Ռուսական «Քոմերսանթ» օրաթերթը` վկայակոչելով իրավիճակին ծանօթ աղբիւրներ, կը հաղորդէ, որ Ռուսիոյ ուժանիւթի նախարարութիւնը մտադիր է 2017-ի առաջին եռամսեակին 12 առ հարիւրով կրճատել դէպի Պիելոռուսիա քարիւղի արտածումը:
Լրատուամիջոցին տուեալներով` 28 դեկտեմբերին պիելոռուսական կողմին փոխանցուած ժամանակացոյցին համաձայն, մատակարարումներու ծաւալը պիտի կազմէ 4 միլիոն թոն` նախատեսուած 4,5 թոնին փոխարէն:
Արտածումը կրճատելու մասին որոշումը տրուած է այն պատճառով, որ կողմերը մինչեւ 2016-ի աւարտը չեն յաջողած լուծել Մինսքի ունեցած կազի համար պարտքի վճարումներուն հետ կապուած վէճը:
Անցեալ շաբաթ Պիելոռուսիոյ հակամենաշնորհային կարգաւորման եւ առեւտուրի նախարարութիւնը որոշած էր խողովակաշարերով քարիւղի փոխադրման ծառայութիւններու գինը բարձրացնել 7,7 առ հարիւրով: Նոր սակագիները պիտի գործեն 1 փետրուարէն սկսեալ:
Դեկտեմբերին Ռուսիոյ փոխվարչապետ Արկադի Տվորքովիչ յայտնած էր, որ Մոսկուան Մինսքէն վճարում կ՛ակնկալէ կազի դիմաց ձեւաւորուած պարտքին դիմաց, որ կը կազմէ 281 միլիոն տոլար: Պարտքը ձեւաւորուած է այն պատճառով, որ Պիելոռուսիան ամբողջովին չէ վճարած մատակարարուող վառելանիւթին համար` պայմանագրային գինը անարդար նկատելով: