Միջազգային

«Չաւուշօղլուի Յայտարարութիւնները  Կը Բարդացնեն Սուրիոյ Կացութիւնը»  Կ՛ըսէ Քասեմի

«Չաւուշօղլուի Յայտարարութիւնները Կը Բարդացնեն Սուրիոյ Կացութիւնը» Կ՛ըսէ Քասեմի

Իրանի արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Իպրահիմ Քասեմի յայտնեց, որ Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Մեւլութ Չաւուշօղլուի յայտարարութիւնները «կը բարդացնեն Սուրիոյ կացութիւնը»: Քասեմի թուրք պաշտօնատարները յորդորեց անհրաժեշտ միջոցառումները որդեգրելու` «դիմակայելու համար զինեալներու կողմէ զինադադարի համաձայնութեան հակասող քայլերը»` աւելցնելով, որ գոյութիւն ունին հաստատ տեղեկութիւններ, թէ զինեալները մէկ օրուան մէջ 45 անգամ խախտած են զինադադարը: Իրանի արտաքին գործոց նախարարութեան բանբերը յայտնեց, որ իր երկիրը`...

Ֆրանսական Ոստիկանութիւնը Ձերբակալեց  Քոսովոյի Նախկին Վարչապետը

Ֆրանսական Ոստիկանութիւնը Ձերբակալեց Քոսովոյի Նախկին Վարչապետը

Ֆրանսական ոստիկանութիւնը սերպական միջազգային ձերբակալման գիրի մը հիմամբ ձերբակալեց Քոսովոյի նախկին վարչապետը: Նախկին վարչապետը ամբաստանուած է պատերազմական ոճիրներ գործելու յանցանքով: Ռամուշ Հարատինաժ 1998-1999-ին Քոսովոյի տագնապին ընթացքին Սերպիոյ դէմ ըմբոստացած իսլամներու հրամանատարն էր: Ան ՄԱԿ-ի մէջ երկու անգամ կանգնած է դատարանի առջեւ, սակայն երկու անգամին ալ ազատ արձակուած է: Քոսովոյի արտաքին գործոց նախարարութիւնը յայտնեց, որ ձերբակալութիւնը անընդունելի է, եւ աշխատանք կը...

«Սուրիոյ Մէջ Զինադադարի  Համաձայնութիւնը  Նախորդ Համաձայնութիւններուն  Ուղիով Կ՛ընթանայ»  Կ՛ըսէ Քըրպի

«Սուրիոյ Մէջ Զինադադարի Համաձայնութիւնը Նախորդ Համաձայնութիւններուն Ուղիով Կ՛ընթանայ» Կ՛ըսէ Քըրպի

Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Ճոն Քըրպի յայտնեց. «Սուրիոյ մէջ մարտական գործողութիւններու դադրեցման համաձայնութիւնը նախորդ համաձայնութիւններու նոյն ուղիով կ՛ընթանայ»: Քըրպի «Սի.Էն.Էն.»-ի հետ զրոյցի մը ընթացքին յայտնեց. «Սուրիական վարչակարգն ու անոր աջակցողները այսպէս կոչուած զինադադարը կ՛օգտագործեն ընդդիմութիւնը հարուածել շարունակելու համար»: Միւս կողմէ, Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Մեւլութ Չաւուշօղլու յայտնեց, որ ռուս փորձագէտներ 9-10 յունուարին պիտի այցելեն Անգարա` պատրաստելու համար Ասթանայի...

Պոլսոյ Գիշերային Վայրին Դէմ Յարձակումի  Հեղինակին Ինքնութիւնը Ճշդուած Է

Պոլսոյ Գիշերային Վայրին Դէմ Յարձակումի Հեղինակին Ինքնութիւնը Ճշդուած Է

Թուրքիոյ ներքին գործոց նախարար Սուլէյման Սէօյլու յայտնեց, որ Պոլսոյ գիշերային վայրին դէմ յարձակումի հեղինակին ինքնութիւնը ճշդուած է: Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Մեւլութ Չաւուշօղլու իր կարգին «Անատոլու» լրատու գործակալութեան յայտնեց, որ Ամանորի գիշերը տեղի ունեցած յարձակումի հեղինակին ինքնութիւնը ճշդուած է, սակայն յաւելեալ մանրամասնութիւններ չհաղորդեց: Խըրխըզական իշխանութիւնները երեքշաբթի օր յայտնած էին, որ Պոլսոյ մէջ կատարուած յարձակումի հարցով կասկածելին` Խըրխըզիստանի քաղաքացի Եախիէ Մաշրապովը,...

Թուրքիոյ Մէջ Արտակարգ Դրութիւնը  Անգամ Մը Եւս Երկարաձգուեցաւ

Թուրքիոյ Մէջ Արտակարգ Դրութիւնը Անգամ Մը Եւս Երկարաձգուեցաւ

Թուրքիոյ փոխվարչապետ Նուման Քուրթուլմուշ 3 յունուարին թրքական կառավարութեան նիստէն ետք յայտարարեց, որ արտակարգ դրութիւնը պիտի երկարաձգուի յաւելեալ երեք ամիսով: Թուրքիոյ խորհրդարանը երէկ հաւանութիւն տուաւ այդ որոշումին: Քուրթուլմուշ լրագրողներուն յայտնեց, որ նախարարները որոշած են, որ խորհրդարանի հաւանութիւնը ստանալէ ետք արտակարգ դրութիւնը 19 յունուարէն սկսեալ երկարաձգեն 90 օրով: Ան այդ որոշումը վերագրեց կառավարական հաստատութիւններու մէջ «Կիւլենականներու ահաբեկչական կազմակերպութեան» (ՖԵԹՕ) ներկայութեան: «Պետութեան` ՖԵԹՕ-ի...

«Ռոհինկիա Իսլամներու Դէմ Ցեղասպանութեան Փաստեր Գոյութիւն Չունին»  Կ՛ըսէ Միանմար

«Ռոհինկիա Իսլամներու Դէմ Ցեղասպանութեան Փաստեր Գոյութիւն Չունին» Կ՛ըսէ Միանմար

Միանմարի կառավարութեան կողմէ կազմուած յանձնախումբ մը յայտնեց, որ առայժմ չէ գտած որեւէ փաստ, թէ Ռախին նահանգին մէջ ռոհինկայա իսլամներու դէմ կը գործուի ցեղասպանութիւն: «Պի.Պի.Սի.» կը հաղորդէ, որ յանձնախումբը իր նախնական զեկուցումին մէջ նաեւ յայտնած է, որ համատարած բռնաբարումներու պնդումները հաստատող որեւէ փաստ չէ գտած: Նախնական զեկուցումին մէջ ապահովական ուժերու կողմէ գործուած սպանութիւններուն վերաբերեալ որեւէ նշում չկայ: «Պի.Պի.Սի.» կը գրէ, որ...

Թուրքիոյ Մէջ Ձերբակալուած Են Պոլսոյ  Ահաբեկչութեան Ութ Կասկածելիներ

Թուրքիոյ Մէջ Ձերբակալուած Են Պոլսոյ Ահաբեկչութեան Ութ Կասկածելիներ

Թրքական «Տէյլի Սապահ» օրաթերթը կը հաղորդէ, որ Թուրքիոյ ոստիկանութիւնը ձերբակալած է Պոլսոյ ահաբեկչութեան մասնակից ութ մարդ: Նախապէս կը հաղորդուէր, որ թրքական ոստիկանութիւնը շաբաթ օր ձերբակալած է ՏԱՀԵՇ-ի անդամներ: Օրաթերթը կը հաղորդէ, որ տասնեակ մը մարդիկ ՏԱՀԵՇ-ի հետ կապ ունենալու կասկածանքի համար ձերբակալուած են: Երկուշաբթի հրապարակուած յայտարարութեան մէջ կ՛ըսուի, թէ ընդհանուր առմամբ ձերբակալուած են 147 անձեր, որոնցմէ 35-ը պաշտօնապէս կալանաւորուած է:...

