Ֆրանսայի նախագահի Ընկերվարական կուսակցութեան թեկնածուի ընտրութեան երկրորդ փուլին յաղթած է Պենուա Ամոն:
Ընտրութիւններուն արդիւնքները արդէն տարածած են ֆրանսական եւ եւրոպական լրատուամիջոցները:
«Պենուա Ամոնի ի նպաստ քուէարկած են քուէարկողներուն 58,65 առ հարիւրը, Մանուէլ Վալսի ի նպաստ` 41,35 առ հարիւրը», յայտարարած է ընկերվարականներու նախնական ընտրութիւններու բարձրագոյն մարմինի նախագահ Թոմա Քլէյ:
«Ինթըրֆաքս» լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ հասարակական կարծիքի ուսումնասիրութեան «Իֆոփ» խումբին համաձայն, երկրորդ փուլին մասնակցած են շուրջ երկու միլիոն քուէարկողներ:
2011-ին ընկերվարականներու նախնական ընտրութիւններուն մասնակցած էր 2,8 միլիոն ընտրող: