Թուրքիոյ մէջ սկսած է քրտամէտ Ժողովուրդներու ժողովրդավարական կուսակցութեան համանախագահներ Սելահեթթին Տեմիրթաշի եւ Ֆիկեն Եիւքսեքտաղի դատավարութիւնը:
Անոնք քանի մը երեսփոխաններու կողքին ձերբակալուած էին 4 նոյեմբեր 2016-ին` ահաբեկչական կազմակերպութեան աջակցելու եւ ատոր քարոզչութիւնը կատարելու մեղադրանքով:
Ըստ «Տեմոքրաթհապեր»-ի, քանի մը մեղադրանքներու հիման վրայ դատարանը Տեմիրթաշի համար պահանջած է 43-էն մինչեւ 142 տարուան, իսկ Եիւքսեքտաղի համար` 30-էն մինչեւ 83 տարուան բանտարկութիւն: