Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Եւրոպական Խորհրդարանի Զեկուցողը Բացասաբար Կը Վերաբերի Թուրքիոյ Մէջ Սահմանադրական Փոփոխութիւններուն

Յունուար 30, 2017
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Թրքական «Տեմոքրաթհապեր» կայքը կը հաղորդէ, որ Եւրոպական խորհրդարանի Թուրքիոյ հարցով զեկուցող Քեթի Փիրի համոզում յայտնած է, որ Թուրքիոյ մէջ նախատեսուող սահմանադրական փոփոխութիւնները պիտի թուլացնեն երկրին մէջ օրէնքի գերակայութիւնը:

«Հասարակութեան մը մէջ, ուր ժողովրդավարութեան հիմերը կը թուլացուին, մէկ մարմինի` այսինքն` նախագահի ձեռքը աւելի ուժ կեդրոնացնելը երկրին մէջ պիտի թուլացնէ օրէնքի գերակայութիւնը», նշած է ան:

Փիրի անդրադարձած է Թուրքիոյ մէջ մամուլի ազատութեան ոտնահարման խնդիրին` ըսելով. «Այլընտրանք չկայ, քան կոչ ուղղելը Եւրոպական խորհրդարանին ժամանակաւոր կերպով առկախելու Եւրոպական Միութեան անդամակցութեան բանակցութիւնները: Քաղաքական ուղերձը, որ կ՛ուզենք յղել թրքական կառավարութեան, հետեւեալն է. եթէ լրջօրէն կը փափաքիք անդամակցիլ Եւրոպական Միութեան, այս չէ այն ճամբան, որով պէտք է յառաջ շարժիք»:

Եւրոպական խորհրդարանի ներկայացուցիչը համոզում յայտնած է, որ իրենց ուղերձը բաց է եւ յստակ: Ան յոյս յայտնած է, որ Թուրքիոյ կառավարութիւնը պիտի վերադառնայ բարեփոխումներու ճամբայ:

Մինչ այդ, «Անատոլու» լրատու գործակալութիւնը հաղորդեց, որ Թուրքիոյ ընդդիմադիր Հանրապետական ժողովուրդի կուսակցութեան անդամներն ու անոնց ղեկավար Քեմալ Քըլըճտարօղլուն բողոքի ցոյցեր ու հանրահաւաքներ պիտի կատարեն երկրին 81 նահանգներուն մէջ` փորձելով ժողովուրդին համոզել սահմանադրական փոփոխութիւններու վերաբերեալ նախագիծին դէմ քուէարկելու:

Կուսակցութեան կեդրոնական գրասենեակէն յայտնած են, որ իրենց պայքարին պիտի միանան նաեւ ընդդիմադիր լրատուամիջոցները, ինչպէս նաեւ աշխուժ քարոզչութիւն պիտի կատարուի Թուրքիոյ բոլոր քաղաքներուն մէջ` թռուցիկներու, ժողովներու եւ տարբեր հիմնարկներ ու նոյնիսկ քաղաքացիներու տուներ այցելութիւններու ձեւով:

Միւս կողմէ, Թուրքիոյ մէջ ալեւիական «Պեքթաշի» դաշնակցութեան նախագահ Մուհիթթին Եըլտըզ յայտարարած է, որ երկրին իշխող Արդարութիւն եւ բարգաւաճում կուսակցութեան կողմէ կազմուած եւ խորհրդարանի ձայներու մեծամասնութեամբ որդեգրուած սահմանադրական փոփոխութիւններու նախագիծին մէջ անտեսուած են ալեւիներու կրօնական իրաւունքներն ու ազատութիւնը:

Թրքական «Ճումհուրիյէթ» օրաթերթը կը հաղորդէ, որ Եըլտըզ յայտնած է, որ իրենց դաշնակցութեան ծիրին մէջ իրենք նիստեր հրաւիրած են Անգարայի եւ Երզնկայի մէջ, որմէ ետք նիստեր պիտի գումարուին Պոլսոյ , Անթալիոյ, Իզմիրի, Մերսինի եւ Ատըեամանի մէջ:

Եըլտըզ յայտարարած է, որ նախատեսուած հանրաքուէի ընթացքին իրենք պիտի չքուէարկեն սահմանադրութեան այս տարբերակի օգտին եւ տարբեր հանդիպումներու ընթացքին նոյնը ընելու կոչ պիտի ուղղեն ամբողջ Թուրքիոյ ալեւիներուն:

Նախորդը

Թրամփի Խորհրդականի Ռուսիոյ Հետ Կապերուն Շուրջ Հետաքննութիւն

Յաջորդը

Նեթանիահու. «Բոլոր Դեսպանատուները Պէտք Է Թել Աւիւէն Երուսաղէմ Տեղափոխուին»

RelatedPosts

Թրամփ. «Իսրայէլ Իրաւունք Ունի Վրէժ Լուծելու,  Եւ Համասը Միջին Արեւելքի  Համաձայնութեան Մէջ Փոքր Բաժին Մըն Է»
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ. «Իսրայէլ Իրաւունք Ունի Վրէժ Լուծելու, Եւ Համասը Միջին Արեւելքի Համաձայնութեան Մէջ Փոքր Բաժին Մըն Է»

Հոկտեմբեր 30, 2025
Այսօր Հարաւային Քորէայի Մէջ  Թրամփ-Ճինփինկ Հանդիպում
Միջազգային

Այսօր Հարաւային Քորէայի Մէջ Թրամփ-Ճինփինկ Հանդիպում

Հոկտեմբեր 30, 2025
Թրամփ Հարաւային Քորէայի Հետ Առեւտրական  Համաձայնութեան Գոյացումը Յայտարարեց
Միջազգային

Թրամփ Հարաւային Քորէայի Հետ Առեւտրական Համաձայնութեան Գոյացումը Յայտարարեց

Հոկտեմբեր 30, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?