
Քալիֆորնիոյ իշխանութիւնները յայտարարեցին, որ նահանգի անկախութիւնը պահանջող «Քալիֆորնիան մեր հայրենիքն է» շարժումին արտօնած են ստորագրահաւաք կատարելու հանրաքուէի մը համար, որուն ընթացքին քուէարկողները պիտի ընտրեն, եթէ կ՛ուզեն Միացեալ Նահանգներէն անջատուիլ կամ ոչ:
Շարժումը մինչեւ 25 յունիս պէտք է հաւաքէ 585.407 ստորագրութիւն, այսինքն` 40 միլիոն բնակչութիւն ունեցող նահանգին մէջ արձանագրուած քուէարկողներուն 8 առ հարիւրին զօրակցութիւնը ապահովէ:
«Լոս Անճելըս Թայմզ» կը նշէ, որ ներկայիս Միացեալ Նահանգներու կազմէն Քալիֆորնիոյ դուրս գալը անկարելի է` նահանգի օրէնսդրութեան մէջ երկու կէտի պատճառով: Առաջինը նահանգի տարածքը կ՛անուանէ «Միացեալ Նահանգներու անբաժանելի մասը», իսկ միւսը ամերիկեան սահմանադրութիւնը կը ճանչնայ իբրեւ նահանգի հիմնական օրէնքը:


