Անգարայի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպանատունը արձագանգած է Քրտական աշխատաւորական կուսակցութեան (ՔԱԿ) ու Սուրիոյ տարածքին գործող քրտական ազգային զինեալ խմբաւորումներուն զէնք մատակարարելու վերաբերեալ Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանի կատարած մեղադրանքներուն:
«Տիքեն» կայքը կը հաղորդէ, որ ամերիկեան դեսպանատունը հերքած է քրտական խմբաւորումներուն զէնք ու պայթուցիկ սարքեր մատակարարելու մասին Թուրքիոյ մեղադրանքները եւ զանոնք նկատած «անհիմն»:
Նախապէս Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութիւնը Էրտողանի յայտարարութիւնը նկատած էր «անհեթեթ եւ ծիծաղելի»: