Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Թուրքիոյ Մէջ Ձերբակալուած Են Պոլսոյ Ահաբեկչութեան Ութ Կասկածելիներ

January 4, 2017
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

istanbul_01317

Թրքական «Տէյլի Սապահ» օրաթերթը կը հաղորդէ, որ Թուրքիոյ ոստիկանութիւնը ձերբակալած է Պոլսոյ ահաբեկչութեան մասնակից ութ մարդ:

Նախապէս կը հաղորդուէր, որ թրքական ոստիկանութիւնը շաբաթ օր ձերբակալած է ՏԱՀԵՇ-ի անդամներ:

Օրաթերթը կը հաղորդէ, որ տասնեակ մը մարդիկ ՏԱՀԵՇ-ի հետ կապ ունենալու կասկածանքի համար ձերբակալուած են: Երկուշաբթի հրապարակուած յայտարարութեան մէջ կ՛ըսուի, թէ ընդհանուր առմամբ ձերբակալուած են 147 անձեր, որոնցմէ 35-ը պաշտօնապէս կալանաւորուած է:

Միւս կողմէ, ՏԱՀԵՇ ստանձնեց Պոլսոյ «Ռենա» գիշերային ակումբին մէջ Նոր տարուան գիշեր տեղի ունեցած ահաբեկչական յարձակումին պատասխանատուութիւնը:

Նախապէս հաղորդուած էր, որ ահաբեկչութեան կասկածելին Խըրխըզիստանի կամ Ուզպեքիստանի քաղաքացի է եւ կրնայ կապ ունենալ ՏԱՀԵՇ-ի հետ: Ան տակաւին ձերբակալուած չէ: Ըստ թրքական կարգ մը լրատուամիջոցներու, ոստիկանութիւնը անոր ինքնութիւնը բացայայտած են եւ զինք կը հետապնդեն, սակայն զինեալին ինքնութիւնը չեն հրապարակեր:

Գիշերային ակումբին դէմ կատարուած զինեալ յարձակումին պատճառով արձանագրուած էր 39 զոհ եւ 69 վիրաւոր: Զոհերէն 38-ին ինքնութիւնը ծանօթ է: 13-ը Թուրքիոյ քաղաքացիներ էին, իսկ մնացեալը` մեծաւ մասամբ միջինարեւելեան երկիրներէ. 7-ը` Սէուտական Արաբիայէն, 3-ը` Լիբանանէն, 2-ը` Թունուզէն, 2-ը` Հնդկաստանէն, 2-ը` Մարոքէն, 2-ը` Յորդանանէն, 2-ը` Իրաքէն, 1-ը` Քուէյթէն, 1-ը` Սուրիայէն, 1-ը` Քանատայէն, 1-ը` Իսրայէլէն, 1-ը` Ռուսիայէն, իսկ մէկը` պելճիքացի թուրք մը:

Նախորդը

Սուրիական Ընդդիմադիր Զինեալ Խմբաւորումներ Կը Սպառնան Պոյքոթի Ենթարկել Ասթանայի Բանակցութիւնները

Յաջորդը

«Էն. Պի. Էյ.». Պուլզ Յաղթեց. Պաթլըր Նշանակեց 52 Կէտ

RelatedPosts

Թրամփ-Փութին Հեռաձայնային Զրոյցի  Ընթացքին` Ռուսական Քարիւղի Եւ Նաւթամթերքի  Մատակարարման Շուրջ Համաձայնութիւն
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ-Փութին Հեռաձայնային Զրոյցի Ընթացքին` Ռուսական Քարիւղի Եւ Նաւթամթերքի Մատակարարման Շուրջ Համաձայնութիւն

October 12, 2026
Հուսիները Դարձեալ Ռմբակոծեցին Ռիատի  Օդակայանը` Պատճառելով Զոհեր Ու Վիրաւորներ
Գլխաւոր լուրեր

Հուսիները Դարձեալ Ռմբակոծեցին Ռիատի Օդակայանը` Պատճառելով Զոհեր Ու Վիրաւորներ

October 12, 2026
«Չինաստանը Կարեւոր Դրացի Է, Եւ Աշխատանք  Պիտի Տանինք Անոր Հետ Շինիչ  Ու Կայուն Յարաբերութիւն Հաստատելու»  Կ՛ըսէ Ճափոնի Վարչապետը
Միջազգային

«Չինաստանը Կարեւոր Դրացի Է, Եւ Աշխատանք Պիտի Տանինք Անոր Հետ Շինիչ Ու Կայուն Յարաբերութիւն Հաստատելու» Կ՛ըսէ Ճափոնի Վարչապետը

October 12, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.