Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Թուրքիոյ Մէջ Գերմանիոյ Դեսպանատան Գործավարը Կանչուած Է Արտաքին Գործոց Նախարարութիւն

Յունուար 26, 2017
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

«Տէօչէ Վելլէ» կը հաղորդէ, որ Անգարա իր դժգոհութիւնը յայտնած է Գերմանիոյ, որովհետեւ այդ երկրին արդարադատութեան նախարարը ամանորի ընդունելութեան ընթացքին խօսք արտասանելու նպատակով հրաւիրած է թուրք լրագրող Ճան Տիւնտարը, որուն դէմ Թուրքիոյ մէջ ձերբակալման որոշում տրուած է:

Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը խնդիրին առնչութեամբ իր դիրքորոշումը յայտնելու նպատակով կանչած է Անգարայի մէջ Գերմանիոյ դեսպանատան գործավարը, որուն ըսուած է, թէ թրքական կողմը տարօրինակ կը նկատէ այդպիսի հրաւէրը` առաւել եւս հաշուի առնելով, որ Ճան Տիւնտարը Թուրքիոյ մէջ կ՛ուզեն ձերբակալել:

Գերմանիոյ մէջ Թուրքիոյ դեսպան Ալի Քեմալ Այտըն, որ նոյնպէս արարողութեան հրաւիրեալներու շարքին էր, մերժած է ատոր մասնակցիլ:

Գերմանիոյ արդարադատութեան նախարար Հայկօ Մաս 25 յունուարին տեղի ունենալիք ընդունելութեան թրքական «Ճումհուրիյէթ» օրաթերթի լրագրողը հրաւիրելով նպատակ ունեցած է ցոյց տալ, թէ որքա՛ն կարեւոր կը նկատէ Թուրքիոյ մէջ ժողովրդավարութեան եւ մամլոյ ազատութեան հարցը:

Յիշեցնենք, որ թրքական իշխանութիւնները Տիւնտարը կը մեղադրեն դաւաճանութեան եւ պետական գաղտնիքները հրապարակելու, ահաբեկչական խմբաւորման օգտին քարոզչութիւն կատարելու ամբաստանութեամբ:

 

Նախորդը

ԵԽԽՎ-ի Մէջ Թուրքիոյ Վերաբերեալ Յատուկ Նիստ Գումարելու Առաջարկը Մերժուած Է

Յաջորդը

Գնացքի Ճգնաժամէն Ետք Առաջին Հանդիպումի Ընթացքին. Սերպիան Եւ Քոսովոն Համաձայնութիւն Գոյացուցած Են Բարձր Մակարդակի Շարք Մը Բանակցութիւններու Շուրջ

RelatedPosts

Թրամփ. «Կազայի Մէջ Զինադադարը Տակաւին Ի Զօրու Է»
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ. «Կազայի Մէջ Զինադադարը Տակաւին Ի Զօրու Է»

Հոկտեմբեր 21, 2025
Զախարովա. «Փութին-Թրամփ Վեհաժողովի Պատրաստութեան Դիւանագիտական Աշխատանքը Ընթացքի Մէջ Է»
Միջազգային

Զախարովա. «Փութին-Թրամփ Վեհաժողովի Պատրաստութեան Դիւանագիտական Աշխատանքը Ընթացքի Մէջ Է»

Հոկտեմբեր 21, 2025
Մինչ Համաս Կը Հերքէ.  Նեթանիահու. «Ուժեղ Կերպով Պիտի Հակադարձենք Համասի Յարձակումին»
Միջազգային

Մինչ Համաս Կը Հերքէ. Նեթանիահու. «Ուժեղ Կերպով Պիտի Հակադարձենք Համասի Յարձակումին»

Հոկտեմբեր 20, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?