Սերպիան եւ Քոսովոն բարձր մակարդակի շարք մը բանակցութիւններ պիտի կատարեն:
ԹԱՍՍ լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ այդ որոշումը որդեգրուած է 24 յունուարին Եւրոպական Միութեան արտաքին քաղաքականութեան գերագոյն յանձնակատար Ֆետերիքա Մոկերինիի մասնակցութեամբ եւ միջնորդութեամբ Սերպիոյ նախագահ Թոմիսլաւ Նիքոլիչի, Սերպիոյ վարչապետ Ալեքսանտր Վուչիչի եւ Քոսովոյի նախագահ Հաշիմ Թաչիի ու վարչապետ Իսա Մուսթաֆայի հանդիպումին ընթացքին:
«Հանդիպումը աւարտեցաւ, զրոյցը ծանր էր: Մենք համաձայնութեան եկանք Եւրոպական Միութեան աջակցութեամբ շարունակելու բանակցութիւնները, բարձր մակարդակի երկխօսութիւններու շարքը», ըստ «Թանժուկ» լրատու գործակալութեան` ըսած է Վուչիչ:
Քովոսոյի նախագահ Հաշիմ Թաչի իր կարգին ընդգծած է, որ բանակցութիւնները ծանր էին: Ըստ անոր, հանդիպումին ընթացքին Քոսովոյի ներկայացուցիչները յստակ կերպով հասկցուցած են, որ «Քոսովոն հանդէս պիտի գայ իբրեւ անկախ եւ գերիշխան պետութիւն»:
Բանակցութիւններու ներկայ փուլը տեղի ունեցած է Պելկրատ-Քոսովօ-Միթրովիցա գնացքին հետ կապուած ճգնաժամէն ետք, որ ամէնէն սուր ճգնաժամերէն մէկն էր 2008-ին Քոսովոյի անկախութեան միակողմանի հռչակումի պահէն ի վեր:
Յիշեցնենք, որ սերպական իշխանութիւնները կիրակի, 15 յունուարին կանգնեցուցած էին սերպական դրօշի գոյներով ներկուած եւ վրան քանի մը լեզուներով «Քոսովոն Սերպիա է» գրուած գնացք մը: Քոսովոյի իշխանութիւնները նախաձեռնութիւնը նկատած էին «վտանգաւոր սադրանք» մը, իսկ երկրին նախագահը հրամայած էր անհրաժեշտ միջոցառումները որդեգրելու` կանգնեցնելու համար երթը այդ գնացքին, որ կը վտանգէ Քոսովոյի գերիշխանութիւնը: Սերպիոյ վարչապետը իր կարգին յայտնած էր. «Քոսովոյի իշխանութիւնները մասնայատուկ զինեալ խումբ մը ուղարկեցին Սերպիոյ հետ սահման` գնացքի վարորդն ու անոր հետ բոլոր ճամբորդները կանգնեցնելու համար»: Սերպիոյ նախագահը սպառնացած էր. «Զինուորական ուժեր պիտի ուղարկենք Քոսովօ, եթէ մեր երկրի բնակիչներուն դէմ որեւէ սպառնալիք ըլլայ»: