական ծառայութիւնը նոյնպէս 31 հոկտեմբերին հրապարակած է գնահատականներ` հիմնուած հասարակական կարծիքի տարբեր հարցախոյզներու ընդհանրացման վրայ: Ըստ անոնց, Քլինթընի առաւելութիւնը 4,6 առ հարիւրէն նուազած է միջին հաշուով մինչեւ 2,5 տոկոսային կէտի: