«Կլոպըլվիժըն» կայքը կը հաղորդէ, որ Վենեզուելայի նախագահ Նիքոլաս Մատուրօ գնաճի լոյսին տակ յայտարարած է նուազագոյն աշխատավարձի մակարդակի 50 առ հարիւրով բարձրացման մասին:
«Ես կ՛ուզեմ ըսել, որ յունուարէն թոշակները եւ նուազագոյն աշխատավարձերը պիտի ըլլան 40.639 պոլիվարի չափով, իսկ հաշուի առնելով հիմնական մթերային սակառի գնման համար 63.720 պոլիվարի ցուցանիշը` նուազագոյն եկամուտը պիտի հասնի 104.358 պոլիվարի», ըսած է ան:
«Սեւ շուկայ»-ի փոխարժէքով, որ կը կազմէ 1 տոլարի դիմաց 3300 պոլիվար, Վենեզուելայի մէջ նուազագոյն աշխատավարձը պիտի հասնի շուրջ 31 տոլարի:
Կը նշուի, որ Վենեզուելայի մէջ նախորդ տարուան ընթացքին ասիկա արդէն նուազագոյն աշխատավարձի հինգերորդ բարձրացումն է: