Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Թրամփ Կը Նահանջէ Սուրիոյ Մէջ Ապահով Գօտիներ Յառաջացնելու Իր Մտադրութենէն. Դատաւորներ Ժամանակաւոր Կերպով Կը Կասեցնեն Արտաքսումներու Վերաբերեալ Նախագահական Հրամանագիրի Գործադրութիւնը

January 30, 2017
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Սպիտակ տունէն բարձրաստիճան պաշտօնատար մը յայտարարեց, որ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփի վարչակազմը ներկայիս Սուրիոյ մէջ ապահով գօտիներ ստեղծելու հարցը չի սերտեր աշխուժ կերպով` աւելցնելով, որ այդ հարցը պիտի սերտուի «յարմար պահուն»:

Թրամփ չորեքշաբթի օր ամերիկեան «Էյ.Պի.Սի.» պատկերասփիւռի կայանին հետ հարցազրոյցի մը ընթացքին յայտարարած էր, որ Սուրիոյ մէջ պիտի ստեղծէ ապահով գօտիներ` պաշտպանելու համար բռնարարքներէն փախուստ տուող անձերը:

Միւս կողմէ, Թրամփ ուրբաթ օր ստորագրեց հրամանագիր մը, որ 90 օրով կ՛արգիլէ Իրանէն, Իրաքէն, Լիպիայէն, Սոմալիէն, Սուտանէն, Սուրիայէն եւ Եմէնէն քաղաքացիներու Միացեալ Նահանգներ մուտքը: Հրամանագիրի հրապարակման ժամանակ արդէն դէպի Միացեալ Նահանգներ թռիչք կը կատարէին եւ նոյնիսկ մուտքի արտօնագիրներ ու գաղթի այլ փաստաթուղթեր ունէին անձեր, որոնք ամերիկեան հողամաս հասնելէ ետք ձերբակալուեցան: «Պի.Պի.Սի.» կը նշէ, որ շուրջ 100-200 անձեր արգելափակուած են օդակայաններու մէջ:

Ամերիկեան քաղաքային իրաւունքներու միութիւնը այս հարցով դատ բացաւ: Հազարաւոր անձեր այս տնօրինումին դէմ ցոյցեր կատարեցին:

Նիւ Եորքի մէջ դաշնակցային դատաւոր Ան Տանըլի արգելք հանդիսացաւ Միացեալ Նահանգներ մուտք գործելու օրինական փաստաթուղթերու տէր անձերուն երկրէն արտաքսման:

Պոսթընի մէջ դատաւոր մը որոշեց, որ Լոկըն միջազգային օդակայանին մէջ ձերբակալուած Մասաչուսեց համալսարանի դասախօս երկու իրանցիները պէտք է ազատ արձակուին:

Վըրճինիա նահանգին մէջ դատաւոր մը հրամայեց Տալըս օդակայանին մէջ ձերբակալուած «Կանաչ քարտ» ունեցողներուն արտաքսումը արգիլել:

Սիեթըլի մէջ դատաւոր մը հրամայեց անմիջապէս սառեցնել երկու անձեր Միացեալ Նահանգներէն վտարելու քայլը:

Ամերիկեան իշխանութիւնները վեց անձերէ բաղկացած սուրիացի ընտանիք մը քաթարեան օդանաւային ընկերութեան պատկանող օդանաւով մը Միացեալ Նահանգներէն Տոհայի ճամբով Պէյրութ վտարեցին:

Թրամփի որոշումը նաեւ արժանացաւ միջազգային քննադատութեան:

Իրան սպառնաց Միացեալ Նահանգներու քաղաքացիներուն մուտքը արգիլել: Գերմանիոյ վարչապետ Անկելա Մերքել յայտարարութիւն մը հրապարակելով նշեց. «Նոյնիսկ ահաբեկչութեան դէմ անհրաժեշտ պայքարը չի կրնար արդարացնել որոշ ծագումի կամ հաւատքի տէր մարդիկ առնել ընդհանուր կասկածի տակ»:

Բրիտանիոյ վարչապետ Թերեզա Մէյի մէկ բանբերը ըսաւ, որ վերջինս «համաձայն չէ» սահմանափակումներուն: Մէյ իր երկրին մէջ քննադատութեան ենթարկուեցաւ «հակազդելու առումով ուշանալուն» համար: Ֆրանսայի նախագահութեան անկախ թեկնածու Էմանուէլ Մաքրոն «Թուիթըր»-ի վրայ գրեց. «Ես պատերազմէ եւ հալածանքէ փախուստ տուող մարդոց կողքին կը կանգնիմ»:

Նախորդը

Թրամփ-Փութին Առաջին Հեռաձայնային Հաղորդակցութիւն

Յաջորդը

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

RelatedPosts

Յարձակումը` Միջանկեալ  Ընտրութիւններէն Անմիջապէս Ե՞տք.  Թրամփ. «Իրանի Մէջ Այժմ Չունիմ  Մէկը Որուն Հետ Բանակցիմ»
Գլխաւոր լուրեր

Յարձակումը` Միջանկեալ Ընտրութիւններէն Անմիջապէս Ե՞տք. Թրամփ. «Իրանի Մէջ Այժմ Չունիմ Մէկը Որուն Հետ Բանակցիմ»

October 24, 2026
Փեսքով. «Ապու Տապիի Մէջ Նոյեմբերի  Առաջին Կիսուն Տեղի Ունենալիք Բանակցութիւնները  Եռակողմ Ձեւաչափով Պիտի Ըլլան»
Միջազգային

Փեսքով. «Ապու Տապիի Մէջ Նոյեմբերի Առաջին Կիսուն Տեղի Ունենալիք Բանակցութիւնները Եռակողմ Ձեւաչափով Պիտի Ըլլան»

October 24, 2026
Գալիլիոյ Մօտ Յարձակումի Պատճառով  Իսրայէլացի 6 Զինուորներ Վիրաւորուեցան
Գլխաւոր լուրեր

Գալիլիոյ Մօտ Յարձակումի Պատճառով Իսրայէլացի 6 Զինուորներ Վիրաւորուեցան

October 24, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.