Ուաշինկթըն Էրտողանի Մեղադրանքը Կը Նկատէ «Անհեթեթ Եւ Ծիծաղելի»
Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութիւնը «անհեթեթ» որակած է Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանի այն յայտարարութիւնը, թէ ինք Միացեալ Նահանգներու գլխաւորած Միջազգային դաշինքին կողմէ ՏԱՀԵՇ-ին աջակցելու վերաբերեալ ապացոյցներ ունի: Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութեան կայքը կը հաղորդէ, որ նախարարութեան բանբեր Մարք Թոնըր մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին յայտնած է. «Ատիկա անհեթեթ եւ ծիծաղելի մեղադրանք է»: Էրտողան յայտարարած էր, որ ապացոյցներ ունի, թէ...




















