ԹԱՍՍ լրատու գործակալութիւնը հաղորդեց, որ 15 յունուարին Ռուսիոյ մայրաքաղաք Մոսկուայի մէջ տեղի պիտի ունենայ պաղեստինեան Ֆաթհ եւ Համաս շարժումներու ներկայացուցիչներուն միջեւ ժողով մը:
Ռուսական լրատու գործակալութիւնը նշեց, որ Փարիզի մէջ պաղեստինցիներու եւ իսրայէլացիներու միջեւ խաղաղութեան վերաբերեալ միջազգային խորհրդաժողովին զուգադիպող ժողովը պաղեստինեան մեծագոյն երկու շարժումներուն միջեւ հաշտութիւն գոյացնելու ջանքերուն ծիրին մէջ է:
Յայտնենք, որ Ֆրանսա անցեալ տարի առաջարկած է պաղեստինցիներուն եւ իսրայէլացիներուն միջեւ խաղաղութեան վերաբերեալ խորհրդաժողով մը` մասնակցութեամբ 70 պետութիւններու: Հետագային այդ խորհրդաժողովին թուականը ճշդուեցաւ դեկտեմբեր 2016-ի կիսուն, սակայն յետաձգուեցաւ յունուար 2017-ի կիսուն: