Վենեզուելայի մէջ ազգային դրամանիշի` պոլիվարի խիստ արժեզրկման եւ ծայրայեղ գնաճին պատճառով վաճառականները սկսած են կշռել յաճախորդներու գումարները` ծառայութիւններու եւ ապրանքներու համար գանձում կատարելու ընթացքին:
«Պլումպերկ» կը գրէ, որ այդ որոշումը տրուած է, որովհետեւ թղթադրամներն ու մետաղադրամները հաշուելը չափազանց երկար ժամանակ ու ջանք կը պահանջէ եւ աւելի դիւրին է զանոնք կշռել:
Մայրաքաղաք Քարաքասի վաճառականներէն մէկը` Ումպերթօ Կոնզալես նշած է. «Պանիրը այժմ աւելի սուղ է, քան կշիռքով ատոր հաւասար թղթադրամներու կապոցը»:
Կը նշուի, որ դրամը բոլոր խանութներուն մէջ չեն կշռեր, սակայն այդպիսի հաստատութիւններուն թիւը հետզհետէ կ՛աճի: