Միջազգային

Կիպրոսի Հարցով Բանակցութիւնները Պիտի Շարունակուին 18 Յունուարին

Կիպրոսի Հարցով Բանակցութիւնները Պիտի Շարունակուին 18 Յունուարին

«Թուրք Զինուորները Պիտի Շարունակեն Մնալ Հիւսիսային Կիպրոսի Մէջ»  Կ՛ըսէ Չաւուշօղլու «Անատոլու» լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Մեւլութ Չաւուշօղլու յայտարարած է, որ Կիպրոսի հիմնախնդիրին շուրջ յունական եւ թրքական կողմերուն միջեւ բանակցութիւնները պիտի շարունակուին 18 յունուարին` թեքնիք մակարդակով: «Բանակցութիւնները պիտի շարունակուին 18 յունուարին եւ նոյն կազմով, պիտի ըլլան ՄԱԿ-ի, կիպրական երկու կողմերու եւ բանակցութիւններու երաշխաւոր երկիրներու ներկայացուցիչները», ըսած...

Թուրքիոյ Խորհրդարանը Որդեգրած Է Սահմանադրական Փոփոխութեան Նախագիծի` Նախագահի Լիազօրութիւնները Ընդլայնող Կէտը

Թուրքիոյ Խորհրդարանը Որդեգրած Է Սահմանադրական Փոփոխութեան Նախագիծի` Նախագահի Լիազօրութիւնները Ընդլայնող Կէտը

Թուրքիոյ խորհրդարանը ձայներու մեծամասնութեամբ որդեգրած է իշխող արդարութիւն եւ բարգաւաճում կուսակցութեան ներկայացուցած սահմանադրական փոփոխութիւններուն վերաբերեալ 18 կէտերէ բաղկացած նախագիծի 8-րդ կէտը, որ կ՛ընդլայնէ շարք մը մարզերու մէջ նախագահին լիազօրութիւնները: Թրքական «Տիքեն» կայքը կը գրէ, որ 340 թեր եւ 135 դէմ ձայներով խորհրդարանը հաստատած է նոր կէտը, ըստ որուն, երկրին նախագահը այսուհետեւ իրաւունք պիտի ունենայ լուծարելու եւ կազմելու նախարարաց խորհուրդը, ինչպէս...

ՕԹԱՆ Կը Դատապարտէ Միացեալ Նահանգներուն Դէմ Համացանցի Ճամբով Յարձակումները

ՕԹԱՆ Կը Դատապարտէ Միացեալ Նահանգներուն Դէմ Համացանցի Ճամբով Յարձակումները

ՕԹԱՆ-ի ընդհանուր քարտուղար Ենս Սթոլթենպերկ անդրադարձաւ շրջանառութեան մէջ դրուած այն տեղեկութեան, թէ Ռուսիան միջամտած է Միացեալ Նահանգներու մէջ նախագահական ընտրութեան: «Արտասահմանէն ազգային ընտրութիւններու արդիւնքին վրայ ազդելու փորձեր կատարելը անընդունելի է», ըսաւ ան: «Անշուշտ մտահոգ ենք ելեկտրոնային անվտանգութեան նկատմամբ», յայտարարեց Սթոլթենպերկ` նշելով համացանցային այն յարձակումները, որոնց ենթարկուած են «ՕԹԱՆ-ի անդամ բազմաթիւ դաշնակիցներ»:

Ռուսիան Եւ Թուրքիան Յուշագիր Ստորագրած Են Սուրիոյ Վերեւ Թռիչքներու Անվտանգութեան Մասին

Ռուսիան Եւ Թուրքիան Յուշագիր Ստորագրած Են Սուրիոյ Վերեւ Թռիչքներու Անվտանգութեան Մասին

ԹԱՍՍ լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ Ռուսիոյ պաշտպանութեան նախարարութենէն յայտնած են, որ Ռուսիոյ պաշտպանութեան նախարարութիւնը եւ Թուրքիոյ զինեալ ուժերու ընդհանուր հրամանատարութիւնը յուշագիր ստորագրած են Սուրիոյ մէջ իրականացուող գործողութիւններու ընթացքին օդուժի թռիչքներու անվտանգութեան ապահովման համար: «12 յունուարին Ռուսիոյ պաշտպանութեան նախարարութեան մէջ տեղի ունեցած են Ռուսիոյ զինեալ ուժերու եւ Թուրքիոյ զինեալ ուժերու պատուիրակութիւններուն միջեւ խորհրդակցութիւններ, որոնք նուիրուած եղած են Սուրիոյ մէջ ՏԱՀԵՇ-ի...

Նեթանիահու Խօսած Է Սուրիոյ Հարցով Փութինի Հետ Ձեռք Բերուած Համաձայնութեան Մասին

Նեթանիահու Խօսած Է Սուրիոյ Հարցով Փութինի Հետ Ձեռք Բերուած Համաձայնութեան Մասին

Իսրայէլի վարչապետ Պենիամին Նեթանիահու ամերիկեան «Սի.Պի.Էս.» պատկերասփիւռի կայանին հետ հարցազրոյցի մը ընթացքին յայտնած է, որ Սուրիոյ հարցով բանակցած է Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութինի հետ եւ համաձայնութիւն գոյացուցած: Ըստ Նեթանիահուի, Իսրայէլ զինուորական իր քայլերը կը համակարգէ Ռուսիոյ հետ, որպէսզի կարելի ըլլայ խուսափիլ անցանկալի միջադէպերէ: «Մենք ատիկա կ՛ընենք, որովհետեւ ոչ ոք կ՛ուզէ չնախատեսուած բախում Իսրայէլի եւ Ռուսիոյ միջեւ», ըսած է Նեթանիահու: Ան...

Միջազգային Կարճ Լուրեր

Միջազգային Կարճ Լուրեր

- «ՍԻ.ԷՆ.ԷՆ.» կը հաղորդէ, որ Նիւ Եորքի նախկին քաղաքապետ Ռուտոլֆ Ճուլիանի Միացեալ Նահանգներու նորընտիր նախագահ Տոնալտ Թրամփի վարչակազմին մէջ պիտի զբաղի համացանցային անվտանգութեան հարցերով: - «ՌԻԱ Նովոսթի» կը հաղորդէ, որ Եւրոպական յանձնաժողովի քաղաքացիական ազատութեան հարցերով յանձնախումբը 42 թեր եւ 2 դէմ քուէներով հաւանութեան արժանացուցած է Եւրոպական խորհուրդին եւ Վեհաժողովին միջեւ Վրաստանի քաղաքացիներու համար մուտքի արտօնագիրի ջնջման մասին համաձայնութիւնը:   -...

Ըստ Հարցախոյզի Մը.  Թուրքիոյ Բնակչութեան 79 Առ Հարիւրը Համոզուած Է Յեղաշրջումի Փորձին Միացեալ Նահանգներու Մեղսակցութեան

Ըստ Հարցախոյզի Մը. Թուրքիոյ Բնակչութեան 79 Առ Հարիւրը Համոզուած Է Յեղաշրջումի Փորձին Միացեալ Նահանգներու Մեղսակցութեան

Թրքական «ՀապերԹիւրք» կայքը «Անտի-Ար» հասարակական ուսումնասիրութիւններու կեդրոնին հետ միասնաբար իրականացուցած հետազօտութեան ընթացքին փորձած է երեւան բերել Թուրքիոյ մէջ 15 յուլիսին տեղի ունեցած զինուորական յեղաշրջումի փորձին` այդպէս ալ վերջնականապէս չբացայայտուած «կազմակերպիչներու» մասին թուրք հասարակութեան կարծիքը: «Ըստ ձեզի, արդեօք Միացեալ Նահանգները դեր ունի՞ն յեղաշրջումի փորձի կազմակերպումին մէջ» հարցումին «Այո» պատասխանած է հարցախոյզին մասնակցած քաղաքացիներուն ճնշող մեծամասնութիւնը` 79 առ հարիւրը, «Ոչ» պատասխանած է...

Վերջին Ժամ .  Իսրայէլեան Օդուժը Կը Ռմբակոծէ Դամասկոսի Մօտ Մազզէի Օդակայանը

Վերջին Ժամ . Իսրայէլեան Օդուժը Կը Ռմբակոծէ Դամասկոսի Մօտ Մազզէի Օդակայանը

«Ալամ» արբանեակային պատկերասփիւռի կայանը հաղորդեց, որ երէկ կէս գիշերէն ետք իսրայէլեան օդուժը ռմբակոծած է Դամասկոսի մօտ գտնուող Մազզէի օդակայանը: Կան զոհեր եւ վիրաւորներ: Նախնական տեղեկութիւններու համաձայն, ռմբակոծումէն առաջ շրջանը ցնցած էին ուժգին պայթումներ: Միւս կողմէ, սուրիական պատկերասփիւռի կայանը հաղորդեց, որ Սուրիոյ մայրաքաղաք Դամասկոսի կեդրոնը գտնուող Քաֆարսուսա շրջանին մէջ երէկ տեղի ունեցած է ահաբեկչական պայթում, որ պատճառած է 7 զոհ եւ...

Զախարովա. «Սուրիոյ Վերաբերեալ Ասթանայի Բանակցութիւնները Տեղի Պիտի Ունենան 23 Յունուարին»

Զախարովա. «Սուրիոյ Վերաբերեալ Ասթանայի Բանակցութիւնները Տեղի Պիտի Ունենան 23 Յունուարին»

Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութին Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանի եւ Ղազախստանի նախագահ Նուրսուլթան Նազարպայեւի հետ հեռաձայնային անջատ հաղորդակցութիւններու ընթացքին քննարկեց Ասթանայի մէջ նախատեսուած միջսուրիական բանակցութիւններու հարցը, ինչպէս նաեւ Սուրիոյ մէջ զինադադարը հաստատելու հարցը: Մինչ Ռուսիոյ նախագահի բանբեր Տմիթրի Փեսքով յայտարարեց, որ Ասթանայի բանակցութիւններու թուականը չէ ճշդուած, Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Մարիա Զախարովա յայտարարեց, որ այդ բանակցութիւնները տեղի պիտի ունենան...

Քալըն. «Բուռն Կերպով Կը Քննադատենք Ուաշինկթընի` Սուրիոյ Մէջ Քիւրտերուն Ցուցաբերած Աջակցութիւնը»

Քալըն. «Բուռն Կերպով Կը Քննադատենք Ուաշինկթընի` Սուրիոյ Մէջ Քիւրտերուն Ցուցաբերած Աջակցութիւնը»

Թուրքիոյ նախագահի բանբեր Իպրահիմ Քալըն բուռն կերպով քննադատեց ամերիկեան բանակը` քրտական ղեկավարութեամբ Ժողովրդավարական Սուրիոյ ուժերու հաղորդագրութիւնը վերահրապարակելուն համար եւ նշելուն համար, որ այդ դաշինքը որեւէ կապ չունի թրքական կառավարութեան դէմ պայքարող քիւրտ զինեալներուն հետ: «Կատա՞կ է այս, թէ՞ ամերիկեան կեդրոնական ղեկավարութիւնը խելքը թռցուցած է: Կը կարծէ՞ք, թէ կայ մէկը, որ ատով պիտի համոզուի», հարց տուաւ Քալըն: «Միացեալ Նահանգներ ահաբեկչական խմբաւորում...

«Եթէ Սահմանադրական Փոփոխութիւնները Խորհրդարանին Մէջ Չհաստատուին, Անհրաժեշտ Պիտի Ըլլայ Նոր Խորհրդարան Ձեւաւորել»   Կ՛ըսէ Պահչելի

«Եթէ Սահմանադրական Փոփոխութիւնները Խորհրդարանին Մէջ Չհաստատուին, Անհրաժեշտ Պիտի Ըլլայ Նոր Խորհրդարան Ձեւաւորել» Կ՛ըսէ Պահչելի

«Հապերթիւրք» կայքը կը հաղորդէ, որ Թուրքիոյ ընդդիմադիր Ազգայնական շարժում կուսակցութեան ղեկավար Տեւլեթ Պահչելի,  անդրադառնալով խորհրդարանին մէջ սահմանադրական փոփոխութիւններու առաջարկի քննարկումին, նշած է, որ եթէ խորհրդարանին մէջ այս հարցին շուրջ լարուածութիւնը շարունակուի, ապա այդ իրավիճակը հանրաքուէի ժամանակ կրնայ ազդել ամբողջ Թուրքիոյ վրայ: Խօսելով խորհրդարանին մէջ քննարկման ժամանակ տեղի ունեցած ծեծկռտուքին մասին` ան նշած է, որ լարուածութիւնը պէտք է նուազեցնել եւ վիրաւորական...

«Եթէ Թուրք Զինուորները Չհեռանան Պաաշիքայէն, Յարաբերութիւններու Կարգաւորման Ոչ Մէկ Քայլ Պիտի Առնուի»,   Կ՛ըսէ Իրաքի Վարչապետը

«Եթէ Թուրք Զինուորները Չհեռանան Պաաշիքայէն, Յարաբերութիւններու Կարգաւորման Ոչ Մէկ Քայլ Պիտի Առնուի», Կ՛ըսէ Իրաքի Վարչապետը

Թրքական «ՀապերԹիւրք»-ը կը հաղորդէ, որ Իրաքի վարչապետ Հայտար Ապատի յայտարարած է, որ եթէ Թուրքիան իր ուժերը չհեռացնէ Մուսուլի մօտ գտնուող Պաաշիքա շրջանի զինուորական ճամբարէն, երկու երկիրներուն միջեւ յարաբերութիւններու կարգաւորման մասին խօսիլը պիտի դառնայ անիմաստ: «Եթէ թուրք զինուորները չհեռանան Պաաշիքայէն, յարաբերութիւններու կարգաւորման ոչ մէկ քայլ պիտի առնուի», յայտարարած է Ապատի: Յիշեցնենք, որ Իրաքի վարչապետ 7 յունուարին Իրաքի մայրաքաղաք Պաղտատի մէջ հանդիպում...

«Միացեալ Նահանգներ Կ՛ուզեն 1,5 Միլիոն  Հայերու Կոտորածի Եւ 1915-ի Դէպքերու  Լիակատար Պատմական Արձանագրումը»  Կ՛ըսէ Թոնըր

Ուաշինկթըն Կոչ Կ՛ուղղէ Քիւրտերը Մասնակից Դարձնելու Սուրիոյ Տագնապի Լուծման Բանակցութիւններուն

Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Մարք Թոնըր յայտնեց. «Սուրիոյ քրտական Ժողովրդավարական միութիւն կուսակցութիւնը պէտք է Սուրիոյ մէջ երկարատեւ լուծման բանակցութիւններու սեղանին վրայ իր տեղը ունենայ, եւ Սուրիոյ քիւրտերը պէտք է ներառուին այդ հոլովոյթին մէջ»: Ան նշեց, որ իր երկրին կարծիքով` Սուրիոյ մէջ պատերազմին վերջ տալու միակ ուղին Սուրիոյ մէջ խաղաղութիւն գոյացնելու համար ՄԱԿ-ի հովանաւորութեամբ ջանքերն են: «Ամերիկեան իշխանութիւնները քրտական...

Թրամփ Ռուսիոյ Ձեռք Բերած Վարկաբեկիչ Տեղեկութիւններուն Մասին Նիւթերը Կը Նկատէ «Վհուկներու Որս»

Թրամփ Ռուսիոյ Ձեռք Բերած Վարկաբեկիչ Տեղեկութիւններուն Մասին Նիւթերը Կը Նկատէ «Վհուկներու Որս»

«Պի.Պի.Սի.» կը հաղորդէ, որ Միացեալ Նահանգներու նորընտիր նախագահ Տանըլտ Թրամփ «վհուկներու քաղաքական որս» նկատած է ամերիկեան լրատուամիջոցներու այն հաղորդումները, թէ Ռուսիոյ գաղտնի սպասարկութիւնները ձեռք բերած են նիւթեր, որոնք կը վարկաբեկեն զինք: Ամերիկեան քանի մը հրատարակութիւններ` վկայակոչելով անանուն պաշտօնատարներ,  հաղորդած էին, որ անցեալ շաբաթ ամերիկեան գաղտնի սպասարկութիւնները Թրամփին յանձնած են անոր մասին չհաստատուած եւ վարկաբեկող նիւթեր, որոնք իբրեւ թէ Ռուսիան ձեռք...

Օպամա Ռուսիան Եւ Չինաստանը Կը Նկատէ Միացեալ Նահանգներու Մրցակիցներ

Օպամա Ռուսիան Եւ Չինաստանը Կը Նկատէ Միացեալ Նահանգներու Մրցակիցներ

Միացեալ Նահանգներու գործող նախագահ Պարաք Օպամա իր հրաժեշտի խօսքին մէջ Ռուսիան եւ Չինաստանը նկատեց իր երկրին գլխաւոր մրցակիցները` աւելցնելով, որ միջազգային ասպարէզին մէջ Ռուսիոյ եւ Չինաստանի ազդեցութիւնը չի կրնար համեմատուիլ Միացեալ Նահանգներու ազդեցութեան հետ: «Այնպիսի մրցակիցներ, ինչպիսիք են Ռուսիան եւ Չինաստանը, չեն կրնար համեմատուիլ աշխարհի վրայ մեր ունեցած ազդեցութեան հետ, եթէ մենք չհրաժարինք այն ամէն ինչէն, զոր ունինք, եւ չվերածուինք...

ՄԱԿ Մտահոգ Է Հիւսիսային Սուրիոյ Մէջ Թուրքիոյ Զինուորական Գործողութեան Հետեւանքներով

ՄԱԿ Մտահոգ Է Հիւսիսային Սուրիոյ Մէջ Թուրքիոյ Զինուորական Գործողութեան Հետեւանքներով

ԹԱՍՍ լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղարի ներկայացուցիչ Սթեֆան Տիւժարիք յայտարարած է, որ ՄԱԿ-ը մտահոգ է Սուրիոյ հիւսիսը գտնուող Պապ քաղաքի շրջանին մէջ ՏԱՀԵՇ-ի դէմ թրքական զինուորական գործողութեան մարդասիրական հետեւանքներէն: «ՄԱԿ-ը մտահոգ է խաղաղ բնակիչներու վիճակէն, որոնց վրայ ազդած են Պապի շրջանին մէջ ՏԱՀԵՇ-ի դէմ կատարուող գործողութիւնները», ըսած է Տիւժարիք: Ըստ անոր, քաղաքը եւ անոր շրջակայքը լքած է...

Թուրքիա Կ՛աջակցի Վրաստանի` ՕԹԱՆ-ի Անդամակցութեան.  «Պաքու-Թիֆլիս-Կարս Երկաթուղիին Բացումը Տեղի Պիտի Ունենայ 2017-Ին»  Կ՛ըսէ Չաւուշօղլու

Թուրքիա Կ՛աջակցի Վրաստանի` ՕԹԱՆ-ի Անդամակցութեան. «Պաքու-Թիֆլիս-Կարս Երկաթուղիին Բացումը Տեղի Պիտի Ունենայ 2017-Ին» Կ՛ըսէ Չաւուշօղլու

Թրքական «Միլլիյէթ» օրաթերթը կը հաղորդէ, որ Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Մեւլութ Չաւուշօղլու Անգարայի մէջ հանդիպում մը ունեցած է Վրաստանի արտաքին գործոց նախարար Միխայիլ Ճանելիծէի հետ: Չաւուշօղլու յայտնած է, որ 2007-ին Ազրպէյճան-Վրաստան-Թուրքիա միջպետական համաձայնագիրի հիմամբ կառուցուիլ սկսած Պաքու-Թիֆլիս-Կարս երկաթուղին պիտի գործարկուի 2017-ին: Չաւուշօղլու նշած է, որ երկաթուղիով բեռներու փոխադրման տարեկան առաւելագոյն ծաւալը կրնայ հասնիլ 17 միլիոն թոնի, սակայն նախնական ժամանակահատուածին մէջ...

