Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ըստ Դամասկոս Այցելած Ֆրանսացի Երեսփոխաններուն. Ասատ Լաւատես Է Ասթանայի Բանակցութիւններուն Նկատմամբ

Յունուար 9, 2017
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

assad-france_1817

Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատ Դամասկոսի մէջ ֆրանսական երեսփոխանական պատուիրակութեան մը հետ իր հանդիպումին ընթացքին յայտնեց, որ պատուիրակութեան Հալէպ այցելութիւնը պիտի նպաստէ անոնց մօտ ահաբեկիչներու ոճիրներուն նկատմամբ իրատեսական կարծիքներու գոյացման` շեշտելով. «Փարիզի ներկայ քաղաքականութիւնը կապ չունի Սուրիոյ մէջ պատերազմի իրականութեան հետ եւ ահաբեկիչներուն աջակցելու ճամբով կը նպաստէ կացութեան վատթարացման»:

ԱՖՓ լրատու գործակալութիւնը հաղորդեց, որ ֆրանսական երեսփոխանական պատուիրակութեան նախագահ Թիերի Մարիանի իր կարգին յայտնեց, որ Ասատ լաւատես է Ասթանայի մէջ այս ամսուան վերջաւորութեան նախատեսուած բանակցութիւններուն նկատմամբ եւ պատրաստ է բանակցելու շուրջ հարիւր զինեալ խմբաւորումներու հետ` անոնց հետ հաշտութիւն գոյացնելու, պայմանով, որ իրենց զէնքերը վար դնեն, սակայն ոչ ՏԱՀԵՇ-ի եւ Ժապհաթ Նուսրայի հետ:

Նախքան այդ` Մարիանիի կողքին Նիքոլա Տիուքէ եւ Ժան Լասալէ բաղկացած պատուիրակութիւնը այցելած էր Հալէպ, ուր շրջած էր քաղաքի պատմական վայրերը եւ ականատես դարձած անոնց հասած վնասներուն:

Ֆրանսական երեսփոխանական պատուիրակութեան Հալէպի միջազգային օդակայան գտնուած ատեն զինեալ խմբաւորումները ռումբեր արձակեցին օդակայանին ուղղութեամբ, այդ պատճառով ալ ֆրանսացի երեսփոխաններուն դէպի Դամասկոս թռիչքը որոշ ժամանակով ուշացաւ: Սուրիական բանակի հրետանին հակադարձելով ռմբակոծեց Հալէպ քաղաքի արեւմտեան ճակատի եւ Խան Թումանի շրջանը: Հաղորդուեցաւ, որ կրակ բացող զինեալ խմբաւորումը Ժէյշ Շամ զինեալ խմբաւորումն էր: Զինեալ խմբաւորումները նաեւ «Կրատ» տիպի հրթիռներով ռմբակոծած են քաղաքի կեդրոնը գտնուող շրջաններ եւ Սրիան թաղամասը:

Սուրիա այցելած ֆրանսացի երեսփոխանները անդամ են «Հանրապետականներ» կուսակցութեան, որուն Ֆրանսայի նախագահի պաշտօնի թեկնածուն է Ֆրանսուա Ֆիոնը:

Միւս կողմէ, Ուատի Պարտայի մէջ զինադադարը վերջ գտաւ, երբ Ժապհաթ Նուսրան կրակ բացաւ Ֆայժէ ակին վրայ գտնուող ենթակառոյցներու նորոգութիւն կատարող խմբակներուն վրայ եւ այդպիսով խանգարեց ընթացող բանակցութիւնները:

Մինչ այդ, հաղորդուեցաւ, որ սուրիական 9 զինեալ խմբաւորումներ կազմած են «Սուրիոյ ազատագրութեան ղեկավար խորհուրդ» մը` Սուրիոյ կառավարութեան եւ անոր աջակցողներուն դէմ դնելու համար: Նշեալ զինեալ խմբաւորումներն են` Ահրար Շամ Իսլամիյան, Ժէյշ Իսլամը, Ժապհաթ Ահլ Շամը, Ժապհա Շամիյէն, «Ֆասթաքեմ» խմբաւորումը, Ամարաթը, Սուքուր Շամը, Աժնատ Շամը, Ֆայլաք Շամը եւ Ֆայլաք Ռահմանը:

Դամասկոսի արեւմտեան գիւղական շրջանին մէջ 5 զոհ եւ 15 վիրաւոր արձանագրուեցաւ, երբ ականուած ինքնաշարժ մը պայթեցաւ: Պայթումին պատասխանատուութիւնը ստանձնեց ՏԱՀԵՇ-ը: Աւելի ուշ, Ժապհաթ Նուսրան եւս ստանձնեց ականահարման պատասխանատուութիւնը:

 

 

Նախորդը

Ալի Աքպար Հաշեմի Ռաֆսանճանի Ոչ Եւս Է

Յաջորդը

Պաղեստինցի Մը Երուսաղէմի Մէջ Վրայերթի Ենթարկեց Իսրայէլացի Զինուորներ

RelatedPosts

Թրամփ. «Կազայի Շուրջ Մեր Բանակցութիւնները  Կը Շարունակուին, Եւ Կը Յուսանք Յառաջիկայ  Շաբթուան Ընթացքին Բանի Մը Հասնիլ»
Միջազգային

Թրամփ. «Կազայի Շուրջ Մեր Բանակցութիւնները Կը Շարունակուին, Եւ Կը Յուսանք Յառաջիկայ Շաբթուան Ընթացքին Բանի Մը Հասնիլ»

Յուլիս 15, 2025
Սուէյտայի Մէջ Զինեալ Բախումներ  30 Զոհ Եւ 100 Վիրաւոր Կը Պատճառեն
Միջազգային

Սուէյտայի Մէջ Զինեալ Բախումներ 30 Զոհ Եւ 100 Վիրաւոր Կը Պատճառեն

Յուլիս 15, 2025
Թրամփ Փութինին Ուքրանիոյ Պատերազմը  Դադրեցնելու 50 Օրուան Պայմանաժամ Կը Ճշդէ
Միջազգային

Թրամփ Փութինին Ուքրանիոյ Պատերազմը Դադրեցնելու 50 Օրուան Պայմանաժամ Կը Ճշդէ

Յուլիս 15, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?