Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Հոկլընտ Կը Մերժէ Դատապարտել Ազրպէյճանական Յարձակումը

January 16, 2017
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

hoagland_11517

«Ազատութիւն» ձայնասփիւռի կայանը կը հաղորդէ, որ ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի ամերիկացի նոր նշանակուած համանախագահ Ռիչըրտ Հոկլընտ 13 յունուարին յայտարարած է, թէ անհամբերութեամբ կը սպասէ իր շրջանային այցելութեան` լսելու համար Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդիրի հակամարտող կողմերուն դիրքորոշումները: Ան այս յայտարարութիւնը կատարած է «Արմէնփրէս»-ին տուած հարցազրոյցին ընթացքին` նշելով, որ մտադիր է սերտօրէն աշխատիլ Մինսքի խմբակի միւս համանախագահներուն հետ, խրախուսելու համար կողմերը, որ կառուցողական մօտեցում ունենան տագնապը լուծելու հետագայ ջանքերուն նկատմամբ:

«Կ՛ուզեմ փաստել, որ Միացեալ Նահանգներու կառավարութիւնը կը շարունակէ հաւատարիմ մնալ համանախագահ երկիրներու միջնորդութեամբ խաղաղ լուծում ապահովելու իր յանձնառութեան», աւելցուցած է Հոկլընտ:

Նշենք, որ ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի համանախագահները 9 յունուարին տարածած էին յայտարարութիւն մը, որուն մէջ անոնք խուսափած էին ազրպէյճանական կողմը դատապարտելէ` 29 դեկտեմբերին Չինարի գիւղին մօտ տեղի ունեցած ներթափանցման փորձին համար:

Պատասխանելով այն հարցումին, թէ նման անհասցէ յայտարարութիւններ որքանո՞վ կրնան նպաստել տագնապի լուծման` ամերիկացի նոր նշանակուած համանախագահը ըսած է. «Մինսքի խմբակի համանախագահները, 9 յունուարի յայտարարութեամբ, կողմերուն կոչ ուղղեցին ձեռնպահ մնալու ուժի կիրարկումէն եւ խստօրէն հետեւելու 2016-ի` Վիեննայի եւ Ս. Փեթերսպուրկի բարձր մակարդակի հանդիպումներուն ընթացքին ձեռք բերուած պայմանաւորուածութիւններուն: Որեւէ բռնութիւն պարզապէս կը յետաձգէ լուծումը եւ կ՛երկարաձգէ շրջանին մէջ բոլոր ժողովուրդներուն տառապանքները: Վերջնական նպատակը պէտք է ըլլայ խաղաղութիւնն ու բարեկեցութիւնը շրջանի բոլոր ժողովուրդներուն համար»:

Անդրադառնալով բանակցային հոլովոյթին Լեռնային Ղարաբաղի ներկայացուցիչներու մասնակցութեան հարցին` ամերիկացի համանախագահը ըսած է, թէ ինք այս հարցով մօտիկ ապագային արմատական որեւէ փոփոխութիւն չ՛ակնկալեր: «Համանախագահները նախապէս նշած են, որ կը հասկնան տագնապի բոլոր կողմերուն, ներառեալ` Լեռնային Ղարաբաղը, դիրքորոշումները լսելու կարեւորութիւնը: Իսկ այն, թէ այդ դիրքորոշումները ինչպէ՞ս պիտի ներառուին բանակցութիւններուն մէջ, ապա անիկա հարց մըն է, զոր համանախագահները կը շարունակեն քննարկել կողմերուն հետ», աւելցուցած է Հոկլընտ:

Ան շեշտած է նաեւ, որ տակաւին համանախագահներուն շրջան յաջորդ այցելութեան թուականը չէ որոշուած, եւ համանախագահները կը շարունակեն խրախուսել Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի նախագահները եւ արտաքին գործոց նախարարները, որ վերջիններս հանդիպին ամէնէն մօտ առիթին` շարունակելու համար հիմնական հարցերու շուրջ քննարկումները:

 

Նախորդը

Սերպիա Կանգնեցուցած Է Քոսովօ Ուղղուող Խնդրայարոյց Գնացքի Մը Երթը

Յաջորդը

3 Երիտասարդներու Մահապատիժի Գործադրման Դէմ Ցոյցեր` Պահրէյնի Մէջ

RelatedPosts

Իսրայէլեան Ընտրութիւններու Վերջնական  Արդիւնքը Պիտի Հրապարակուի  Յառաջիկայ Չորեքշաբթի Օր
Գլխաւոր լուրեր

Իսրայէլեան Ընտրութիւններու Վերջնական Արդիւնքը Պիտի Հրապարակուի Յառաջիկայ Չորեքշաբթի Օր

October 30, 2026
Վանս Նամակ Յղած Է Ռիտայիի
Գլխաւոր լուրեր

Վանս Նամակ Յղած Է Ռիտայիի

October 30, 2026
Սէուտական Արաբիան Թուրքիոյ Առաջարկած Է  Իր Տարածքին Մէջ Ռազմակայան Ստեղծել
Գլխաւոր լուրեր

Սէուտական Արաբիան Թուրքիոյ Առաջարկած Է Իր Տարածքին Մէջ Ռազմակայան Ստեղծել

October 30, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.