Թրքական բանակի սպայակոյտը յայտարարութիւն մը հրապարակելով յայտնեց, որ բրիտանական օդուժէն ռմբաձիգներ ՏԱՀԵՇ-ի դէմ պայքարի Միջազգային դաշինքի ծիրին մէջ հարուածած են հիւսիսային Սուրիոյ մէջ գտնուող ՏԱՀԵՇ-ի դիրքերը: Սպայակոյտը նշեց, որ Թուրքիոյ հետ համակարգուած այս գործողութիւնը երկար ատենէ ի վեր Միջազգային դաշինքին կողմէ կատարուած առաջին օդային հարուածն է:
Յայտարարութիւնը նաեւ նշեց, որ ռուսական ռմբաձիգներ եւս թուրք պաշտօնատարներու հետ համակարգում կատարելէ ետք, օդային հարուածներ հասցուցած են Պապի մօտ ՏԱՀԵՇ-ի դիրքերուն: Սակայն ռուսական «Ինթըրֆաքս» լրատու գործակալութիւնը հաղորդեց, որ ռուսական եւ թրքական ռմբաձիգներ 18 յունուարին առաջին միացեալ գործողութիւնը կատարած են ՏԱՀԵՇ-ի դէմ:
Ռուսական բանակի սպայակոյտի գործողութիւններու ղեկավար Սերկէյ Ռուցքոյ յայտարարեց, որ գործողութեան մասնակցած են ռուսական 9 օդանաւեր, որոնցմէ 4-ը` «Սու-24 Էմ»-եր, 4-ը` «Սու-25»-ներ եւ մէկ «Սու-34», ինչպէս նաեւ թրքական օդուժէն 8 կործանիչներ` որոնցմէ 4-ը` «Էֆ-16»-ներ, իսկ միւս 4-ը` «Էֆ-4»-եր:
Միւս կողմէ, թրքական «Ճումհուրիյէթ» օրաթերթը հաղորդեց, որ հիւսիսային Սուրիոյ մէջ թրքական բանակի գործողութիւններու աջակցութեան բացակայութեան հարցին շուրջ Ինճիրլիք ռազմակայանին մէջ 17 օր տեւած բանակցութիւններու ընթացքին Միացեալ Նահանգներն ու Թուրքիան չեն կրցած համաձայնութեան գալ Սուրիոյ մէջ միասնաբար գործելու հարցին շուրջ: