Եւրոպական խորհուրդի Խորհրդարանական վեհաժողովի (ԵԽԽՎ) ձմեռնային նստաշրջանի առաջին նիստին ընթացքին մերժուած է Թուրքիոյ վերաբերեալ յատուկ նիստ մը գումարելու առաջարկը:
Թրքական «Միլլիյէթ» օրաթերթը կը հաղորդէ, որ եթէ նիստ գումարելու առաջարկը ընդունուէր, ապա Սթրազպուրկի մէջ քննարկման պիտի դրուէր «Եւրոպական Միութեան համարկման հոլովոյթի ծիրին մէջ պահանջուող պարտականութիւնները չկատարելու» նիւթին շուրջ Թուրքիոյ մէջ նոր հսկողութիւն կատարելու հարցը:
ԵԽԽՎ-ի հսկողութեան յանձնախումբը 15 դեկտեմբեր 2016-ին դիմում ներկայացուցած էր 23-27 յունուար 2017-ին Սթրազպուրկի մէջ տեղի ունեցող ԵԽԽՎ-ի նիստի ընթացքին քննարկելու Թուրքիոյ մէջ տիրող իրավիճակը իբրեւ արտակարգ օրակարգային նիւթ: