Էրտողան. «Թրքական Ուժերը Հասան Պապի Կեդրոնը Եւ Այդ Քաղաքէն Ետք Պիտի Ուղղուին Մընպեժ Եւ Ռաքքա»
Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան երէկ Պոլսոյ մէջ դէպի Արաբական ծոց շրջապտոյտի մեկնելէ առաջ տրուած մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին յայտնեց, որ իր երկրին ուժերը հասած են սուրիական Պապ քաղաքի կեդրոնը` նշելով, որ քաղաքը բոլոր կողմերէն պաշարուած է թրքական ուժերուն եւ Սուրիական ազատ բանակին կողմէ, որոնք գրաւած են քաղաքի հիւանդանոցը` այդպիսով ամբողջացնելով «գործողութեան կարեւորագոյն բաժինը»: «Պապ քաղաքէն ետք թրքական ուժերը պիտի...




















