Միջազգային

«Ռուսիա Միացեալ Նահանգներու Հետ  Պիտի Յստակացնէ Սուրիոյ Մէջ Ապահովութեան  Գօտիներու Ստեղծման Հարցը»  Կ՛ըսէ Լաւրով

«Ռուսիա Միացեալ Նահանգներու Հետ Պիտի Յստակացնէ Սուրիոյ Մէջ Ապահովութեան Գօտիներու Ստեղծման Հարցը» Կ՛ըսէ Լաւրով

ԹԱՍՍ լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով յայտարարած է, որ Սուրիոյ ընդդիմութեան, որ նախապայմաններ կը ներկայացնէ բանակցութիւններուն համար, անհրաժեշտ է համբերատարօրէն հրաւիրել բանակցային հոլովոյթի, սակայն չհամոզել: «Ես կը կարծեմ, որ անոնք, որոնք շահագրգռուած են սուրիական ճգնաժամի լուծումով եւ ստեղծումով այնպիսի պայմաններու, ուր սուրիացիները պիտի կարենան որոշել, թէ ինչպէ՛ս կ՛ուզեն տեսնել իրենց երկիրը, բոլորը պէտք է...

Սէուտական Արաբիան Հաւանութիւն Տուած Է  Սուրիոյ Եւ Եմէնի Մէջ Ապահովական  Գօտիներու Ստեղծման

Սէուտական Արաբիան Հաւանութիւն Տուած Է Սուրիոյ Եւ Եմէնի Մէջ Ապահովական Գօտիներու Ստեղծման

«Ռոյթըրզ» լրատու գործակալութիւնը վկայակոչելով Սպիտակ տան հրապարակած յայտարարութիւնը, կը հաղորդէ, որ Սէուտական Արաբիոյ Սալման թագաւորը Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփի հետ տեղի ունեցած հեռաձայնային հաղորդակցութենէն ետք հաւանութիւն տուած է Սուրիոյ եւ Եմէնի մէջ տեղահանուածներու համար ապահովական գօտիներու ստեղծման: Յայտարարութեան մէջ նաեւ կ՛ըսուի, թէ կողմերը համաձայնած են ամրապնդել Միջին Արեւելքի մէջ ՏԱՀԵՇ-ի զինեալներու ազդեցութեան տարածման հակազդելու միացեալ ջանքերը: Ուաշինկթըն եւ Ռիատ...

Թուրքիա Գերմանիայէն Կը Պահանջէ Վերադարձնել  Այդ Երկրին Մէջ Գտնուող Իր Զինուորները

Թուրքիա Գերմանիայէն Կը Պահանջէ Վերադարձնել Այդ Երկրին Մէջ Գտնուող Իր Զինուորները

«Տէօչէ Վելլէ»-ի թրքական ծառայութիւնը կը հաղորդէ, որ Թուրքիոյ պաշտպանութեան նախարար Ֆիքրի Ըշըք կոչ ուղղած է Գերմանիոյ իշխանութիւններուն ապաստան չտալու իրենց դիմած թուրք զինուորներուն: Գերմանական մամուլը հաղորդած էր, որ բարձրաստիճան թուրք զինուորները ապաստան խնդրած են Գերմանիայէն: Ի պատասխան այդ լուրերուն, Ըշըք ըսած է. «Գերմանական դատարանն ու իշխանութիւնները լրջօրէն պէտք է ուսումնասիրեն խնդիրը եւ կտրականապէս մերժեն ապաստան տրամադրելու դիմումները»: Նախարարը ընդգծած է,...

Էրտողան Հանրաքուէէն Առաջ Սկսած Նախընտրական  Քարոզարշաւին Մասնակցելու Համար  Պիտի Այցելէ Թուրքիոյ Շուրջ 40 Նահանգ

Էրտողան Հանրաքուէէն Առաջ Սկսած Նախընտրական Քարոզարշաւին Մասնակցելու Համար Պիտի Այցելէ Թուրքիոյ Շուրջ 40 Նահանգ

Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան անձամբ պիտի մասնակցի երկրի շուրջ 40 նահանգներու մէջ սահմանադրական փոփոխութիւններուն վերաբերող հանրաքուէէն առաջ սկսած նախընտրական քարոզարշաւին: Թրքական «Տեմոքրաթհապեր» կայքը կը գրէ, որ Էրտողան նախընտրական հանրահաւաքներու պիտի մասնակցի մայրաքաղաք Անգարայի, Պոլսոյ, Իզմիրի, Անթալիոյ, Ատանայի, Սամսոնի, Պուրսայի, Քոճայելիի, Քոնիոյ, Էրզրումի, Տիգրանակերտի, Եոզղաթի, Վանի մէջ եւ այլուր: Էրտողան նաեւ պիտի մասնակցի շարք մը պատկերասփիւռային յայտագիրներու, որոնց միջոցով պիտի...

«Հաւանաբար Աշխարհը Կը Թեւակոխէ  Պատմական Նոր Դարաշրջան»  Կ՛ըսէ Մերքել

«Հաւանաբար Աշխարհը Կը Թեւակոխէ Պատմական Նոր Դարաշրջան» Կ՛ըսէ Մերքել

«Ռոյթըրզ» լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ Գերմանիոյ վարչապետ Անկելա Մերքել համաձայն է այն միտքին, թէ աշխարհը կը թեւակոխէ պատմական նոր դարաշրջան` միեւնոյն ժամանակ ընդգծելով, որ համաշխարհային խնդիրներու լուծման համար անհրաժեշտ է ոչ թէ ամբոխավարութիւն, բեւեռացում, մեկուսացուածութիւն, այլ` ամէն ինչի նկատմամբ բաց մօտեցման ցուցաբերում: «Կը կարծեմ, որ Գերմանիոյ վերամիաւորումէն, Պաղ պատերազմի աւարտէն քառորդ դար ետք, հաւանական է, որ պատմական դարաշրջանի մը...

Ֆրանսայի Մէջ Ընկերվարական  Կուսակցութեան Թեկնածու  Դարձած Է Պենուա Ամոն

Ֆրանսայի Մէջ Ընկերվարական Կուսակցութեան Թեկնածու Դարձած Է Պենուա Ամոն

Ֆրանսայի նախագահի Ընկերվարական կուսակցութեան թեկնածուի ընտրութեան երկրորդ փուլին յաղթած է Պենուա Ամոն: Ընտրութիւններուն արդիւնքները արդէն տարածած են ֆրանսական եւ եւրոպական լրատուամիջոցները: «Պենուա Ամոնի ի նպաստ քուէարկած են քուէարկողներուն 58,65 առ հարիւրը, Մանուէլ Վալսի ի նպաստ` 41,35 առ հարիւրը», յայտարարած է ընկերվարականներու նախնական ընտրութիւններու բարձրագոյն մարմինի նախագահ Թոմա Քլէյ: «Ինթըրֆաքս» լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ հասարակական կարծիքի ուսումնասիրութեան «Իֆոփ» խումբին համաձայն,...

«Ազրպէյճան Ռուսիոյ Հետ Բանակցութիւններ  Կը Վարէ Նոր Զէնքի Մատակարարումներու Վերաբերեալ»  Կ՛ըսէ Ալիեւ

«Ազրպէյճան Ռուսիոյ Հետ Բանակցութիւններ Կը Վարէ Նոր Զէնքի Մատակարարումներու Վերաբերեալ» Կ՛ըսէ Ալիեւ

Ազրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ «ՌԻԱ Նովոսթի»-ի հետ հարցազրոյցի ընթացքին վերջերս յայտնած է, որ Պաքու Մոսկուայի հետ բանակցութիւններ կը վարէ նոր սպառազինութեան մատակարարումներու վերաբերեալ եւ «հետաքրքրուած է պաշտպանութեան նորագոյն համակարգերով»: «Այո՛, մենք բանակցութիւններ կը վարենք նոր գնումներու վերաբերեալ: Ձեզի աւելի ծանօթ է, թէ որքա՛ն զարգացած է ռուսական զինուորական արդիւնաբերութիւնը: Մենք հետաքրքրուած ենք հիմնականին մէջ ամէնէն ժամանակակից պաշտպանական սպառազինութիւններով, նոր զէնքերու ստեղծումով:...

Թրամփ Կը Նահանջէ Սուրիոյ Մէջ Ապահով  Գօտիներ Յառաջացնելու Իր Մտադրութենէն.  Դատաւորներ Ժամանակաւոր Կերպով  Կը Կասեցնեն Արտաքսումներու Վերաբերեալ  Նախագահական Հրամանագիրի Գործադրութիւնը

Թրամփ Կը Նահանջէ Սուրիոյ Մէջ Ապահով Գօտիներ Յառաջացնելու Իր Մտադրութենէն. Դատաւորներ Ժամանակաւոր Կերպով Կը Կասեցնեն Արտաքսումներու Վերաբերեալ Նախագահական Հրամանագիրի Գործադրութիւնը

Սպիտակ տունէն բարձրաստիճան պաշտօնատար մը յայտարարեց, որ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփի վարչակազմը ներկայիս Սուրիոյ մէջ ապահով գօտիներ ստեղծելու հարցը չի սերտեր աշխուժ կերպով` աւելցնելով, որ այդ հարցը պիտի սերտուի «յարմար պահուն»: Թրամփ չորեքշաբթի օր ամերիկեան «Էյ.Պի.Սի.» պատկերասփիւռի կայանին հետ հարցազրոյցի մը ընթացքին յայտարարած էր, որ Սուրիոյ մէջ պիտի ստեղծէ ապահով գօտիներ` պաշտպանելու համար բռնարարքներէն փախուստ տուող անձերը: Միւս կողմէ,...

Թրամփ-Փութին Առաջին  Հեռաձայնային Հաղորդակցութիւն

Թրամփ-Փութին Առաջին Հեռաձայնային Հաղորդակցութիւն

Շաբաթ երեկոյեան տեղի ունեցաւ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփի եւ Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութինի առաջին հեռաձայնային հաղորդակցութիւնը: Սպիտակ տունը յայտնեց, որ անոնց զրոյցը դարձած է յարաբերութիւններու բարելաւման կարեւոր սկիզբ: «Յաջող զրոյցը դարձաւ կարեւոր սկզբնական քայլ` բարելաւելու համար Միացեալ Նահանգներու եւ Ռուսիոյ միջեւ յարաբերութիւնները, որոնք անհրաժեշտ է շտկել», կը նշէ Սպիտակ տունը: «Զրոյցը տեւած է շուրջ մէկ ժամ, ծաւալած է այնպիսի...

Նեթանիահու. «Բոլոր Դեսպանատուները  Պէտք Է Թել Աւիւէն Երուսաղէմ Տեղափոխուին»

Նեթանիահու. «Բոլոր Դեսպանատուները Պէտք Է Թել Աւիւէն Երուսաղէմ Տեղափոխուին»

«Էսոշիէյթըտ Փրես» կը հաղորդէ, որ Իսրայէլի վարչապետ Պենիամին Նեթանիահու յայտնած է, որ ինք մտադիր չէ փոխել ամերիկեան դեսպանատունը Երուսաղէմ տեղափոխելու հարցին առնչութեամբ իր դիրքորոշումը: Կ՛ենթադրուի, որ անոր յայտարարութիւնը առնչուած է իսրայէլեան լրատուամիջոցներու հրապարակումներուն, ըստ որոնց, ամերիկեան դեսպանատան տեղափոխումը կը խոչընդոտուի պաղեստինցիներու հետ բռնկած նոր տագնապին պատճառով: «Պիտի ուզէի այս առիթէն օգտուիլ եւ միանգամընդմիշտ յստակացնել մեր դիրքորոշումը, որ միշտ եղած է...

Եւրոպական Խորհրդարանի Զեկուցողը  Բացասաբար Կը Վերաբերի Թուրքիոյ Մէջ  Սահմանադրական Փոփոխութիւններուն

Եւրոպական Խորհրդարանի Զեկուցողը Բացասաբար Կը Վերաբերի Թուրքիոյ Մէջ Սահմանադրական Փոփոխութիւններուն

Թրքական «Տեմոքրաթհապեր» կայքը կը հաղորդէ, որ Եւրոպական խորհրդարանի Թուրքիոյ հարցով զեկուցող Քեթի Փիրի համոզում յայտնած է, որ Թուրքիոյ մէջ նախատեսուող սահմանադրական փոփոխութիւնները պիտի թուլացնեն երկրին մէջ օրէնքի գերակայութիւնը: «Հասարակութեան մը մէջ, ուր ժողովրդավարութեան հիմերը կը թուլացուին, մէկ մարմինի` այսինքն` նախագահի ձեռքը աւելի ուժ կեդրոնացնելը երկրին մէջ պիտի թուլացնէ օրէնքի գերակայութիւնը», նշած է ան: Փիրի անդրադարձած է Թուրքիոյ մէջ մամուլի ազատութեան...

Թրամփի Խորհրդականի Ռուսիոյ Հետ  Կապերուն Շուրջ Հետաքննութիւն

Թրամփի Խորհրդականի Ռուսիոյ Հետ Կապերուն Շուրջ Հետաքննութիւն

Ամերիկեան «Տը Ուոլ Սթրիթ Ճըռնըլ» օրաթերթը, վկայակոչելով աղբիւրներ, կը հաղորդէ, որ ամերիկեան հակահետախուզութիւնը հետաքննութիւն կատարած է Ռուսիոյ հետ Միացեալ Նահանգներու նախագահի ազգային անվտանգութեան հարցերով խորհրդական Մայքըլ Ֆլինի կապերուն վերաբերեալ: Թերթին տուեալներով` հետաքննութեան ենթարկուած են ո՛չ միայն Ռուսիոյ դեսպան Սերկէյ Քիսլիաքի հետ Ֆլինի խօսակցութիւնները, այլ նաեւ ռուսական կողմի ներկայացուցիչներուն հետ անոր` նախապէս ունեցած կապերը: Կը նշուի, որ ներկայիս չկան վերջնական տուեալներ...

«Քալիֆորնիան Մեր Հայրենիքն Է»  Շարժումը Նահանգի Անկախութեան Շուրջ  Հանրաքուէի Համար Ստորագրահաւաքի  Արտօնութիւն Ստացած Է

«Քալիֆորնիան Մեր Հայրենիքն Է» Շարժումը Նահանգի Անկախութեան Շուրջ Հանրաքուէի Համար Ստորագրահաւաքի Արտօնութիւն Ստացած Է

Քալիֆորնիոյ իշխանութիւնները յայտարարեցին, որ նահանգի անկախութիւնը պահանջող «Քալիֆորնիան մեր հայրենիքն է» շարժումին արտօնած են ստորագրահաւաք կատարելու հանրաքուէի մը համար, որուն ընթացքին քուէարկողները պիտի ընտրեն, եթէ կ՛ուզեն Միացեալ Նահանգներէն անջատուիլ կամ ոչ: Շարժումը մինչեւ 25 յունիս պէտք է հաւաքէ 585.407 ստորագրութիւն, այսինքն` 40 միլիոն բնակչութիւն ունեցող նահանգին մէջ արձանագրուած քուէարկողներուն 8 առ հարիւրին զօրակցութիւնը ապահովէ: «Լոս Անճելըս Թայմզ» կը նշէ, որ...

Ժընեւի Միջսուրիական Բանակցութիւնները Յետաձգուած Են Մինչեւ Փետրուարի Վերջ

Ժընեւի Միջսուրիական Բանակցութիւնները Յետաձգուած Են Մինչեւ Փետրուարի Վերջ

Ժընեւի միջսուրիական բանակցութիւնները 8 փետրուարէն յետաձգուած են մինչեւ փետրուար ամսուան վերջ: ԹԱՍՍ լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ այդ մասին յայտարարած է Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով` ընդդիմութեան ներկայացուցիչներուն հետ երէկ Մոսկուայի մէջ իր ունեցած հանդիպումին ընթացքին: «Վերստին այդ թուականը 8 փետրուարէն տեղափոխուած է ամսուան վերջը», ըսած է ան: ՄԱԿ աւելի ուշ յայտարարեց, որ այդ հարցը տակաւին հաստատ չէ, եւ...

«Սպիտակ Տունը Սուրիոյ Մէջ Ապահով Գօտիներու Ծրագիրին Շուրջ  Ռուսիոյ Հետ Չխորհրդակցեցաւ»  Կ՛ըսէ Փեսքով

«Սպիտակ Տունը Սուրիոյ Մէջ Ապահով Գօտիներու Ծրագիրին Շուրջ Ռուսիոյ Հետ Չխորհրդակցեցաւ» Կ՛ըսէ Փեսքով

Քրեմլինի բանբեր Տմիթրի Փեսքով երէկ յայտնեց, որ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփի վարչակազմը Սուրիոյ մէջ տեղահանուածներու համար ապահով գօտիներու հաստատման ծրագիր յայտարարելէն առաջ Ռուսիոյ հետ չխորհրդակցեցաւ: Փեսքով հեռաձայնային հաղորդակցութեան մը ընթացքին լրագրողներու յայտնեց, որ «մեր ամերիկացի գործընկերները մեզ մասնակից չդարձուցին, եւ ասիկա գերիշխանական որոշում մըն է»` նշելով, որ Ուաշինկթըն պէտք է Սուրիոյ մէջ այդպիսի գօտիներ ստեղծելու հետեւանքները սերտէ` տեղահանուածներուն տառապանքները...

Քրեմլին. «Ասթանայի Մէջ Միջսուրիական  Բանակցութիւնները Փաստեցին  Իրենց Յաջողութիւնը»

Քրեմլին. «Ասթանայի Մէջ Միջսուրիական Բանակցութիւնները Փաստեցին Իրենց Յաջողութիւնը»

Քրեմլին իր պատրաստակամութիւնը յայտարարեց «անհրաժեշտութեան պարագային» Ղազախստանի մայրաքաղաք Ասթանայի մէջ նոր բանակցութիւններ կազմակերպելու` նշելով. «Ասթանայի մէջ միջսուրիական բանակցութիւնները փաստեցին իրենց յաջողութիւնը»: Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով իր կարգին նշեց. «Ասթանայի ժողովի արդիւնքները պիտի յանգեցնեն սուրիական հարցի քաղաքական լուծման հոլովոյթի յառաջ մղումին»: Միւս կողմէ, թրքական «Հապեր սոլ» կայքը հաղորդեց, որ Ասթանայի բանակցութիւններուն մասնակցող սուրիական ընդդիմութեան ներկայացուցիչներէն մէկը լրատուամիջոցներու հետ զրոյցի...

Լափշին Բողոքարկած Է Պիելոռուսիոյ  Ընդհանուր Դատախազութեան Որոշումը

Լափշին Բողոքարկած Է Պիելոռուսիոյ Ընդհանուր Դատախազութեան Որոշումը

«Սփութնիք»-ի պիելոռուսական ծառայութիւնը` յղում կատարելով Մինսքի քաղաքային դատարանին, կը հաղորդէ, որ Ռուսիոյ եւ Իսրայէլի քաղաքացի, պլոկըր Ալեքսանտր Լափշին բողոքարկած է զինք Ազրպէյճանին արտայանձնելու Պիելոռուսիոյ ընդհանուր դատախազութեան որոշումը: Քաղաքային դատարանի նախագահի օգնական Անասթազիա Շիլվիա «Սփութնիք»-ին յայտնած է, որ «Լափշինի բողոքարկումը հասած է Մինսքի քաղաքային դատարան»` աւելցնելով, որ բողոքարկումը 26 յունուարին պիտի ուսումնասիրուի Մինսքի քաղաքային դատարանին մէջ` դռնփակ նիստի մը ընթացքին: Լափշինը...

Սպիտակ Տունը Կը Պարզաբանէ Մոսկուայի Հետ  Յարաբերութիւնները Կարգաւորելու  Թրամփի Մտադրութիւնը

Սպիտակ Տունը Կը Պարզաբանէ Մոսկուայի Հետ Յարաբերութիւնները Կարգաւորելու Թրամփի Մտադրութիւնը

Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփի մամլոյ քարտուղար Շան Սփայսըր, պատասխանելով ԹԱՍՍ լրատու գործակալութեան հարցումին, յայտնած է, թէ Թրամփ վստահ է, որ իր երկիրը պիտի կարենայ կարգաւորել յարաբերութիւնները Ռուսիոյ հետ, «որովհետեւ ինք գերազանց կերպով կը կարողանայ գործառքներ կնքել»: «Ան կարելի եղածին չափ ամէն բան պիտի ընէ մեր երկրին շահերը պաշտպանելու համար», նշած է Սպիտակ տան բանբերը` աւելցնելով, որ ատիկա կը վերաբերի...

«Եթէ Կառավարման Նախագահական Համակարգին  Թեր Քուէարկէք` Ահաբեկչութիւնը Պիտի Դադրի»  Կ՛ըսէ Քուրթուլմուշ

«Եթէ Կառավարման Նախագահական Համակարգին Թեր Քուէարկէք` Ահաբեկչութիւնը Պիտի Դադրի» Կ՛ըսէ Քուրթուլմուշ

Թուրքիոյ փոխվարչապետ, կառավարութեան բանբեր Նուման Քուրթուլմուշ «Էն.Թի.Վի.» պատկերասփիւռի կայանէն ներկայացուցած է դրդապատճառները, թէ ինչո՛ւ պէտք է անպայման կողմ քուէարկել սահմանադրական փոփոխութիւններու նախագիծին` գարնան տեղի ունենալիք հանրաքուէի ընթացքին: Թրքական «Ճումհուրիյէթ» օրաթերթը կը գրէ, որ Քուրթուլմուշ անուղղակիօրէն սպառնացած է ժողովուրդին` նշելով, որ այս ընթացքին Թուրքիոյ մէջ կրնան շարունակուիլ ահաբեկչական յարձակումները, մինչդեռ եթէ ժողովուրդը «այո՛» ըսէ կառավարման նախագահական համակարգին անցնելու առաջարկին, ահաբեկիչները պիտի...

Գնացքի Ճգնաժամէն Ետք  Առաջին Հանդիպումի Ընթացքին.  Սերպիան Եւ Քոսովոն Համաձայնութիւն  Գոյացուցած Են Բարձր Մակարդակի  Շարք Մը Բանակցութիւններու Շուրջ

Գնացքի Ճգնաժամէն Ետք Առաջին Հանդիպումի Ընթացքին. Սերպիան Եւ Քոսովոն Համաձայնութիւն Գոյացուցած Են Բարձր Մակարդակի Շարք Մը Բանակցութիւններու Շուրջ

Սերպիան եւ Քոսովոն բարձր մակարդակի շարք մը բանակցութիւններ պիտի կատարեն: ԹԱՍՍ լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ այդ որոշումը որդեգրուած է 24 յունուարին Եւրոպական Միութեան արտաքին քաղաքականութեան գերագոյն յանձնակատար Ֆետերիքա Մոկերինիի մասնակցութեամբ եւ միջնորդութեամբ Սերպիոյ նախագահ Թոմիսլաւ Նիքոլիչի, Սերպիոյ վարչապետ Ալեքսանտր Վուչիչի եւ Քոսովոյի նախագահ Հաշիմ Թաչիի ու վարչապետ Իսա Մուսթաֆայի հանդիպումին ընթացքին: «Հանդիպումը աւարտեցաւ, զրոյցը ծանր էր: Մենք համաձայնութեան եկանք...

Page 726 of 882 1 … 725 726 727 … 882

Արխիւներ