Միջազգային

Քրտամէտները Պիտի Չմասնակցին Թուրքիոյ Կառավարման Նախագահական Համակարգի Որդեգրման Վերաբերեալ Խորհրդարանական Քուէարկութեան

Քրտամէտները Պիտի Չմասնակցին Թուրքիոյ Կառավարման Նախագահական Համակարգի Որդեգրման Վերաբերեալ Խորհրդարանական Քուէարկութեան

Թրքական «Ճումհուրիյէթ» օրաթերթը կը հաղորդէ, որ Թուրքիոյ քրտամէտ Ժողովուրդներու ժողովրդավարական կուսակցութեան բանբեր Այհան Պիլկեն յայտարարած է, որ իրենց խորհրդարանական խմբակցութիւնը երկրի կառավարման նախագահական համակարգի անցման վերաբերեալ սահմանադրութեան մէջ փոփոխութեան շուրջ խորհրդարանական քուէարկութեան պիտի չմասնակցի: Ան այդ որոշումը հիմնաւորած է այն իրողութեամբ, որ կուսակցութեան երկու համանախագահներն ու 8 երեսփոխաններ տակաւին կը մնան բանտարկուած եւ զրկուած են խորհրդարանական քննարկումներուն ներկայ գտնուելու ու...

Տէր Զօրի Արեւմուտքը Ամերիկեան Հրոսէջք

Տէր Զօրի Արեւմուտքը Ամերիկեան Հրոսէջք

Աղբիւրներ «Մայատին» արբանեակային պատկերասփիւռի կայանին յայտնած են, որ «Ափաշի» տիպի ամերիկեան չորս ուղղաթիռներ եւ պաշտպանութեան երկու այլ ուղղաթիռներ Տէր Զօրի արեւմուտքը գտնուող Քուպար գիւղի զինուորական կամուրջին մօտ հրոսէջք կատարած են` մասնակցութեամբ քրտական ղեկավարութեամբ Ժողովրդավարական Սուրիոյ ուժերէն զինեալներու: Ըստ «Մայատին»-ի աղբիւրներուն, հրոսէջքը տեւած է մէկ ժամ, որուն ընթացքին բախում մը տեղի ունեցած է ՏԱՀԵՇ-էն խմբակի մը հետ, որ կը կարծուի Թապքայէն...

Վենեզուելայի Մէջ Նուազագոյն Աշխատավարձը Բարձրացուած` 50 Առ Հարիւրով

Վենեզուելայի Մէջ Նուազագոյն Աշխատավարձը Բարձրացուած` 50 Առ Հարիւրով

«Կլոպըլվիժըն» կայքը կը հաղորդէ, որ Վենեզուելայի նախագահ Նիքոլաս Մատուրօ գնաճի լոյսին տակ յայտարարած է նուազագոյն աշխատավարձի մակարդակի 50 առ հարիւրով բարձրացման մասին: «Ես կ՛ուզեմ ըսել, որ յունուարէն թոշակները եւ նուազագոյն աշխատավարձերը պիտի ըլլան 40.639 պոլիվարի չափով, իսկ հաշուի առնելով հիմնական մթերային սակառի գնման համար 63.720 պոլիվարի ցուցանիշը` նուազագոյն եկամուտը պիտի հասնի 104.358 պոլիվարի», ըսած է ան: «Սեւ շուկայ»-ի փոխարժէքով, որ...

«Մենք Որեւէ Կապ Չունինք Կիւլենի Հետ, Մենք Քեմալական Ենք» Կ՛ըսէ Ալթընթաշի Ընտանիքը

«Մենք Որեւէ Կապ Չունինք Կիւլենի Հետ, Մենք Քեմալական Ենք» Կ՛ըսէ Ալթընթաշի Ընտանիքը

19 դեկտեմբերին Անգարայի մէջ Ռուսիոյ դեսպան Անտրէյ Քարլովը սպաննած 22 տարեկան թուրք ոստիկան Մեւլութ Մերթ Ալթընթաշի ընտանիքն ու ազգականները հարցազրոյց ունեցած են լրատուամիջոցներու հետ: «Անատոլու» լրատու գործակալութիւնը կը գրէ, որ Մեւլութի մայրը պատմած է, որ իր տղան շատ հանգիստ, լռակեաց եւ ինքնամփոփ էր: «Այդ օր հեռաձայնեց ինծի, ըսաւ. «Մայրիկ, ի՞նչ կ՛ընես»: Ես ալ ըսի, որ հիւրութեան գացած եմ մէկու մը...

«Ռուսիա Մտադիր Է Կրճատել Պիելոռուսիոյ Քարիւղի Մատակարարման Ծաւալը»  Կը Գրէ «Քոմերսանթ»

«Ռուսիա Մտադիր Է Կրճատել Պիելոռուսիոյ Քարիւղի Մատակարարման Ծաւալը» Կը Գրէ «Քոմերսանթ»

Ռուսական «Քոմերսանթ» օրաթերթը` վկայակոչելով իրավիճակին ծանօթ աղբիւրներ, կը հաղորդէ, որ Ռուսիոյ ուժանիւթի նախարարութիւնը մտադիր է 2017-ի առաջին եռամսեակին 12 առ հարիւրով կրճատել դէպի Պիելոռուսիա քարիւղի արտածումը: Լրատուամիջոցին տուեալներով` 28 դեկտեմբերին պիելոռուսական կողմին փոխանցուած ժամանակացոյցին համաձայն, մատակարարումներու ծաւալը պիտի կազմէ 4 միլիոն թոն` նախատեսուած 4,5 թոնին փոխարէն: Արտածումը կրճատելու մասին որոշումը տրուած է այն պատճառով, որ կողմերը մինչեւ 2016-ի աւարտը չեն...

Հրապարակուած Է Զէնք Արտադրող Մեծագոյն Երկիրներուն Ցանկը

Հրապարակուած Է Զէնք Արտադրող Մեծագոյն Երկիրներուն Ցանկը

«Տը Նիւ Եորք Թայմզ» օրաթերթը, վկայակոչելով Քոնկրեսի հետազօտական ծառայութեան կողմէ անցեալ շաբաթ օրէնսդիրներուն ներկայացուած զեկուցումը, կը հաղորդէ, որ 2015-ի ընթացքին զինուորական արտադրութիւն արտածող երկիրներու ցանկին մէջ առաջին դիրքը կը գրաւեն Միացեալ Նահանգները, որոնց կը յաջորդեն Ֆրանսան եւ Ռուսիան: Միացեալ Նահանգներ 2015-ին ստորագրած են շուրջ 40 միլիառ տոլարի զէնքի վաճառքի վերաբերեալ համաձայնագիրներ կամ զէնքի միջազգային շուկայի բոլոր համաձայնագիրներու կէսը` գրաւելով ցանկին...

Թուրքիոյ Խորհրդարանը Սկսաւ Քննարկել  Էրտողանի Լիազօրութիւնները Ընդլայնող  Սահմանադրական Բարեփոխումները

Թուրքիոյ Խորհրդարանը Սկսաւ Քննարկել Էրտողանի Լիազօրութիւնները Ընդլայնող Սահմանադրական Բարեփոխումները

Թուրքիոյ խորհրդարանը երէկ սկսաւ երկրին կառավարման խորհրդարանական համակարգէն հրաժարելով նախագահական համակարգ որդեգրելու եռօրեայ քննարկումներուն: Խորհրդարանի սահմանադրական յանձնախումբը 2016-ի վերջաւորութեան վաւերացուցած էր 18 կէտերէ բաղկացած սահմանադրական բարեփոխումները: Սահմանադրական բարեփոխումները Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանին պիտի արտօնեն իշխանութեան վրայ մնալ մինչեւ 2029 թուական: Մինչ այդ, թրքական թղթոսկին տոլարին դիմաց պատմութեան մէջ իր նուազագոյն մակարդակը արձանագրելով հասաւ 3,7229 լիրայի:

«Կա՛մ Իրաքը Եւ Փեշմերկաները ՔԱԿ-ը Պիտի  Հեռացնեն Սինճարէն, Կա՛մ Ալ Թուրքիան  Պիտի Դիմէ Անհրաժեշտ Քայլերու»  Կ՛ըսէ Եըլտըրըմ

«Կա՛մ Իրաքը Եւ Փեշմերկաները ՔԱԿ-ը Պիտի Հեռացնեն Սինճարէն, Կա՛մ Ալ Թուրքիան Պիտի Դիմէ Անհրաժեշտ Քայլերու» Կ՛ըսէ Եըլտըրըմ

«Անատոլու» լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ Թուրքիոյ վարչապետ Պինալի Եըլտըրըմ Իրաք իր կատարած այցելութենէն ետք Անգարայի մէջ իր առաջին մամլոյ ասուլիսին ընթացքին` անդրադառնալով հիւսիսային Իրաքի մէջ Քրտական աշխատաւորական կուսակցութեան (ՔԱԿ) զինեալներու ներկայութեան, նշած է, որ ՔԱԿ-ը ամէն գնով պէտք է հեռացուի Սինճարէն: «ՔԱԿ-ի Սինճար նահանգին մէջ ներկայութիւնը Թուրքիոյ համար ազգային անվտանգութեան հարց է: Այս հարցը մանրամասնօրէն քննարկած ենք: Կա՛մ Իրաքը...

Ժընեւի Մէջ Ընթացք Առաւ  Միջկիպրական Բանակցութիւններու Նոր Փուլը

Ժընեւի Մէջ Ընթացք Առաւ Միջկիպրական Բանակցութիւններու Նոր Փուլը

«Արմէնփրես»` յղում կատարելով «ՌԻԱ Նովոսթի»-ին, կը հաղորդէ, որ Ժընեւի մէջ երէկ սկսած է Կիպրոսի վերամիաւորման շուրջ բանակցութիւններու նոր փուլը, որուն կը մասնակցին Կիպրոսի Հանրապետութեան նախագահ Նիքոս Անասթասիատիս եւ կիպրացի թուրքերու ղեկավար Մուսթաֆա Աքընճը: Բանակցութիւնները վերսկսած են 2016-ի աշնան համաձայնութիւն գոյացնելու փորձի ձախողումէն ետք: Համայնքներու երկու ղեկավարները 9 յունուարի առաւօտեան հասան ՄԱԿ-ի Ժընեւի կեդրոնատեղի` ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղարի կիպրական խնդիրի լուծման հարցերով...

Միացեալ Նահանգներ Հրասայլերու Շարասիւն Մը  Գերմանիայէն Կը Փոխադրեն Ռուսիոյ Հետ Սահման

Միացեալ Նահանգներ Հրասայլերու Շարասիւն Մը Գերմանիայէն Կը Փոխադրեն Ռուսիոյ Հետ Սահման

Գերմանիոյ Պերմիրհովըն քաղաքին մէջ ամերիկեան բանակի զօրամասերէն մէկը Ռուսիոյ հետ սահման փոխադրելու պատրաստութիւններ տեղի կ՛ունենան: Գերմանացի զինուորական բանբեր մը յայտնեց, որ Պրանտենպուրկ նահանգէն սպառազինութեամբ բեռնաւորուած երեք գնացքներ շաբաթական դրութեամբ պիտի մեկնին դէպի Ռուսիոյ հետ սահման` նշելով, որ կարիքը կայ գնացքի 900 վակոնի, իսկ սպառազինութիւնը Ռուսիոյ հետ սահման փոխադրող գնացքներուն ընդհանուր երկարութիւնը պիտի ըլլայ 14 քիլոմեթր: Ռուսական օրաթերթեր ահազանգ հնչեցնելով նշեցին....

«Թրքական Զօրքերը Դուրս  Պիտի Բերուին Իրաքէն»  Կ՛ըսէ Ապատի

«Թրքական Զօրքերը Դուրս Պիտի Բերուին Իրաքէն» Կ՛ըսէ Ապատի

Իրաքի վարչապետ Հայտար Ապատի յայտարարեց, որ Իրաք համաձայնութիւն գոյացուցած է Թուրքիոյ հետ` թրքական զօրքերը Մուսուլի մօտ գտնուող քաղաքէն դուրս բերելու վերաբերեալ: «Ռոյթըրզ» լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ Ապատի այս մասին յայտնած է Թուրքիոյ վարչապետ Պինալի Եըլտըրըմի հետ Պաղտատի մէջ տեղի ունեցած հանդիպումէն ետք: Լրատու գործակալութիւնը կը նշէ, որ համաձայնութեան բովանդակութեան վերաբերեալ մանրամասնութիւններ չեն հաղորդուիր: Եըլտըրըմ նաեւ այցելեց Հիւսիսային Իրաքի Քրտական...

Պաղեստինցի Մը Երուսաղէմի Մէջ Վրայերթի  Ենթարկեց Իսրայէլացի Զինուորներ

Պաղեստինցի Մը Երուսաղէմի Մէջ Վրայերթի Ենթարկեց Իսրայէլացի Զինուորներ

Իսրայէլացի 4 զինուորներ սպաննուեցան եւ 10 ուրիշներ վիրաւորուեցան` պաղեստինցիի մը կողմէ գործադրուած վրայերթի գործողութեան մը պատճառով: Իսրայէլեան լրատուամիջոցներ հաղորդեցին, որ վրայերթի գործողութիւնը տեղի ունեցած է Երուսաղէմի հարաւը գտնուող Ժապալ Մուքապպեր թաղամասին մօտ գտնուող Արմոն Հանցեֆ բնակեցման վայրին մէջ: Բեռնատարին վարորդը թիրախ դարձուցած է իսրայէլացի զինուորներու փոխադրութեան կեդրոնը: Իսրայէլեան լրատուամիջոցներ հաղորդեցին, որ պաղեստինցիին վրայ կրակ բացուած է եւ ան սպաննուած է:...

Ըստ Դամասկոս Այցելած  Ֆրանսացի Երեսփոխաններուն.  Ասատ Լաւատես Է Ասթանայի  Բանակցութիւններուն Նկատմամբ

Ըստ Դամասկոս Այցելած Ֆրանսացի Երեսփոխաններուն. Ասատ Լաւատես Է Ասթանայի Բանակցութիւններուն Նկատմամբ

Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատ Դամասկոսի մէջ ֆրանսական երեսփոխանական պատուիրակութեան մը հետ իր հանդիպումին ընթացքին յայտնեց, որ պատուիրակութեան Հալէպ այցելութիւնը պիտի նպաստէ անոնց մօտ ահաբեկիչներու ոճիրներուն նկատմամբ իրատեսական կարծիքներու գոյացման` շեշտելով. «Փարիզի ներկայ քաղաքականութիւնը կապ չունի Սուրիոյ մէջ պատերազմի իրականութեան հետ եւ ահաբեկիչներուն աջակցելու ճամբով կը նպաստէ կացութեան վատթարացման»: ԱՖՓ լրատու գործակալութիւնը հաղորդեց, որ ֆրանսական երեսփոխանական պատուիրակութեան նախագահ Թիերի Մարիանի իր...

Ալի Աքպար Հաշեմի Ռաֆսանճանի Ոչ Եւս Է

Ալի Աքպար Հաշեմի Ռաֆսանճանի Ոչ Եւս Է

Երէկ, սիրտի կաթուածի իբրեւ հետեւանք, 83 տարեկանին մահացաւ Իրանի նախկին նախագահ եւ իրանեան վարչակարգին մէջ մինչեւ իր մահը որոշիչ դերակատարութիւն ստանձնած Ալի Աքպար Ռաֆսանճանի: Ծնած է 1934-ին: Եղած է Իրանի շահի կարծր ընդդիմադիրներէն եւ Իրանի իսլամական յեղափոխութեան առաջնորդ այաթոլլա Խումէյնիի աշակերտներէն ու մօտիկ հետեւորդներէն մէկը: Իր ընդդիմադիր գործունէութիւնը պատճառ դարձաւ, որ ան 7 անգամ ձերբակալուի եւ իր կեանքէն 4 տարի...

«Կը Յուսանք, Որ Թուրքիան Կը Վերադառնայ  Այն Օրերուն, Երբ Մտադիր Էր  Դրացիներու Հետ Զերօ Խնդիրներ Ունենալ»  Ըսաւ Վիլայեթի

«Կը Յուսանք, Որ Թուրքիան Կը Վերադառնայ Այն Օրերուն, Երբ Մտադիր Էր Դրացիներու Հետ Զերօ Խնդիրներ Ունենալ» Ըսաւ Վիլայեթի

Իրանի գերագոյն հոգեւոր պետի միջազգային հարցերու խորհրդատու Ալի Աքպար Վիլայեթի ողջունեց Թուրքիոյ եւ Իրաքի միջեւ լարուածութեան նուազումն ու բարեկամութեան վերականգնումը: Ան ըսաւ, որ Իրան Իրաքի հետ լարուածութիւնը նուազեցնելը, անոր ներքին հարցերուն չմիջամտելը, գերիշխանութիւնն ու հողերու միասնականութիւնը յարգելը դրական քայլ կը նկատէ եւ կը յուսայ, որ Թուրքիան նոյն բանը կատարէ նաեւ Սուրիոյ հետ եւ վերադառնայ այն օրերուն, երբ մտադիր էր զերօ...

Եւրոպայի Մէջ Աննախադէպ Ցուրտ

Եւրոպայի Մէջ Աննախադէպ Ցուրտ

«Ազատութիւն» ձայնասփիւռի կայանը կը հաղորդէ, որ յունուարի առաջին իսկ օրերէն Եւրոպայի մէջ աննախադէպ ցուրտ եղանակ մը տիրած է: Վերջին երկու օրերուն ընթացքին ցրտահարութենէ մահացած են աւելի քան 20 անձեր, ներառեալ ներգաղթեալներ եւ անօթեւաններ: 7 մարդ մահացած է Իտալիոյ մէջ, 10 մարդ` Լեհաստանի մէջ: Որոշ շրջաններու մէջ ջերմաստիճանը նուազած է զերոյէն վար 20-ի: Տարեսկիզբէն սկսեալ Պոլսոյ մէջ մինչեւ 40 սանթիմեթր ձիւն...

Օպամա 10 Յունուարին  Պիտի Արտասանէ Հրաժեշտի Խօսք Մը

Օպամա 10 Յունուարին Պիտի Արտասանէ Հրաժեշտի Խօսք Մը

«Ռոյթըրզ» լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ Միացեալ Նահանգներու գործող նախագահ Պարաք Օպամա ելեկտրոնային հաղորդագրութեամբ մը յայտնած է, որ 10 յունուարին պիտի արտասանէ հրաժեշտի խօսք մը` ամփոփելով իր նախագահութեան տարիներն ու շնորհակալութիւն յայտնելով իր աջակիցներուն: Յիշեցնելով, որ Միացեալ Նահանգներու առաջին նախագահ Ճորճ Ուաշինկթըն իր հրաժեշտի խօսքը ըսած էր 1796-ին` Օպամա նշած է, որ հրաժեշտի խօսքը պիտի արտասանէ իր հայրենի Շիքակոյի մէջ:...

Չեխիա Մտադիր Է Քաղաքացիներուն  Ահաբեկչութեան Դէմ Պաշտպանուելու  Համար Զէնք Կրել Արտօնել

Չեխիա Մտադիր Է Քաղաքացիներուն Ահաբեկչութեան Դէմ Պաշտպանուելու Համար Զէնք Կրել Արտօնել

Չեխիոյ ներքին գործոց նախարար Միլան Չովանեչ յայտարարեց, որ իր երկիրը մտադիր է կատարել օրէնսդրական բարեփոխումներ, որոնք քաղաքացիներուն կ՛արտօնեն ահաբեկչական յարձակումներէ պաշտպանուելու համար անձնական զէնքեր կրելու: «Օրինագիծին պատրաստութեան դրդապատճառները Գերմանիոյ մայրաքաղաք Պերլինի եւ ֆրանսական Նիս քաղաքին մէջ վերջերս տեղի ունեցած ահաբեկչական յարձակումներն են», նշեց ան: Չեխիոյ ներքին գործոց նախարարը օրինագիծը նկարագրեց իբրեւ «արագ ինքնապաշտպանութիւն»: Ան ըսաւ, որ այսպիսով, քաղաքացիները ահաբեկչական յարձակումներու...

Սուրիոյ Քիւրտերը Կառավարութեան Հետ  Բանակցելու Համար Նախապայմաններ Ճշդած Են

Սուրիոյ Քիւրտերը Կառավարութեան Հետ Բանակցելու Համար Նախապայմաններ Ճշդած Են

Հիւսիսային Սուրիոյ ժողովրդավարական դաշնակցութեան հիմնադիր խորհուրդի համանախագահ Հատիյէ Եուսեֆ «Շարք Աուսաթ» օրաթերթին յայտնեց, որ Սուրիոյ կառավարութեան հետ բանակցութիւններուն առ ի պատրաստութիւն Ռուսիոյ հետ բանակցութիւններու դուռը բացուած է: Ան նշեց, որ որոշ ժամանակ առաջ Հմէյմեմի մէջ քրտական շրջանի ներկայացուցիչներու եւ ռուս պաշտօնատարներուն միջեւ հանդիպում մը տեղի ունեցած է պատրաստելու համար Սուրիոյ կառավարութեան հետ ռուսական հովանաւորութեամբ ուղղակի բանակցութիւնները: «Այդ խորհրդակցութիւնները տեղի ունեցան...

Լիպրման Հրեաներուն  Կոչ Կ՛ուղղէ Լքելու Ֆրանսան

Լիպրման Հրեաներուն Կոչ Կ՛ուղղէ Լքելու Ֆրանսան

Իսրայէլի պաշտպանութեան նախարար Աւիկտոր Լիպըրման քննադատած է ֆրանսական իշխանութիւնները` պաղեստինեւիսրայէլեան տագնապի լուծման հարցով միջազգային խորհրդաժողով կազմակերպելու նախաձեռնութեան համար` Ֆրանսա բնակող հրեաներուն կոչ ուղղելով լքելու այդ երկիրը եւ վերադառնալու Իսրայէլ: Իսրայէլեան «Հաարեց» օրաթերթը կը հաղորդէ, որ Իսրայէլ ունի այն մտավախութիւնը, որ 15 յունուարին Փարիզի մէջ տեղի ունենալիք խաղաղութեան խորհրդաժողովը կրնայ յանգեցնել ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդին կողմէ պաղեստինեւիսրայէլեան տագնապի նիւթով նոր քուէարկութեան կատարման:...

Page 730 of 882 1 … 729 730 731 … 882

Արխիւներ