Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Կա՛մ Իրաքը Եւ Փեշմերկաները ՔԱԿ-ը Պիտի Հեռացնեն Սինճարէն, Կա՛մ Ալ Թուրքիան Պիտի Դիմէ Անհրաժեշտ Քայլերու» Կ՛ըսէ Եըլտըրըմ

Յունուար 10, 2017
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

yildirim_01317

«Անատոլու» լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ Թուրքիոյ վարչապետ Պինալի Եըլտըրըմ Իրաք իր կատարած այցելութենէն ետք Անգարայի մէջ իր առաջին մամլոյ ասուլիսին ընթացքին` անդրադառնալով հիւսիսային Իրաքի մէջ Քրտական աշխատաւորական կուսակցութեան (ՔԱԿ) զինեալներու ներկայութեան, նշած է, որ ՔԱԿ-ը ամէն գնով պէտք է հեռացուի Սինճարէն:

«ՔԱԿ-ի Սինճար նահանգին մէջ ներկայութիւնը Թուրքիոյ համար ազգային անվտանգութեան հարց է: Այս հարցը մանրամասնօրէն քննարկած ենք: Կա՛մ Իրաքը եւ փեշմերկաները պիտի հեռացնեն ՔԱԿ-ը Սինճարէն, կա՛մ ալ Թուրքիան պիտի դիմէ անհրաժեշտ քայլերու», յայտարարած է Եըլտըրըմ` աւելցնելով. «Իրաքի անվտանգութիւնը նաեւ Թուրքիոյ ազգային անվտանգութիւնն է»:

Յիշեցնենք, որ Իրաքի վարչապետ Հայտար Ապատի Թուրքիոյ վարչապետին հետ 7 յունուարին Պաղտատի մէջ իր ունեցած հանդիպումէն ետք յայտարարած էր, որ Իրաք համաձայնութիւն գոյացուցած է Թուրքիոյ հետ` թրքական զօրքերը Մուսուլի մօտ գտնուող Պաաշիքա քաղաքէն հեռացնելու վերաբերեալ:

«Տեմոքրաթհապեր» կայքը կը գրէ, որ Եըլտըրըմ նաեւ յայտարարած է, որ Իրաքի մէջ տեղի ունեցած հանդիպումը կողմերուն համար յարաբերութիւններու զարգացման նոր փուլի սկիզբ էր, եւ Իրաքն ու Թուրքիան այսուհետեւ աւելի սերտ համագործակցութիւն կը նախատեսեն տնտեսական, քաղաքական եւ անվտանգութեան հարցերուն մէջ:

«Մենք նշեցինք, որ իրաքեան Պաաշիքա շրջանի ճամբարին մէջ մեր ուժերու ներկայութեան նպատակը Մուսուլը ՏԱՀԵՇ ահաբեկչական խմբաւորումի զինեալներէն ձերբազատելն է: Մեր զինուորները պիտի շարունակեն իրենց պարտքը կատարել այդտեղ: Երբ պայմանները ներեն` պիտի նստինք, պիտի խօսինք, եւ հարցը պիտի գտնէ իր լուծումը», յայտարարած է Եըլտըրըմ:

Նախորդը

Ժընեւի Մէջ Ընթացք Առաւ Միջկիպրական Բանակցութիւններու Նոր Փուլը

Յաջորդը

Թուրքիոյ Խորհրդարանը Սկսաւ Քննարկել Էրտողանի Լիազօրութիւնները Ընդլայնող Սահմանադրական Բարեփոխումները

RelatedPosts

Վանս. «Սպիտակ Տունը Յուսախաբ Կը Զգայ Ուքրանիոյ  Տագնապի Լուծման Գործարքի Չհասնելու Պատճառով»
Գլխաւոր լուրեր

Վանս. «Սպիտակ Տունը Յուսախաբ Կը Զգայ Ուքրանիոյ Տագնապի Լուծման Գործարքի Չհասնելու Պատճառով»

Դեկտեմբեր 6, 2025
Սպիտակ Տունը Թրամփի Նոր  Ռազմավարութիւնը Հրապարակեց
Գլխաւոր լուրեր

Սպիտակ Տունը Թրամփի Նոր Ռազմավարութիւնը Հրապարակեց

Դեկտեմբեր 6, 2025
Ըստ «Աքսիոս»-ի.  Թրամփ Կը Նախատեսէ Կաթողիկէ Սուրբ Ծնունդէն  Առաջ Յայտարարել Կազայի «Խաղաղութեան  Խորհուրդ»-ի Կազմութիւնը
Գլխաւոր լուրեր

Ըստ «Աքսիոս»-ի. Թրամփ Կը Նախատեսէ Կաթողիկէ Սուրբ Ծնունդէն Առաջ Յայտարարել Կազայի «Խաղաղութեան Խորհուրդ»-ի Կազմութիւնը

Դեկտեմբեր 6, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?