Եըլտըրըմ. «Եւրոպայի Անվտանգութիւնը Կը Սկսի Թուրքիայէն, Այսօր Մեր Մօտ, Վաղը` Ձեր»

Եըլտըրըմ. «Եւրոպայի Անվտանգութիւնը Կը Սկսի Թուրքիայէն, Այսօր Մեր Մօտ, Վաղը` Ձեր»

«ՀապերԹիւրք» կայքը կը հաղորդէ, որ Թուրքիոյ վարչապետ Պինալի Եըլտըրըմ եւրոպական երկիրները մեղադրած է սուրիական տագնապին եւ սուրիացի գաղթականներու հարցին մէջ բաւականաչափ սրտցաւ վերաբերմունք չդրսեւորելու յանցանքով եւ նշած, որ Եւրոպայի անվտանգութիւնը կը սկսի Թուրքիայէն: «Եւրոպայի անվտանգութիւնը Թուրքիայէն կը սկսի: Եթէ Թուրքիան անվտանգ չըլլայ, Եւրոպան ոչ մէկ պարագայի անվտանգ պիտի ըլլայ: Մեր մօտ բան մը տեղի կ՛ունենայ, յաջորդ օրը Եւրոպայի մէջ, Միացեալ...

Էրտողան. «2017-ը Արտաքին Քաղաքականութեան Եւ Սուրիոյ Մէջ Խաղաղութեան Հաստատման Համար Պատմական Քայլերու Տարին Է»

Էրտողան. «2017-ը Արտաքին Քաղաքականութեան Եւ Սուրիոյ Մէջ Խաղաղութեան Հաստատման Համար Պատմական Քայլերու Տարին Է»

Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան յայտարարեց, որ իր երկիրը Սուրիոյ մէջ խաղաղութեան հաստատման առջեւ ճամբան հարթելու համար Ռուսիոյ եւ Իրանի հետ կ՛որդեգրէ «պատմական քայլեր»` աւելցնելով. «Ասթանայի (բանակցութիւններուն) ենթահողը պատրաստեցինք Մոսկուայի մէջ Ռուսիոյ եւ Իրանի հետ ունեցած մեր ժողովին եւ այլ հանդիպումներու ճամբով»: Ըստ անոր, Սուրիոյ մէջ զինադադարի համաձայնութիւնը «շատ կարեւոր առիթ մըն է,  հակառակ ատոր փխրուն ըլլալուն եւ շարք մը...

Կիպրոսի Հարցին Շուրջ Ժընեւեան Բանակցութիւններուն Վերաբերեալ Էրտողան-Ցիփրաս Հեռաձայնային Հաղորդակցութիւն

Կիպրոսի Հարցին Շուրջ Ժընեւեան Բանակցութիւններուն Վերաբերեալ Էրտողան-Ցիփրաս Հեռաձայնային Հաղորդակցութիւն

«Անատոլու» լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան եւ Յունաստանի վարչապետ Ալեքսիս Ցիփրաս հեռաձայնային հաղորդակցութիւն ունեցած են Կիպրոսի հիմնախնդիրին վերաբերեալ: Թրքական լրատու գործակալութեան համաձայն, կողմերը հաղորդակցութեան ընթացքին կարեւոր նկատած են Ժընեւի մէջ ՄԱԿ-ի գլխաւորութեամբ աշխուժ բանակցութիւններու սկիզբն ու այդ բանակցութիւններուն շրջագիծին մէջ կողմերուն ցուցաբերած կառուցողական մօտեցումը: Յիշեցնենք, որ երկուշաբթի օր ՄԱԿ-ի Ժընեւի կեդրոնատեղիին մէջ սկսաւ Կիպրոսի վերամիաւորման...

Page 729 of 882 1 … 728 729 730 … 882

Արխիւներ