Սուրիական Ընդդիմադիր Զինեալ  Խմբաւորումներ  Կը Սպառնան Պոյքոթի Ենթարկել  Ասթանայի Բանակցութիւնները

Սուրիական Ընդդիմադիր Զինեալ Խմբաւորումներ Կը Սպառնան Պոյքոթի Ենթարկել Ասթանայի Բանակցութիւնները

Սուրիական ընդդիմադիր զինեալ խմբաւորումներ յայտնեցին, որ կ՛առկախեն այս ամսուան ընթացքին Ռուսիոյ եւ Թուրքիոյ հովանաւորութեամբ Ասթանայի մէջ միջսուրիական բանակցութիւններու պատրաստութեան իրենց մասնակցութիւնը: Անոնք հաղորդագրութիւն մը հրապարակելով նշեցին, որ առկախման պատճառը Սուրիոյ կառավարութեան ու անոր դաշնակիցներուն կողմէ զինադուլի «բազմաթիւ եւ մեծ խախտումներն» են: «Եթէ հարցերը չվերադառնան իրենց նախնական վիճակին, համաձայնութիւնը չեղեալ պիտի նկատուի», յայտնեցին խմբաւորումները: Անոնք մասնաւորաբար մատնանշեցին Դամասկոսի մօտ գտնուող Ուատի...

Մոսկուա Կը Հիւրընկալէ Ֆաթհ Եւ Համաս  Շարժումներուն Միջեւ Հաշտութեան Ժողով Մը

Մոսկուա Կը Հիւրընկալէ Ֆաթհ Եւ Համաս Շարժումներուն Միջեւ Հաշտութեան Ժողով Մը

ԹԱՍՍ լրատու գործակալութիւնը հաղորդեց, որ 15 յունուարին Ռուսիոյ մայրաքաղաք Մոսկուայի մէջ տեղի պիտի ունենայ պաղեստինեան Ֆաթհ եւ Համաս շարժումներու ներկայացուցիչներուն միջեւ ժողով մը: Ռուսական լրատու գործակալութիւնը նշեց, որ Փարիզի մէջ պաղեստինցիներու եւ իսրայէլացիներու միջեւ խաղաղութեան վերաբերեալ միջազգային խորհրդաժողովին զուգադիպող ժողովը պաղեստինեան մեծագոյն երկու շարժումներուն միջեւ հաշտութիւն գոյացնելու ջանքերուն ծիրին մէջ է: Յայտնենք, որ Ֆրանսա անցեալ տարի առաջարկած է պաղեստինցիներուն եւ...

Ռուս 35 Դիւանագէտներ Միացեալ Նահանգներէն Վտարելու Հարց Փութին Մերժեց Ամերիկացի 35 Դիւանագէտ Վտարելու Լաւրովի Առաջարկը

Ռուս 35 Դիւանագէտներ Միացեալ Նահանգներէն Վտարելու Հարց Փութին Մերժեց Ամերիկացի 35 Դիւանագէտ Վտարելու Լաւրովի Առաջարկը

ԹԱՍՍ լրատու գործակալութիւնը հաղորդեց, որ Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութինին առաջարկած է 35 ամերիկացի դիւանագէտ վտարել եւ Մոսկուայի մէջ ամերիկեան դեսպանատան արգիլել անոր պատկանող շէնքերէն երկուքը օգտագործել: Լաւրով շեշտեց. «Ամերիկեան պատժամիջոցները առանց պատասխանի պիտի չձգենք»: Ամերիկացի պաշտօնատար մը «Ռոյթըրզ» լրատու գործակալութեան յայտնած էր, որ Միացեալ Նահանգներ Ուաշինկթընի եւ Սան Ֆրանսիսքոյի մէջ 35 ռուս դիւանագէտներ վտարած...

