Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Թրամփ ՕԹԱՆ-ը Հինցած Կազմակերպութիւն Կոչած Է

January 17, 2017
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

trump_nato_11617

Միացեալ Նահանգներու նորընտիր նախագահ Տանըլտ Թրամփ «Տը Թայմզ» եւ «Պիլտ» օրաթերթերուն տուած հարցազրոյցին մէջ անդրադարձած է ՕԹԱՆ-ին` նշելով, որ դաշինքը կարեւոր, սակայն արդէն հինցած կազմակերպութիւն է, որովհետեւ անիկա պէտք եղածին պէս չէ զբաղած ահաբեկչութեան հարցով:

«Ես շատոնց կ՛ըսէի, որ ՕԹԱՆ-ը խնդիրներ ունի: Անոնցմէ առաջինը կառոյցին հինցած ըլլալն է, որովհետեւ անիկա ձեւաւորուած է բազմաթիւ տարիներ առաջ», ըսած է Թրամփ` միեւնոյն ժամանակ ընդգծելով, որ այդ կառոյցը իրեն համար մեծ կարեւորութիւն ունի:

Նորընտիր նախագահը նաեւ նշած է, որ ՕԹԱՆ-ի անդամ պետութիւններուն ոչ բոլորը բաւականաչափ գումար կը վճարեն, ինչ որ, ըստ Թրամփի, շատ անարդար է Միացեալ Նահանգներուն համար:

«Մենք պէտք է պաշտպանենք այդ երկիրները, սակայն անոնցմէ շատերը չեն վճարեր անհրաժեշտ գումարը: Պարտաճանաչ վճարող երկիրները թիւով հինգ են, իսկ ատիկա այնքան ալ շատ չէ», աւելցուցած է Թրամփ:

Գերմանիոյ արտաքին գործոց նախարար Ֆրանք-Վալթեր Շթայնմայեր, անդրադառնալով Թրամփի յայտարարութեան, յայտնեց, որ ՕԹԱՆ մտահոգութեամբ ընկալած է Թրամփի այն յայտարարութիւնը, թէ դաշինքը ժամանակավրէպ կառոյց է:

Ան նշեց, որ իրենք պիտի սպասեն տեսնելու համար, թէ այդ յայտարարութիւնները 20 յունուարին Թրամփի երդման արարողութենէն ետք անոր քաղաքականութեան վրայ ի՛նչ ազդեցութիւն պիտի ունենան:

Նախորդը

«Գանձասար»Ի Խմբագրական – Յունուար Բ.- Պատմական Այցելութիւն Ճակատագրական Կոչ

Յաջորդը

Եգիպտական Դատարանը Սէուտական Արաբիոյ Հետ Ծովային Սահմանագծումը Չեղեալ Նկատող Վերջնական Վճիռ Մը Արձակեց

RelatedPosts

Յարձակումը` Միջանկեալ  Ընտրութիւններէն Անմիջապէս Ե՞տք.  Թրամփ. «Իրանի Մէջ Այժմ Չունիմ  Մէկը Որուն Հետ Բանակցիմ»
Գլխաւոր լուրեր

Յարձակումը` Միջանկեալ Ընտրութիւններէն Անմիջապէս Ե՞տք. Թրամփ. «Իրանի Մէջ Այժմ Չունիմ Մէկը Որուն Հետ Բանակցիմ»

October 24, 2026
Փեսքով. «Ապու Տապիի Մէջ Նոյեմբերի  Առաջին Կիսուն Տեղի Ունենալիք Բանակցութիւնները  Եռակողմ Ձեւաչափով Պիտի Ըլլան»
Միջազգային

Փեսքով. «Ապու Տապիի Մէջ Նոյեմբերի Առաջին Կիսուն Տեղի Ունենալիք Բանակցութիւնները Եռակողմ Ձեւաչափով Պիտի Ըլլան»

October 24, 2026
Գալիլիոյ Մօտ Յարձակումի Պատճառով  Իսրայէլացի 6 Զինուորներ Վիրաւորուեցան
Գլխաւոր լուրեր

Գալիլիոյ Մօտ Յարձակումի Պատճառով Իսրայէլացի 6 Զինուորներ Վիրաւորուեցան

October 24, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.