Թուրքիոյ ընդդիմադիր Հանրապետական ժողովուրդի կուսակցութեան անդամ, խորհրդարանի հայազգի անդամ Սելինա Տողան քննադատած է իշխող Արդարութիւն եւ բարգաւաճում կուսակցութեան կողմէ խորհրդարան ներկայացուած սահմանադրական փոփոխութիւններուն վերաբերեալ նախագիծը, որ կը ներառէ նաեւ կառավարման նախագահական համակարգի անցման առաջարկ:
«Եթէ այս առաջարկը օրինականացուի, Թուրքիոյ` Եւրոպական Միութեան անդամակցութեան հոլովոյթը կարելի է տապալած նկատել», ըսած է Տողան` աւելցնելով, որ նախագինը աժան ամբոխավարութիւնն է եւ հիմնուած չէ ժողովրդավարութեան վրայ: