Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Ռուսիան Եւ Թուրքիան Պատրաստ Են Միացեալ Նահանգները Հրաւիրելու Ասթանայի Բանակցութիւններուն» Կ՛ըսէ Չաւուշօղլու

Յունուար 16, 2017
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Cavusoglu_11517

Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Մեւլութ Չաւուշօղլու յայտնեց, որ եթէ Ուաշինկթըն կ՛ուզէ քրտական Ժողովրդավարական միութիւն կուսակցութիւնն ու քրտական Ժողովուրդի պաշտպանութեան ջոկատները հրաւիրել Ասթանայի մէջ տեղի ունենալիք միջսուրիական բանակցութիւններուն, ապա պէտք է հրաւիրէ նաեւ ՏԱՀԵՇ-ն ու Ժապհաթ Նուսրան:

Ան Անգարայի մէջ տրուած մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին յայտարարեց. «Միացեալ Նահանգներ պէտք է յարգեն այլ երկիրներու հետ իրենց յարաբերութիւնները: Ահաբեկչական խմբաւորումներուն մօտ արեւմտեան արտադրութեամբ զէնքեր կան… Ժողովրդավարական միութիւն կուսակցութիւնն ու Ժողովուրդի պաշտպանութեան ջոկատները Ասթանայի բանակցութիւններուն մէջ տեղ չունին, որովհետեւ այդ խմբաւորումները կը ջանան Սուրիան մասնատել»:

«Միացեալ Նահանգներն ու մնացեալ ազդեցիկ կողմերը պիտի հրաւիրենք Սուրիոյ հարցին շուրջ տեղի ունենալիք Ասթանայի բանակցութիւններուն… Ռուսիոյ հետ համաձայն ենք ու մտադիր Ուաշինկթընը հրաւիրելու բանակցութիւններուն, եւ այդ հարցերը կը քննարկենք Իրանի հետ: Կը նախատեսենք, որ այլ կողմեր եւս մասնակցին», ըսաւ Չաւուշօղլու:

Թրքական դիւանագիտութեան պետը յայտնեց, որ Թուրքիան յաջողեցաւ Ռուսիոյ հետ գործակցաբար Հալէպ քաղաքի կարգ մը շրջաններու բնակիչները հեռացնել եւ զինադադար հաստատել:

Ինչ կը վերաբերի Իրաքի հետ յարաբերութիւններուն, Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարը ըսաւ, որ Թուրքիոյ վարչապետ Պինալի Եըլտըրըմի Պաղտատ եւ Էրպիլ այցելութիւնը օգտակար էր եւ դրական` աւելցնելով. «Կը ջանանք Իրաքի հետ յարաբերութիւնները զարգացնել եւ աշխատանք պիտի տանինք լուծելու երկու կողմերուն միջեւ գոյութիւն ունեցող առկախ հարցերը, ներառեալ` Պաաշիքայի զինուորական ճամբարին հարցը»:

Միւս կողմէ, ռուսական աղբիւր մը շաբաթ օր` անդրադառնալով Մոսկուայի եւ Անգարայի Ուաշինկթընը Ասթանայի բանակցութիւններուն հրաւիրելու մասին Չաւուշօղլուի յայտարարութեան, ըսաւ, որ այդ բանակցութիւններուն մասին յայտարարութիւններ կատարելը անպատշաճ է, որովհետեւ այդ առնչութեամբ բանակցութիւնները տակաւին կը շարունակուին` շեշտելով, որ այդ առնչութեամբ յայտարարութիւնները կը կատարուին բացառաբար ռուս-թուրք-իրանեան միացեալ յայտարարութեան ճամբով:

Ան յիշեցուց, որ Ասթանայի բանակցութիւններուն հիմքը կազմող` Սուրիոյ մէջ զինադադարի վերաբերի համաձայնութեան երաշխաւորները Ռուսիան, Իրանն ու Թուրքիան են, ուստի այդ առնչութեամբ յայտարարութիւնները պէտք է ըլլան միացեալ:

Նախորդը

Ֆրանչիսկոս Պապն Ու Մահմուտ Ապպաս Անդրադարձած Են Միջին Արեւելքի Մէջ Խաղաղութեան Հաստատման Հոլովոյթին

Յաջորդը

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

RelatedPosts

Սպիտակ Տուն. «Մօտիկ Ապագային Թրամփի Եւ Փութինի Միջեւ Վեհաժողովի Ծրագիրներ Չկան»
Գլխաւոր լուրեր

Սպիտակ Տուն. «Մօտիկ Ապագային Թրամփի Եւ Փութինի Միջեւ Վեհաժողովի Ծրագիրներ Չկան»

Հոկտեմբեր 22, 2025
Թրամփ. «Այն, Ինչ Որ Ռուսիան Կ՛ըսէ, Նողկալի Է,  Իսկ Իրան Չափազանց Վատ Կերպով Կը Վարուի»
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ. «Դաշնակիցներուն Եւ Իսրայէլի Փոխանցեցի, Թէ Տակաւին Համասի Դէմ Զինուորական Միջամտութիւն Կատարելու Ժամանակը Չեկաւ»

Հոկտեմբեր 22, 2025
Սարքոզի Մուտք Գործեց Բանտ
Միջազգային

Սարքոզի Մուտք Գործեց Բանտ

Հոկտեմբեր 22, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?