Միջազգային

Թրքական Եւ Ռուսական Օդուժի  Միացեալ Գործողութենէն Ետք.  Բրիտանական Ռմբաձիգներ Եւս Հիւսիսային  Սուրիոյ Մէջ Հարուածած Են ՏԱՀԵՇ-ի Դիրքերը

Թրքական Եւ Ռուսական Օդուժի Միացեալ Գործողութենէն Ետք. Բրիտանական Ռմբաձիգներ Եւս Հիւսիսային Սուրիոյ Մէջ Հարուածած Են ՏԱՀԵՇ-ի Դիրքերը

Թրքական բանակի սպայակոյտը յայտարարութիւն մը հրապարակելով յայտնեց, որ բրիտանական օդուժէն ռմբաձիգներ ՏԱՀԵՇ-ի դէմ պայքարի Միջազգային դաշինքի ծիրին մէջ հարուածած են հիւսիսային Սուրիոյ մէջ գտնուող ՏԱՀԵՇ-ի դիրքերը: Սպայակոյտը նշեց, որ Թուրքիոյ հետ համակարգուած այս գործողութիւնը երկար ատենէ ի վեր Միջազգային դաշինքին կողմէ կատարուած առաջին օդային հարուածն է: Յայտարարութիւնը նաեւ նշեց, որ ռուսական ռմբաձիգներ եւս թուրք պաշտօնատարներու հետ համակարգում կատարելէ ետք, օդային...

Աղէտներ Իրանի Եւ Իտալիոյ Մէջ

Աղէտներ Իրանի Եւ Իտալիոյ Մէջ

- ԻՐԱՆԵԱՆ պատկերասփիւռի կայանը հաղորդեց, որ հրշէջներու շարքերուն մէջ արձանագրուած է 30 զոհ եւ 45 վիրաւոր, իսկ 75 քաղաքայիններ վիրաւորուած են, երբ Թեհրանի մէջ «Պլասքօ» աշտարակը փուլ եկած է: Շէնքը փուլ եկած է հինգշաբթի օր` անոր մէջ մեծ հրդեհ մը յառաջանալէ ետք: ԻՐՆԱ լրատու գործակալութիւնը հաղորդեց, որ 17 յարկանի շէնքը փուլ եկած է, մինչ հրշէջները կը փորձէին անոր մէջ ծագած...

Մոսկուա Հրաւէր Պիտի Յղէ Ուաշինկթընի`  Հակառակ Իրանի Ընդդիմութեան

Մոսկուա Հրաւէր Պիտի Յղէ Ուաշինկթընի` Հակառակ Իրանի Ընդդիմութեան

Իրանի գերագոյն հոգեւոր պետի աւագ խորհրդականներէն Ալի Աքպար Վիլայեթի յայտնեց. «Իրան կտրականապէս կը մերժէ Սուրիոյ հարցին շուրջ Ասթանայի ժողովին Ուաշինկթընի մասնակցութիւնը»: «Ասթանայի ժողովին Ուաշինկթընի մասնակցիլը դուռը պիտի բանայ Սէուտական Արաբիոյ, Քաթարի եւ սուրիական կառավարութիւնը տապալել ձախողածներուն ներկայութեան դիմաց», ընդգծեց Վիլայեթի: Իրանի արտաքին գործոց նախարար Մոհամետ Ճաւատ Զարիֆ, իր կարգին անդրադառնալով Միացեալ Նահանգներու մասնակցութեան հարցին, յայտարարեց. «Մենք զիրենք չենք հրաւիրած»: Մէկ...

Անթոնիօ Թայանի Ընտրուեցաւ  Եւրոպական Խորհրդարանի Նոր Նախագահ

Անթոնիօ Թայանի Ընտրուեցաւ Եւրոպական Խորհրդարանի Նոր Նախագահ

Եւրոպական խորհրդարանի պաշտօնական կայքը կը հաղորդէ, որ իտալացի քաղաքական գործիչ Անթոնիօ Թայանի ընտրուած է Եւրոպական խորհրդարանի նախագահ: Թայանի ստացած է 351 քուէ, իսկ անոր մրցակից Ճանի Պիթելան` 282 քուէ: Աղբիւրը կը մանրամասնէ, որ թեկնածուներէն ոչ ոք յաջողած է հաւաքել ձայներու բացարձակ մեծամասնութիւնը: Կը նշուի, որ իր քաղաքական ասպարէզին ընթացքին Թայանի երկու անգամ վարած է փոխադրամիջոցներու եւ արդիւնաբերութեան հարցերով եւրոքարտուղարի պաշտօնը:

Ռուսիա Ազրպէյճանին Տրամադրած Է  «Թոր» Հակաօդային Հրթիռային Համալիրներ

Ռուսիա Ազրպէյճանին Տրամադրած Է «Թոր» Հակաօդային Հրթիռային Համալիրներ

Ազրպէյճանական «հաքքին.ազ» կը հաղորդէ, որ բրիտանական «Տէյլի Սթար» օրաթերթի վերլուծաբան Փիթըր Թրումըն իր` «Փութինի վերջին զէնքը երկնքէն «պիտի փչէ» ամերիկեան հրթիռները» յօդուածին մէջ կը գրէ ռուսական «Թոր» հակաօդային-հրթիռային համալիրի մասին, որ հակահրթիռային եւ հակաօդային պաշտպանութեան խնդիրներ կը լուծէ, եւ զայն, ըստ հեղինակի, բացի ռուսական բանակէն, ներկայիս ունի նաեւ Ազրպէյճանը: Կայքը կ՛աւելցնէ, որ ռուսական լրատուամիջոցներն ալ գրած են, որ Ազրպէյճանին տրամադրուած...

Քրեմլին Չի Հաստատեր Ասթանայի Մէջ Սուրիոյ  Շուրջ Բանակցութիւններուն  Միացեալ Նահանգները Հրաւիրելու Մասին Տեղեկութիւնը

Քրեմլին Չի Հաստատեր Ասթանայի Մէջ Սուրիոյ Շուրջ Բանակցութիւններուն Միացեալ Նահանգները Հրաւիրելու Մասին Տեղեկութիւնը

ԹԱՍՍ լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ Ռուսիոյ նախագահի բանբեր Տմիթրի Փեսքով չէ հաստատած Ասթանայի մէջ Սուրիոյ շուրջ բանակցութիւններուն Միացեալ Նահանգները հրաւիրելու վերաբերեալ տեղեկութիւնը: Ան պատասխանելով լրագրողներու այն հարցումին, թէ արդեօք Քրեմլինի մէջ կը հաստատե՞ն Ասթանայի բանակցութիւններուն մասնակցելու համար Միացեալ Նահանգներու նորընտիր նախագահ Տանըլտ Թրամփի վարչակազմը հրաւիրելու վերաբերեալ տեղեկութիւնը, Փեսքով ըսած է. «Ո՛չ»: Ան աւելցուցած է, որ «ոչինչ պիտի ըսէ այդ...

Պատասխանելով Թուրքիոյ Վարչապետին`  «Իրաք Պիտի Չպայքարի ՔԱԿ-ի Զինեալներուն Դէմ  Եւ Պիտի Չխոչընդոտէ Անոր  Կողմնակիցներուն Գործունէութիւնը»  Կ՛ըսէ Ապատի

Պատասխանելով Թուրքիոյ Վարչապետին` «Իրաք Պիտի Չպայքարի ՔԱԿ-ի Զինեալներուն Դէմ Եւ Պիտի Չխոչընդոտէ Անոր Կողմնակիցներուն Գործունէութիւնը» Կ՛ըսէ Ապատի

Թրքական «Տեմոքրաթհապեր» կայքը կը հաղորդէ, որ Իրաքի վարչապետ Հայտար Ապատի` պատասխանելով Թուրքիոյ վարչապետ Պինալի Եըլտըրըմի հնչեցուցած պահանջներուն, յայտարարած է, որ Իրաք պիտի չպատերազմի Քրտական աշխատաւորական կուսակցութեան (ՔԱԿ) դէմ: «Մենք ըսած ենք Թուրքիոյ, որ պիտի չպայքարինք ՔԱԿ-ի դէմ եւ պիտի չխոչընդոտենք անոր կողմնակից եղող իրաքցիներու եւ յատկապէս եզիտիներու պայքարը», ըսած է Հայտար Ապատի: Նախապէս Եըլտըրըմ յայտարարած էր. «Կա՛մ Իրաքը եւ փեշմերկան...

Պոլսոյ Յարձակումը Կատարած  Անձը Ձերբակալուած Է

Պոլսոյ Յարձակումը Կատարած Անձը Ձերբակալուած Է

Թրքական «Հիւրրիյէթ» օրաթերթը երէկ գիշեր հաղորդեց, որ Ամանորի գիշերը Պոլսոյ գիշերային վայրի մը դէմ յարձակում գործած անձը ձերբակալուած է Օրթագիւղի շրջանին մէջ: Լրատուամիջոցները շրջանառութեան մէջ դրին լուսանկարը յարձակումը կատարած անձին, որուն վրայ յստակօրէն կ՛երեւէին խոշտանգումի հետքեր: Նոյն օրաթերթը նախապէս հաղորդած էր, որ ահաբեկչական գործողութիւն կատարած անձը ուզպեք է եւ մաս կը կազմէ ՏԱՀԵՇ-ին, իսկ անոր կեղծանունը «Ապու Մոհամետ Խորասանի» է,...

Թրքական Բեռնատար Օդանաւ Մը  Ջախջախուեցաւ Պիշքեքի Մէջ

Թրքական Բեռնատար Օդանաւ Մը Ջախջախուեցաւ Պիշքեքի Մէջ

Խըրխըզիստանի առողջապահութեան նախարարութենէն ԹԱՍՍ լրատու գործակալութեան յայտնած են, որ առնուազն 37 զոհ եւ 8 ծանր վիրաւորներ արձանագրուած են երկրի մայրաքաղաք Պիշքեքի օդակայանին մօտ բեռնատար թրքական օդանաւի մը ջախջախման պատճառով: Նախապէս նախարարութենէն նշած էին, որ աղէտի զոհերուն թիւը կրնայ հասնիլ 40-ի: «Պոյինկ» տիպի օդանաւը, որ Հոնկ Քոնկէն կանոնաւոր թռիչք կը կատարէր դէպի Պոլիս, արկածի ենթարկուած է տեղական ժամանակացոյցով ժամը 7:30-ին, էջքի...

«Զինուորական Ուժեր Պիտի Ուղարկենք Քոսովօ,  Եթէ Մեր Երկրի Բնակիչներուն Դէմ  Որեւէ Սպառնալիք Ըլլայ»  Կ՛ըսէ Սերպիոյ Նախագահը

«Զինուորական Ուժեր Պիտի Ուղարկենք Քոսովօ, Եթէ Մեր Երկրի Բնակիչներուն Դէմ Որեւէ Սպառնալիք Ըլլայ» Կ՛ըսէ Սերպիոյ Նախագահը

Սերպիոյ նախագահ Թոմիսլաւ Նիքոլիչ յայտարարեց, որ զինեալ ուժեր պիտի ուղարկէ Քոսովօ, եթէ իր երկրի բնակիչներուն դէմ Քոսովոյի իշխանութիւններուն կողմէ որեւէ սպառնալիք ըլլայ: Պատասխանելով Քոսովօ զինեալ ուժեր ուղարկելու Պելկրատի պատրաստակամութեան մասին հարցումի մը` ան ըսաւ. «Այո՛, եթէ սերպեր սպաննեն, բոլորս այդտեղ պիտի ուղղուինք, ո՛չ միայն բանակը, այլեւ նախ եւ առաջ ես: Եւ ատիկա ինծի համար առաջին անգամը պիտի չըլլայ»: Յիշեցնենք, որ...

Թուրքիոյ Սահմանադրական Փոփոխութիւններուն  Վերաբերեալ Հանրաքուէի Մօտաւոր Թուականը Յայտնի Է

Թուրքիոյ Սահմանադրական Փոփոխութիւններուն Վերաբերեալ Հանրաքուէի Մօտաւոր Թուականը Յայտնի Է

Թուրքիոյ իշխող Արդարութիւն եւ բարգաւաճում կուսակցութիւնը յայտարարած է, որ սահմանադրական փոփոխութիւններուն վերաբերեալ նախագիծը խորհրդարանի հաւանութեան արժանանալէն ետք ժողովրդական քուէարկութեան պիտի դրուի, ամենայն հաւանականութեամբ, 26 մարտէն 16 ապրիլ երկարող ժամանակաշրջանին: Թուրքիոյ փոխվարչապետ եւ կառավարութեան բանբեր Նուման Քուրթուլմուշ իր կարգին թրքական «Ա. Հապեր»-ին յայտնեց, որ հանրաքուէն տեղի պիտի ունենայ ապրիլի սկիզբը: Մէկ օր առաջ խորհրդարանին մէջ ընդունուած են սահմանադրական փոփոխութիւններուն վերաբերեալ նախագիծի...

«Պոլսոյ Գիշերային Ակումբի Ահաբեկչութիւնը  Հետախուզական Կազմակերպութեան Մը Ձեռքի Գործն Է»  Կ՛ըսէ Քուրթուլմուշ

«Պոլսոյ Գիշերային Ակումբի Ահաբեկչութիւնը Հետախուզական Կազմակերպութեան Մը Ձեռքի Գործն Է» Կ՛ըսէ Քուրթուլմուշ

Թուրքիոյ փոխվարչապետ Նուման Քուրթուլմուշ թրքական «Ա. Հապեր» լրատուամիջոցին հետ հարցազրոյցի մը ընթացքին յայտնած է, թէ Պոլսոյ «Ռէյնա» գիշերային ակումբին մէջ Նոր տարուան գիշերը տեղի ունեցած ահաբեկչութեան մէջ մեղսակից է հետախուզական կազմակերպութիւն մը: «Ռէյնա»-ի յարձակումը ծայր աստիճան ծրագրաւորուած գործողութիւն էր, որուն մասնակից եղած է նաեւ հետախուզական կազմակերպութիւն մը», ըսած է Քուրթուլմուշ` նշելով, որ հետաքննութիւնը պիտի յստակացնէ յարձակումին մանրամասնութիւնները: Յիշեցնենք, որ Նոր...

Եգիպտական Դատարանը Սէուտական Արաբիոյ Հետ  Ծովային Սահմանագծումը Չեղեալ  Նկատող Վերջնական Վճիռ Մը Արձակեց

Եգիպտական Դատարանը Սէուտական Արաբիոյ Հետ Ծովային Սահմանագծումը Չեղեալ Նկատող Վերջնական Վճիռ Մը Արձակեց

Եգիպտոսի Պետական խորհուրդին մէջ վարչական բարձրագոյն դատարանը երէկ վճիռ մը արձակելով զօրակցեցաւ այլ դատարանի մը այն վճիռին, թէ Թիրան եւ Սանաֆիր կղզիները եգիպտական են, ինչ որ Եգիպտոսի եւ Սէուտական Արաբիոյ միջեւ ծովային սահմանագծումի համաձայնութեան չեղեալ նկատուելուն համազօր է: Պետական խորհուրդի վարչական բարձրագոյն դատարանի դատաւոր Ահմետ Շազիլի յայտարարեց, որ դատարանին համար յստակ դարձած է, որ Եգիպտոս նշեալ երկու կղզիներուն վրայ ամբողջական...

Թրամփ ՕԹԱՆ-ը Հինցած  Կազմակերպութիւն Կոչած Է

Թրամփ ՕԹԱՆ-ը Հինցած Կազմակերպութիւն Կոչած Է

Միացեալ Նահանգներու նորընտիր նախագահ Տանըլտ Թրամփ «Տը Թայմզ» եւ «Պիլտ» օրաթերթերուն տուած հարցազրոյցին մէջ անդրադարձած է ՕԹԱՆ-ին` նշելով, որ դաշինքը կարեւոր, սակայն արդէն հինցած կազմակերպութիւն է, որովհետեւ անիկա պէտք եղածին պէս չէ զբաղած ահաբեկչութեան հարցով: «Ես շատոնց կ՛ըսէի, որ ՕԹԱՆ-ը խնդիրներ ունի: Անոնցմէ առաջինը կառոյցին հինցած ըլլալն է, որովհետեւ անիկա ձեւաւորուած է բազմաթիւ տարիներ առաջ», ըսած է Թրամփ` միեւնոյն ժամանակ...

«Ռուսիան Եւ Թուրքիան Պատրաստ Են Միացեալ Նահանգները Հրաւիրելու Ասթանայի Բանակցութիւններուն»   Կ՛ըսէ Չաւուշօղլու

«Ռուսիան Եւ Թուրքիան Պատրաստ Են Միացեալ Նահանգները Հրաւիրելու Ասթանայի Բանակցութիւններուն» Կ՛ըսէ Չաւուշօղլու

Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Մեւլութ Չաւուշօղլու յայտնեց, որ եթէ Ուաշինկթըն կ՛ուզէ քրտական Ժողովրդավարական միութիւն կուսակցութիւնն ու քրտական Ժողովուրդի պաշտպանութեան ջոկատները հրաւիրել Ասթանայի մէջ տեղի ունենալիք միջսուրիական բանակցութիւններուն, ապա պէտք է հրաւիրէ նաեւ ՏԱՀԵՇ-ն ու Ժապհաթ Նուսրան: Ան Անգարայի մէջ տրուած մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին յայտարարեց. «Միացեալ Նահանգներ պէտք է յարգեն այլ երկիրներու հետ իրենց յարաբերութիւնները: Ահաբեկչական խմբաւորումներուն մօտ արեւմտեան արտադրութեամբ...

Ֆրանչիսկոս Պապն Ու Մահմուտ Ապպաս Անդրադարձած Են Միջին Արեւելքի Մէջ Խաղաղութեան Հաստատման Հոլովոյթին

Ֆրանչիսկոս Պապն Ու Մահմուտ Ապպաս Անդրադարձած Են Միջին Արեւելքի Մէջ Խաղաղութեան Հաստատման Հոլովոյթին

Հռոմի Ֆրանչիսկոս պապը 14 յունուարին Վատիկանի մէջ հանդիպում ունեցած է Պաղեստինեան իշխանութեան նախագահ Մահմուտ Ապպասի հետ: Այս մասին կը տեղեկացնէ Վատիկանի ձայնասփիւռի կայանը: Հանդիպումին ընթացքին կողմերը խօսած են Վատիկանի եւ  Պաղեստինեան իշխանութեան միջեւ յարաբերութիւններուն մասին: Ֆրանչիսկոս պապն ու Ապպաս անդրադարձած են Միջին Արեւելքի մէջ  խաղաղութեան հաստատման հոլովոյթին` յոյս յայտնելով, որ կողմերուն միջեւ ուղղակի բանակցութիւնները կրնան նպաստել բռնութեան դադրեցման:

Փարիզի` «Միջին Արեւելքի Մէջ Խաղաղութեան Համար» Խորհրդաժողովին Ընթացքին.  Հոլլանտ Շեշտը Կը Դնէ «Երկու Պետութիւն» Լուծումին Վրայ, Իսկ Էյրօ Կը Զգուշացնէ Ամերիկեան Դեսպանատունը Երուսաղէմ Փոխադրելու Հետեւանքներէն

Փարիզի` «Միջին Արեւելքի Մէջ Խաղաղութեան Համար» Խորհրդաժողովին Ընթացքին. Հոլլանտ Շեշտը Կը Դնէ «Երկու Պետութիւն» Լուծումին Վրայ, Իսկ Էյրօ Կը Զգուշացնէ Ամերիկեան Դեսպանատունը Երուսաղէմ Փոխադրելու Հետեւանքներէն

Ֆրանսայի նախագահ Ֆրանսուա Հոլլանտ Փարիզի` «Միջին Արեւելքի մէջ խաղաղութեան համար» խորհրդաժողովին ընթացքին խօսք մը արտասանելով յայտնեց, որ պաղեստինցիներուն եւ իսրայէլացիներուն միջեւ ուղղակի բանակցութիւններն են, որոնք պիտի առաջնորդեն խաղաղութեան` աւելցնելով, որ ֆրանսական նախաձեռնութիւնը կը զգուշացնէ, որ «Երկու պետութիւն» լուծումը,  վտանգուած է: Ան նշեց, որ այդ լուծումը հակառակ տարակարծութեանց, տակաւին մեծ զօրակցութիւն կը վայելէ եւ նախկին համակարգի մը երազը չէ, այլ` միջազգային...

3 Երիտասարդներու Մահապատիժի Գործադրման Դէմ Ցոյցեր` Պահրէյնի Մէջ

3 Երիտասարդներու Մահապատիժի Գործադրման Դէմ Ցոյցեր` Պահրէյնի Մէջ

Պահրէյնի մէջ բողոքի ցոյցեր տեղի ունեցան ընդդէմ երեք երիտասարդներու մահապատիժի ենթարկման վճիռին: Անոնք ամբաստանուած են 2014-ին ականահարման ճամբով Արաբական Միացեալ Էմիրութենէն ոստիկան մը եւ պահրէյնցի երկու ոստիկաններ սպաննելու յանցանքով: Պահրէյնեան իշխանութիւնները երէկ գնդակահարեցին երեք երիտասարդները: Մահապատիժի գործադրման լուրին հրապարակումէն անմիջապէս ետք երկրին մէջ ընթացք առին բողոքի ցոյցեր, եւ երկրին մէջ ստեղծուեցաւ սուր լարուածութեան մթնոլորտ մը:  

Հոկլընտ Կը Մերժէ Դատապարտել  Ազրպէյճանական Յարձակումը

Հոկլընտ Կը Մերժէ Դատապարտել Ազրպէյճանական Յարձակումը

«Ազատութիւն» ձայնասփիւռի կայանը կը հաղորդէ, որ ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի ամերիկացի նոր նշանակուած համանախագահ Ռիչըրտ Հոկլընտ 13 յունուարին յայտարարած է, թէ անհամբերութեամբ կը սպասէ իր շրջանային այցելութեան` լսելու համար Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդիրի հակամարտող կողմերուն դիրքորոշումները: Ան այս յայտարարութիւնը կատարած է «Արմէնփրէս»-ին տուած հարցազրոյցին ընթացքին` նշելով, որ մտադիր է սերտօրէն աշխատիլ Մինսքի խմբակի միւս համանախագահներուն հետ, խրախուսելու համար կողմերը, որ կառուցողական մօտեցում...

Սերպիա Կանգնեցուցած Է Քոսովօ Ուղղուող Խնդրայարոյց Գնացքի Մը Երթը

Սերպիա Կանգնեցուցած Է Քոսովօ Ուղղուող Խնդրայարոյց Գնացքի Մը Երթը

Սերպական իշխանութիւնները երէկ կանգնեցուցին սերպական դրօշի գոյներով ներկուած եւ վրան քանի մը լեզուներով «Քոսովոն Սերպիա է» գրուած գնացքը, որ 18 տարուան մէջ առաջին անգամ ըլլալով Պելկրատէն կ՛ուղղուէր Քոսովօ: Սերպիոյ իշխանութիւնները այդ քայլը առին երկու երկիրներուն միջեւ նոր տագնապի մը ծագումը կանխարգիլելու համար: Քոսովոյի իշխանութիւնները այդ նախաձեռնութիւնը նկատեցին «վտանգաւոր սադրանք» մը, եւ Քոսովոյի նախագահ Հիշամ Թաժի պաշտօնեաներուն հրամայեց անհրաժեշտ միջոցառումները որդեգրել`...

Page 728 of 882 1 … 727 728 729 … 882

Արխիւներ