«Միացեալ Նահանգներ Կ՛ուզեն 1,5 Միլիոն  Հայերու Կոտորածի Եւ 1915-ի Դէպքերու  Լիակատար Պատմական Արձանագրումը»  Կ՛ըսէ Թոնըր

Ուաշինկթըն Կը Յուսայ, Որ Սուրիոյ Մէջ Զինադադարը Գործէ Լիարժէքօրէն

«Ռոյթըրզ» լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Մարք Թոնըր յայտնած է, որ Սուրիոյ մէջ զինադադարը, որուն մասին համաձայնութիւն ձեռք բերուած է Թուրքիոյ եւ Ռուսիոյ բանակցութիւններուն ընթացքին, դրական զարգացում է` աւելցնելով, որ իր երկիրը կը յուսայ, որ զինադադարը գործադրուի լիարժէքօրէն: «Բռնութիւնը դադրեցնելու, կեանքեր փրկելու, արդիւնաւէտ քաղաքական երկխօսութիւն վերսկսելու որեւէ փորձ ողջունելի է: Մենք յոյս ունինք, որ...

Պրազիլի Մէջ Յունաստանի Անհետացած Դեսպանի Հրկիզուած Ինքնաշարժին Մէջ Դիակ Մը Յայտնաբերուեցաւ

Պրազիլի Մէջ Յունաստանի Անհետացած Դեսպանի Հրկիզուած Ինքնաշարժին Մէջ Դիակ Մը Յայտնաբերուեցաւ

«Տը Թելեկրաֆ»` վկայակոչելով պրազիլական լրատուամիջոցները, կը հաղորդէ, որ Պրազիլի ոստիկանութիւնը կ՛ենթադրէ, որ Ռիօ տը Ժանէյրոյի վարչական շրջաններէն մէկուն մէջ հրկիզուած ինքնաշարժին մէջ յայտնաբերուած է Յունաստանի երեք օր առաջ անհետացած դեսպանին դիակը: Դեսպանի անհետացման մասին տեղեկացուցած էր դեսպան Քիրիաքոս Ամիրիտիսի կինը, որմէ ետք ոստիկանները Նովա Իկուասու վարչական շրջանին մէջ յայտնաբերած են հրկիզուած ինքնաշարժ մը, որ հաւանաբար պատկանած է Ամիրիտիսի: «Կլոպօ» պատկերասփիւռի...

Թուրքիոյ Խորհրդարանի Սահմանադրական Յանձնախումբը Աւարտած Է Սահմանադրական Փոփոխութիւններու Վերաբերեալ Քննարկումները

Թուրքիոյ Խորհրդարանի Սահմանադրական Յանձնախումբը Աւարտած Է Սահմանադրական Փոփոխութիւններու Վերաբերեալ Քննարկումները

«Անատոլու» լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ Թուրքիոյ խորհրդարանի սահմանադրական յանձնախումբը որոշ փոփոխութիւններով հաւանութիւն տուած է իշխող Արդարութիւն եւ բարգաւաճում կուսակցութեան ներկայացուցած սահմանադրական փոփոխութիւններուն վերաբերող նախագիծին: Նախագիծի 21 կէտերէն 18-ը որդեգրուած է 5 օր տեւած քննարկումներէ ետք, վերջին օրուան քննարկումը եղած է ամէնէն երկարը եւ տեւած շուրջ 17 ժամ: Ըստ որդեգրուած նոր նախագիծին, Թուրքիոյ խորհրդարանի աթոռներուն թիւը 550-էն բարձրացուած է 600-ի,...

Այսօր Կէս Գիշերէն Սկսեալ Զինադադար Սուրիոյ Մէջ

Այսօր Կէս Գիշերէն Սկսեալ Զինադադար Սուրիոյ Մէջ

Մոսկուա, Անգարա եւ Դամասկոս յայտարարեցին, որ 30 դեկտեմբերի կէս գիշերէն սկսեալ Սուրիոյ մէջ զինադադար հաստատելու վերաբերեալ համաձայնութիւն գոյացած է: Սուրիական բանակը իր կարգին սուրիական բոլոր հողերուն վրայ յայտարարեց մարտական գործողութիւններու դադրեցում մը, որ չի ներառեր ՏԱՀԵՇ-ը, Ժապհաթ Նուսրան եւ անոնց առնչակից խմբաւորումները: Սուրիական ազատ բանակը իր կարգին յայտարարեց, որ յանձնառու է գոյացած համաձայնութեան, սակայն իրեն կը վերապահէ հակադարձելու իրաւունքը: Ռուսիոյ...

Իսրայէլին Կոչ Ուղղելով` Ճանչնալու 1967-ի Սահմաններով Պաղեստինը.  «Երուսաղէմը Պէտք Է Դառնայ Իսրայէլի Եւ Պաղեստինի Մայրաքաղաքը» Կ՛ըսէ Քերրի

Իսրայէլին Կոչ Ուղղելով` Ճանչնալու 1967-ի Սահմաններով Պաղեստինը. «Երուսաղէմը Պէտք Է Դառնայ Իսրայէլի Եւ Պաղեստինի Մայրաքաղաքը» Կ՛ըսէ Քերրի

Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Ճոն Քերրի իր ղեկավարած նախարարութեան մէջ լրագրողներուն առջեւ իր արտասանած խօսքին մէջ յայտարարած է, որ Երուսաղէմը պէտք է դառնայ երկու պետութիւններու` Իսրայէլի եւ Պաղեստինի մայրաքաղաքը: ԹԱՍՍ լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ մէկուկէս ժամ տեւած իր զրոյցին ընթացքին Քերրի բացատրած է, թէ ինչո՛ւ Միացեալ Նահանգներու պատուիրակութիւնը 23 դեկտեմբերին ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդին մէջ ձեռնպահ մնաց Այսրյորդանանի մէջ...

Անգարայի Մէջ Միացեալ Նահանգներու Դեսպանատունը Արձագանգած Է Քիւրտերուն Զէնք Մատակարարելու Մասին Թուրքիոյ Մեղադրանքներուն

Անգարայի Մէջ Միացեալ Նահանգներու Դեսպանատունը Արձագանգած Է Քիւրտերուն Զէնք Մատակարարելու Մասին Թուրքիոյ Մեղադրանքներուն

Անգարայի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպանատունը արձագանգած է Քրտական աշխատաւորական կուսակցութեան (ՔԱԿ) ու Սուրիոյ տարածքին գործող քրտական ազգային զինեալ խմբաւորումներուն զէնք մատակարարելու վերաբերեալ Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանի կատարած մեղադրանքներուն: «Տիքեն» կայքը կը հաղորդէ, որ ամերիկեան դեսպանատունը հերքած է քրտական խմբաւորումներուն զէնք ու պայթուցիկ սարքեր մատակարարելու մասին Թուրքիոյ մեղադրանքները եւ զանոնք նկատած «անհիմն»: Նախապէս Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութիւնը Էրտողանի յայտարարութիւնը...

«Եթէ Թուրքիան Անցնի Կառավարման Նախագահական Համակարգի` Եւրոպական Միութեան Անդամակցութեան Հոլովոյթը Կարելի Է Տապալած Նկատել» Կ՛ըսէ Տողան

«Եթէ Թուրքիան Անցնի Կառավարման Նախագահական Համակարգի` Եւրոպական Միութեան Անդամակցութեան Հոլովոյթը Կարելի Է Տապալած Նկատել» Կ՛ըսէ Տողան

Թուրքիոյ ընդդիմադիր Հանրապետական ժողովուրդի կուսակցութեան անդամ, խորհրդարանի հայազգի անդամ Սելինա Տողան քննադատած է իշխող Արդարութիւն եւ բարգաւաճում կուսակցութեան կողմէ խորհրդարան ներկայացուած սահմանադրական փոփոխութիւններուն վերաբերեալ նախագիծը, որ կը ներառէ նաեւ կառավարման նախագահական համակարգի անցման առաջարկ: «Եթէ այս առաջարկը օրինականացուի, Թուրքիոյ` Եւրոպական Միութեան անդամակցութեան հոլովոյթը կարելի է տապալած նկատել», ըսած է Տողան` աւելցնելով, որ նախագինը աժան  ամբոխավարութիւնն է եւ հիմնուած չէ ժողովրդավարութեան...

Ալիեւ Ստորագրեց Ազրպէյճանի Զինուորական Ամավարկը 1,6 Միլիառ Տոլարի Բարձրացնող Որոշումը

Ալիեւ Ստորագրեց Ազրպէյճանի Զինուորական Ամավարկը 1,6 Միլիառ Տոլարի Բարձրացնող Որոշումը

«Ազատութիւն» կը հաղորդէ, որ հակառակ այն իրողութեան, որ Ազրպէյճանի պետական ծախսերը ընդհանուր առմամբ պիտի կրճատուին 2017-ին, Պաքուի իշխանութիւնները որոշած են որոշ չափով ուռճացնել զինուորական նպատակներու համար տրամադրուելիք գումարները, որոնք 1,6 միլիառ տոլարի պիտի հասնին յառաջիկայ տարուան ընթացքին: Ազրպէյճանական «Թուրան» լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ 16 դեկտեմբերին  Ազրպէյճանի խորհրդարանին կողմէ վաւերացուած 2017-ի պետական ամավարկը 28 դեկտեմբերին ստորագրուած է նախագահ Իլհամ Ալիեւի...

«Իրաքեան Բանակը Ազատագրած Է  Մուսուլի Մեծ Մասը»  Կ՛ըսէ Ժաաֆարի

«Իրաքեան Բանակը Ազատագրած Է Մուսուլի Մեծ Մասը» Կ՛ըսէ Ժաաֆարի

Իրաքի արտաքին գործոց նախարար Իպրահիմ Ժաաֆարի «ՌԻԱ Նովոսթի» լրատու գործակալութեան հետ հարցազրոյցի մը ընթացքին յայտնած է, որ իրաքեան բանակի ստորաբաժանումները ՏԱՀԵՇ-էն ազատագրած են Մուսուլի մեծ մասը: Ըստ Ժաաֆարիի, ահաբեկիչներէն ազատագրուած են նաեւ Նինուէ նահանգին մէջ գտնուող քաղաքին մօտակայ տարածքները: «Ասիկա 56 շրջաններէն 40-ն է: Պիտի սկսի մնացեալ 16 շրջաններու ազատագրման գործողութիւնը», աւելցուցած է ան: Մուսուլի ազատագրման արշաւը սկսաւ 17 հոկտեմբեր...

Քրեմլին. «Տեղեակ Չենք».  «Սուրիոյ Մէջ Զինադադարի Շուրջ  Ռուսիա-Թուրքիա Համաձայնութիւն Գոյացած Է»  Կը Հաղորդէ «Անատոլու»

Քրեմլին. «Տեղեակ Չենք». «Սուրիոյ Մէջ Զինադադարի Շուրջ Ռուսիա-Թուրքիա Համաձայնութիւն Գոյացած Է» Կը Հաղորդէ «Անատոլու»

«Անատոլու» երէկ հաղորդեց, որ Ռուսիա եւ Թուրքիա համաձայնութիւն գոյացուցած են Սուրիոյ ամբողջ տարածքին զինադադարի դրութեան հաստատման ծրագիրի մը շուրջ: Թրքական լրատու գործակալութեան տուեալներով` ռուսական եւ թրքական կողմերուն մշակած ծրագիրը պիտի առաջարկուի Սուրիոյ մէջ հակամարտող կողմերուն` կառավարական եւ ընդդիմադիր ուժերուն: Անգարա եւ Մոսկուա ջանքեր պիտի գործադրեն համաձայնութիւնը այսօր կէս գիշերէն ուժի մէջ դնելու: Զինադադարը պիտի տարածուի ամբողջ Սուրիոյ վրայ` բացառութեամբ ահաբեկչական...

Page 731 of 882 1 … 730 731 732 … 882

Արխիւներ