«Անատոլու» լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ Միացեալ Նահանգներու փոխնախագահ Մայք Փենս հեռաձայնային հաղորդակցութիւն ունեցած է Թուրքիոյ վարչապետ Պինալի Եըլտըրըմի հետ:
Միացեալ Նահանգներու փոխնախագահը իր ցաւակցութիւնը յայտնած է Թուրքիոյ վարչապետին Սուրիոյ հիւսիսը թուրք զինուորներու մահուան առիթով, ինչպէս նաեւ շեշտած, որ իր երկիրը պատրաստ է ահաբեկչութեան դէմ պայքարին մէջ աջակցելու Թուրքիոյ:
Փենս հաղորդակցութեան ընթացքին նաեւ ընդգծած է, որ թուրք-ամերիկեան յարաբերութիւնները այսուհետեւ պիտի թեւակոխեն նոր փուլ: