Միջազգային

Թուրքիա Մտահոգուած Է  Միացեալ Նահանգներու Մէջ  Ահաբեկչութեան Հովանաւորներու  Դէմ Օրէնքի Որդեգրումով

Թուրքիոյ Մէջ Գերմանիոյ Դեսպանատան Գործավարը Կանչուած Է Արտաքին Գործոց Նախարարութիւն

«Տէօչէ Վելլէ» կը հաղորդէ, որ Անգարա իր դժգոհութիւնը յայտնած է Գերմանիոյ, որովհետեւ այդ երկրին արդարադատութեան նախարարը ամանորի ընդունելութեան ընթացքին խօսք արտասանելու նպատակով հրաւիրած է թուրք լրագրող Ճան Տիւնտարը, որուն դէմ Թուրքիոյ մէջ ձերբակալման որոշում տրուած է: Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը խնդիրին առնչութեամբ իր դիրքորոշումը յայտնելու նպատակով կանչած է Անգարայի մէջ Գերմանիոյ դեսպանատան գործավարը, որուն ըսուած է, թէ թրքական կողմը տարօրինակ...

ԵԽԽՎ-ի Մէջ Թուրքիոյ Վերաբերեալ  Յատուկ Նիստ Գումարելու Առաջարկը Մերժուած Է

ԵԽԽՎ-ի Մէջ Թուրքիոյ Վերաբերեալ Յատուկ Նիստ Գումարելու Առաջարկը Մերժուած Է

Եւրոպական խորհուրդի Խորհրդարանական վեհաժողովի (ԵԽԽՎ) ձմեռնային նստաշրջանի առաջին նիստին ընթացքին մերժուած է Թուրքիոյ վերաբերեալ յատուկ նիստ մը գումարելու առաջարկը: Թրքական «Միլլիյէթ» օրաթերթը կը հաղորդէ, որ եթէ նիստ գումարելու առաջարկը ընդունուէր, ապա Սթրազպուրկի մէջ քննարկման պիտի դրուէր «Եւրոպական Միութեան համարկման հոլովոյթի ծիրին մէջ պահանջուող պարտականութիւնները չկատարելու» նիւթին շուրջ Թուրքիոյ մէջ նոր հսկողութիւն կատարելու հարցը: ԵԽԽՎ-ի հսկողութեան յանձնախումբը 15 դեկտեմբեր 2016-ին դիմում...

Ասթանայի Ժողովին Որոշուեցաւ Հիմնել  Զինադուլի Հսկողութեան  Եռակողմ Գործիքակազմ Մը

Ասթանայի Ժողովին Որոշուեցաւ Հիմնել Զինադուլի Հսկողութեան Եռակողմ Գործիքակազմ Մը

Երէկ Ասթանայի մէջ վերջ գտան Սուրիոյ հարցին շուրջ երկօրեայ բանակցութիւնները, որոնց աւարտին Ղազախստանի արտաքին գործոց նախարար Խէյրաթ Ռահիմով կարդաց ժողովէն բխած հաղորդագրութիւնը, որուն մէջ նշուած էր. «ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդի որոշումներուն համաձայն, կառչած կը մնանք Սուրիոյ գերիշխանութեան ու հողային ամբողջականութեան եւ Սուրիան կը ճանչնանք իբրեւ բազմազան բաղադրութեան ու կրօններու պետութիւն մը»: «Կը գիտակցինք, որ սուրիական տագնապին միակ լուծումը քաղաքական խաղաղ լուծումն...

«Պապը Գրաւելէ Ետք Սուրիական Վարչակարգին  Յանձնելու Մտադրութիւն Չունինք»  Կ՛ըսէ Քուրթուլմուշ

«Պապը Գրաւելէ Ետք Սուրիական Վարչակարգին Յանձնելու Մտադրութիւն Չունինք» Կ՛ըսէ Քուրթուլմուշ

Թուրքիոյ փոխվարչապետ եւ կառավարութեան բանբեր Նուման Քուրթուլմուշ հերքեց, թէ թրքական իշխանութիւնները նպատակ ունին Պապ քաղաքը գրաւելէ ետք զայն Սուրիոյ կառավարութեան յանձնելու` նշելով, որ հիւսիսային Սուրիոյ մէջ գտնուող Պապ քաղաքին մէջ «Եփրատի վահան» գործողութիւնը չգործադրուեցաւ «ՏԱՀԵՇ-էն մաքրագործուած շրջանները սուրիական վարչակարգին յանձնելու համար»: Քուրթուլմուշ ըսաւ. «Միջազգային դաշինքի ուժերը շրջանին չպատկանող տարրերու կողմէ գրաւուած Պապ քաղաքին մէջ թրքական գործողութեան բաւարար աջակցութիւն չեն տրամադրեր:...

Քրեմլին Ռուսիոյ Սահմանին Մօտ Չինաստանի  Հեռահար Հրթիռներուն  Տեղակայումը Սպառնալիք Չի Նկատեր

Քրեմլին Ռուսիոյ Սահմանին Մօտ Չինաստանի Հեռահար Հրթիռներուն Տեղակայումը Սպառնալիք Չի Նկատեր

Մոսկուան իբրեւ սպառնալիք չ՛ընկալեր Չինաստանի կողմէ միջցամաքային հեռահար հրթիռներու տեղակայումը Ռուսիոյ հետ սահմանէն ոչ հեռու: ԹԱՍՍ լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ Ռուսիոյ նախագահի բանբեր Տմիթրի Փեսքով լրագրողներուն յայտնած է. «Չինաստանի զինեալ ուժերու զարգացման առումով որեւէ գործողութիւն, եթէ այդ տեղեկութիւնը (Ռուսիոյ սահմանին մօտ հեռահար հրթիռներու տեղակայման մասին) կը համապատասխանէ իրականութեան, Չինաստանի մէջ զինուորական շինարարութիւնը չենք ընկալեր իբրեւ սպառնալիք մեր երկրին համար»:...

Թրամփի Վարչակազմը Պատրաստ Է  Ռուսիոյ Հետ Պայքարելու ՏԱՀԵՇ-ի Դէմ

Թրամփի Վարչակազմը Պատրաստ Է Ռուսիոյ Հետ Պայքարելու ՏԱՀԵՇ-ի Դէմ

Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփի վարչակազմը պատրաստակամութիւն յայտնած է համագործակցելու Մոսկուայի հետ Սուրիոյ եւ Իրաքի մէջ հաստատուած ՏԱՀԵՇ ահաբեկչական խմբաւորման դէմ պայքարին մէջ: «Էսոշիէյթըտի Փրես» կը հաղորդէ, որ Սպիտակ տան իբրեւ բանբեր իր առաջին մամլոյ ասուլիսին ընթացքին յայտարարած է Շոն Սփայսըր: Ան ընդգծած է, որ նախագահ Թրամփ յստակօրէն ըսած է, որ պիտի համագործակցի ՏԱՀԵՇ-ը ջախջախել ուզող որեւէ երկրի հետ: Սփայսըրի...

Ասթանայի Մէջ Սուրիոյ Շուրջ  Բանակցութիւնները Ընթացք Առին

Ասթանայի Մէջ Սուրիոյ Շուրջ Բանակցութիւնները Ընթացք Առին

Ասթանայի մէջ երէկ ընթացք առին Սուրիոյ հարցով երկօրեայ բանակցութիւնները: Երէկուան առաջին նիստը Սուրիոյ կառավարութեան եւ ընդդիմութեան պատուիրակութիւններուն միջեւ ընթացաւ անուղղակի բանակցութեան ձեւաչափով: Երկու անջատ սենեակներու մէջ գտնուող պատուիրակութիւնները բանակցեցան միջնորդի ճամբով: Միջնորդութեան դերակատարութիւնը վստահուած էր Սուրիոյ հարցով ՄԱԿ-ի յատուկ պատուիրակ Սթեֆան տը Միսթուրայի եւ ռուսական ու թրքական պատուիրակութիւններու ներկայացուցիչներուն: Ղազախստանի մէջ բանակցութիւնները ընթացք առին ընդհանուր նիստով մը, որուն ընթացքին Ղազախստանի...

Վրաստան Եւ Ուքրանիա Եւրոպական  Միութեան Մէջ Տեղ Չունին.  «Ասատի` Իշխանութենէն Մեկնումի  Նախապայմանը Գնահատումի Մեծ Սխալ Մըն Էր»  Կ՛ըսէ Ֆիոն

Վրաստան Եւ Ուքրանիա Եւրոպական Միութեան Մէջ Տեղ Չունին. «Ասատի` Իշխանութենէն Մեկնումի Նախապայմանը Գնահատումի Մեծ Սխալ Մըն Էր» Կ՛ըսէ Ֆիոն

Ֆրանսայի նախագահութեան «Հանրապետականներ» աջակողմեան կուսակցութեան թեկնածու Ֆրանսուա Ֆիոն ֆրանսական «Լը Մոնտ» եւ գերմանական «Ֆրանքֆուրթըր Ալկմայնը Ցայթունկ» օրաթերթերուն հետ հարցազրոյցի մը ընթացքին յայտնեց, որ Սուրիոյ մէջ Ռուսիոյ միջամտութիւնը արգիլեց, որ ՏԱՀԵՇ Դամասկոսի մէջ իշխանութեան տիրանայ: Ֆիոն յայտարարեց, որ Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատի հեռացումի նախապայմանը գնահատումի մեծ սխալ մըն էր, որուն պատճառով եւրոպացիները Սուրիոյ տագնապի լուծման հոլովոյթէն դուրս մնացին: Ան նշեց, որ...

Ռուսիոյ, Իրանի Եւ Թուրքիոյ  Ներկայացուցիչները  Կը Պատրաստեն Ասթանայի  Բանակցութիւններու Փաստաթուղթի  Նախագիծը

Ռուսիոյ, Իրանի Եւ Թուրքիոյ Ներկայացուցիչները Կը Պատրաստեն Ասթանայի Բանակցութիւններու Փաստաթուղթի Նախագիծը

Ասթանայի ժողովի կազմակերպիչներէն եղող լաւատեղեակ աղբիւր մը «Մայատին» արբանեակային պատկերասփիւռի կայանին յայտնած է, որ այսօր Ղազախստանի մայրաքաղաքին մէջ տեղի ունենալիք բանակցութիւնները բաղկացած պիտի ըլլան երկու փուլերէ, որոնց ընթացքին սուրիական կողմերուն առիթ պիտի ընծայուի դէմ առ դէմ խօսելու` առանց միջնորդի: Սակայն, ըստ Ասթանայի մէջ «Մայատին»-ի լրագրողին, սուրիական զինեալ խմբաւորումներու պատուիրակութիւնը պատրաստ է կառավարական պատուիրակութեան հետ սեղան նստելու, սակայն պահանջած է բանակցիլ...

Նիւ Եորքի, Ուաշինկթընի Եւ Աշխարհի  Այլ Քաղաքներու Մէջ Թրամփին Դէմ  Բողոքի Ցոյցեր Կազմակերպուած Են

Նիւ Եորքի, Ուաշինկթընի Եւ Աշխարհի Այլ Քաղաքներու Մէջ Թրամփին Դէմ Բողոքի Ցոյցեր Կազմակերպուած Են

21 յունուարին Ուաշինկթընի եւ աշխարհի տարբեր քաղաքներու մէջ  հարիւր հազարաւոր ցուցարարներ փողոց իջած են «Կիներու քայլարշաւ»-ի` իրենց բողոքը յայտնելով Միացեալ Նահանգներու նախագահի պաշտօնը ստանձնած Տանըլտ Թրամփի դէմ: Ուաշինկթընի մէջ քայլարշաւը ընթացած է ոստիկանութեան եւ անվտանգութեան ծառայութիւններու ուղեկցութեամբ եւ մօտեցած Սպիտակ տան յարող տարածքին, սակայն ոստիկանները մետաղէ արգելապատնէշներու  միջոցով կասեցուցած են կիներու յառաջխաղացումը մինչեւ  նախագահական նստավայր: Ոստիկանութիւնը յայտարարած է, որ քայլարշաւին...

Ռուսիա Սուրիոյ Մատակարարած Է Իսրայէլը  Ճշգրիտ Կերպով Հարուածելու Կարողութիւնը  Ունեցող «Սքոտ Տի-250» Հրթիռներ

Ռուսիա Սուրիոյ Մատակարարած Է Իսրայէլը Ճշգրիտ Կերպով Հարուածելու Կարողութիւնը Ունեցող «Սքոտ Տի-250» Հրթիռներ

«Ռոսիա» լրատու գործակալութիւնը հաղորդեց, որ Ռուսիա Սուրիոյ մատակարարած է «Սքոտ Տի-250» հեռահար հրթիռներ, որոնք կրնան ճշգրիտ կերպով հարուածել ու քանդել Իսրայէլի մէջ գտնուող թիրախներ: Լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ նաեւ, որ Իսրայէլի ապահովական ու զինուորական շրջանակներուն մէջ մեծ մտավախութեան մթնոլորտ մը ստեղծուած է ռուսական հրթիռներու առաջին խմբաքանակին Դամասկոս հասնելէն ետք, հակառակ անոր որ ռուսական կողմը Իսրայէլին երաշխիքներ տուած է, թէ Սուրիա...

Թուրքիոյ Խորհրդարանը Հաւանութիւն Տուաւ  Կառավարման Նախագահական Համակարգի Որդեգրման

Թուրքիոյ Խորհրդարանը Հաւանութիւն Տուաւ Կառավարման Նախագահական Համակարգի Որդեգրման

«ՌԻԱ Նովոսթի» կը հաղորդէ, որ Թուրքիոյ խորհրդարանը ձայներու մեծամասնութեամբ հաւանութիւն տուած է սահմանադրութեան մէջ փոփոխութիւններու թղթածրարին, որ կ՛առաջարկէ կառավարման խորհրդարանական համակարգէն անցում կատարել նախագահական համակարգին: Կը նշուի, որ 18 յօդուածներէ բաղկացած օրէնքի որդեգրման թեր քուէարկած է 339 երեսփոխան: Օրէնքը պիտի դրուի հանրաքուէի, որմէ ետք ալ պիտի տրուի վերջնական որոշումը: «Շնորհակալ եմ երեսփոխաններուն` անոնց կատարած աշխատանքին համար. այժմ վերջին խօսքը պէտք...

Թալեպան Շարժումը Թրամփին Կոչ Ուղղած Է  Ամերիկեան Զօրքերը Հեռացնելու Աֆղանիստանէն

Թալեպան Շարժումը Թրամփին Կոչ Ուղղած Է Ամերիկեան Զօրքերը Հեռացնելու Աֆղանիստանէն

«Ինթըրֆաքս» կը հաղորդէ, որ աֆղանական Թալեպան շարժումը Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփին կոչ ուղղած է փոխելու Աղֆանիստանի նկատմամբ իր երկրին քաղաքականութիւնը: Թալեպաններու ուղերձը աֆղանական լրատուամիջոցները հրապարակած են Թրամփի երդման արարողութենէն ետք: «Մենք Թրամփէն եւ անոր նախարարական խորհուրդէն կը խնդրենք չհետեւիլ Միացեալ Նահանգներու նախկին ղեկավարներու ոլորուն եւ ծուռ ճամբուն` Ամերիկան փրկելու եւ Աֆղանիստանը բռնագրաւումէն ազատելու համար», կ՛ըսուի Թալեպան շարժումի մամլոյ քարտուղար...

Իտալական Քաղաքը Դատ  Պիտի Բանայ «Շարլի Հեպտօ»-ի Դէմ

Իտալական Քաղաքը Դատ Պիտի Բանայ «Շարլի Հեպտօ»-ի Դէմ

«ՌԻԱ Նովոսթի» կը հաղորդէ, որ իտալական Ֆարինտոլա քաղաքի իշխանութիւնները դատ պիտի բանան ֆրանսական «Շարլի Հեպտօ» երգիծական շաբաթաթերթին դէմ: Պատճառը վերջինիս հրապարակած ծաղրանկարն է: Պարբերականը հրապարակած է ծաղրանկար մը, որ կը վերաբերի 18 յունուարին Իտալիոյ մէջ տեղի ունեցած բնական աղէտին. Ապրուցօ նահանգի լեռնային շրջանին մէջ ձիւնի սահանքի տակ յայտնուած էր պանդոկ մը, որուն պատճառով արձանագրուած էին զոհեր եւ անյայտ կորսուածներ: Ծաղրանկարին...

ՏԱՀԵՇ Փալմիրայի Տարածքին  Քանի Մը Յուշարձան Ոչնչացուցած Է

ՏԱՀԵՇ Փալմիրայի Տարածքին Քանի Մը Յուշարձան Ոչնչացուցած Է

«Ինթըրֆաքս» կը հաղորդէ, որ ՏԱՀԵՇ-ի զինեալները Սուրիոյ Պալմիրա հնադարեան քաղաքի տարածքին մէջ քանդած են հին հռոմէական թատրոնին մէկ մասը եւ հռչակաւոր թեթրափիլոնը (Չորս սիւներ): Սուրիոյ պետական պատկերասփիւռի կայանը կը նշէ, որ մասնաւորաբար, ամբողջովին քանդուած է թատրոնի ճակատը: ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի ցանկին մէջ արձանագրուած տարածքին մէջ աւերներուն մասին կը հաւաստեն նաեւ արբանեակային լուսանկարները: Նախնական տուեալներով` պատմական յուշարձանները քանդուած են 26 դեկտեմբերէն 10 յունուարի...

Տեմիրթաշ Կրնայ Դատապարտուիլ  142 Տարուան Բանտարկութեան

Տեմիրթաշ Կրնայ Դատապարտուիլ 142 Տարուան Բանտարկութեան

Թուրքիոյ մէջ սկսած է քրտամէտ Ժողովուրդներու ժողովրդավարական կուսակցութեան համանախագահներ Սելահեթթին Տեմիրթաշի եւ Ֆիկեն Եիւքսեքտաղի դատավարութիւնը: Անոնք քանի մը երեսփոխաններու կողքին ձերբակալուած էին 4 նոյեմբեր 2016-ին` ահաբեկչական կազմակերպութեան աջակցելու եւ ատոր քարոզչութիւնը կատարելու մեղադրանքով: Ըստ «Տեմոքրաթհապեր»-ի, քանի մը մեղադրանքներու հիման վրայ դատարանը Տեմիրթաշի համար պահանջած է 43-էն մինչեւ 142 տարուան, իսկ Եիւքսեքտաղի համար` 30-էն մինչեւ 83 տարուան բանտարկութիւն:

Ապրահամ Լինքընի 1861-ին  Երդման Արարողութեան  Օգտագործուած Աստուածաշունչին  Վրայ Երդում Տալով`  Թրամփ Պաշտօնապէս Ստանձնեց Միացեալ Նահանգներու Նախագահի Պաշտօնը

Ապրահամ Լինքընի 1861-ին Երդման Արարողութեան Օգտագործուած Աստուածաշունչին Վրայ Երդում Տալով` Թրամփ Պաշտօնապէս Ստանձնեց Միացեալ Նահանգներու Նախագահի Պաշտօնը

Երէկ Ուաշինկթընի մէջ տեղի ունեցած երդման արարողութենէն ետք, Տանըլտ Թրամփ դարձաւ Միացեալ Նահանգներու 45-րդ նախագահը: Ան իր երդումը կատարեց երկու Աստուածաշունչի վրայ: Առաջինը` իր մանկութենէն ի վեր իրեն պատկանող, իսկ երկրորդը` 1861¬ին Ապրահամ Լինքընի նախագահական երդման արարողութեան ընթացքին օգտագործուած: Երդման արարողութեան ներկայ էին նախկին նախագահներ Ճիմի Քարթըր, Ճորճ Ու.Պուշ եւ Պարաք Օպամա: Իբրեւ նախագահ իր արտասանած առաջին ճառին մէջ Թրամփ...

Գերմանիոյ Գաղտնի Սպասարկութեան  Ղեկավարը Կը Զգուշացնէ.  «Թրքական Լրտեսական Գործողութիւններուն  Նկատմամբ Աչք Պիտի Չփակենք»

Գերմանիոյ Գաղտնի Սպասարկութեան Ղեկավարը Կը Զգուշացնէ. «Թրքական Լրտեսական Գործողութիւններուն Նկատմամբ Աչք Պիտի Չփակենք»

Գերմանիոյ ներքին գաղտնի սպասարկութեան ղեկավար Հանց Ճորճ Մասին զգուշացուց, որ Գերմանիան իր հողերուն վրայ թրքական գաղտնի սպասարկութեան գործողութիւններուն նկատմամբ աչք պիտի չփակէ: «Պերլին մեծապէս մտահոգուած է Թուրքիոյ մէջ արձանագրուող զարգացումներէն, ինչպէս նաեւ Գերմանիոյ մէջ բնակող թրքական փոքրամասնութեան կամ ծագումով թուրք գերմանացիներուն վրայ ազդելու գործողութիւններէն», նշեց ան:

Այլեւս Անկարող Ենք «Առանց Ասատի»  Լուծման Վրայ Պնդել Շարունակել»  Ըսաւ Թուրքիոյ Փոխվարչապետը

Այլեւս Անկարող Ենք «Առանց Ասատի» Լուծման Վրայ Պնդել Շարունակել» Ըսաւ Թուրքիոյ Փոխվարչապետը

Թուրքիոյ փոխվարչապետ եւ կառավարութեան բանբեր Նուման Քուրթուլմուշ յայտարարեց. «Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատի հեռացումը ներկայիս անիրատեսական է»: «Այլեւս անկարող ենք «առանց Ասատի» լուծման վրայ պնդել շարունակել», խոստովանեցաւ ան: Մինչ այդ, Սուրիոյ հարցով ՄԱԿ-ի յատուկ պատուիրակ Սթեֆան տը Միսթուրա յոյս յայտնեց, որ Սուրիոյ շուրջ Ասթանայի բանակցութիւնները յանգեցնեն երկրին մէջ զինադադարի դրութիւնը ամրապնդելու ջանքերու միաւորման ու ամրապնդման: «Կը նախատեսուի, որ Ասթանայի ժողովը ամրապնդէ...

Ասատ. «Ասթանայի Ժողովէն Առաջնահերթ  Սպասումը Զինադուլի Հաստատումն Է»

Ասատ. «Ասթանայի Ժողովէն Առաջնահերթ Սպասումը Զինադուլի Հաստատումն Է»

Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատ յայտնեց, որ Դամասկոս Ասթանայի ժողովէն ակնկալութիւններ չունի, «այլ կը յուսայ, որ անիկա սուրիական կողմերուն միջեւ բանակցութիւններու բեմահարթակ դառնայ»: Ան ճափոնական «Թի.Պի.Էս.» պատկերասփիւռի կայանին հետ հարցազրոյցի մը ընթացքին ըսաւ, որ առաջնահերթութիւնը «զինադուլի հաստատումն ու օժանդակութիւններու մատակարարումն է»: Ան նշեց, թէ բանակցութիւններուն պիտի մասնակցին զինեալ խմբաւորումներ, որոնց հաշտութեան հոլովոյթին մասնակցիլը կը նշանակէ զինաթափ ըլլալ եւ ներումի արժանանալ: Ասատ...

Page 727 of 882 1 … 726 727 728 … 882

Արխիւներ