Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Թրամփի Յայտարարութիւնները Մեզ Չեն Վախցներ, Եւ Ուաշինկթըն Մօտ Օրէն Պիտի Տեսնէ Իրանցի Ժողովուրդին Կեցուածքը» Ըսաւ Խամենէի

February 8, 2017
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Իրանի գերագոյն հոգեւոր պետ այաթոլլա Ալի Խամենէի յայտնեց, որ իր երկիրը չի վախնար Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփի սպառնալիքներէն` շնորհակալութիւն յայտնելով, որ ան «Ամերիկայի իսկական դէմքը բացայայտեց»:

«Իրանցիները ուրբաթ օր իսլամական յեղափոխութեան տարեդարձին պիտի պատասխանեն Թրամփի սպառնալիքներուն», ըսաւ ան:

Միւս կողմէ, Իրանի արտաքին գործոց նախարար Մոհամետ Ճաւատ Զարիֆ յայտնեց, որ Իրանի հիւլէական թղթածրարին շուրջ գոյացած համաձայնութիւնը «մեր եւ Ամերիկայի միջեւ չէր, այլ բազմակողմանի համաձայնութիւն մըն էր: Ան իր խօսքը Թրամփին ուղղելով ըսաւ. «Արտաքին քաղաքականութիւնը կալուածներու առեւտուրէն տարբեր է, եւ կարծր կեցուածքիդ գինը պիտի վճարեն ամերիկացիները»:

Զարիֆ ըսաւ, որ միջազգային կացութեան բարդութիւնը Թրամփի նախընտրական խոստումներէն շատերուն կատարումը կը դարձնեն անկարելի` նշելով, որ միջազգային յարաբերութիւններու համակարգը ինքզինք պիտի պարտադրէ Թրամփի վարչակազմին:

Մինչ այդ, Իրանեան հիւլէական ուժանիւթի կազմակերպութեան ղեկավար Ալի Աքպար Սալեհի յայտնեց, որ երկու ամիս ետք պիտի յայտարարուին «հիւլէական» լուրեր` աւելցնելով. «Հիւլէական թղթածրարին շուրջ համաձայնութենէն ետք հիւլէական ճարտարագիտութեան մարզին մէջ գոյացած են կառավարական շարք մը ձեռքբերումներ, որոնք պիտի յայտարարուին 9 ապրիլին` Հիւլէական ճարտարագիտութեան ազգային օրուան առիթով»:

 

 

Նախորդը

Սպիտակ Տունը Համոզուած Է Տեղահանուածներուն Վերաբերեալ Թրամփի Հրամանագիրի Գործադրութեան Հարցով

Յաջորդը

Շամուն Ընտրական Օրէնքին Վերաբերող Հարցերը Քննարկեց Ժողովրդավարական Հանդիպում Պլոքին Հետ

RelatedPosts

Թեհրան Կը Պատրաստուի Հորմուզի Նեղուցէն Դուրս Արգիլեալ Գօտի Ստեղծելու
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ. «Ուիթքոֆ Ներկայիս Իրանի Հետ Համաձայնութեան Գոյացման Վրայ Կ՛աշխատի Եւ Չափազանց Լաւ Յառաջընթաց Կ՛արձանագրէ»

October 9, 2026
Ռիատի Եւ Ապհայի Օդակայաններուն  Վրայ Յարձակումներ
Միջազգային

Ռիատի Եւ Ապհայի Օդակայաններուն Վրայ Յարձակումներ

October 9, 2026
ՔԱԿ. «Թուրքիա Գտնուող  Մեր Բոլոր Ուժերը Հեռացան»
Միջազգային

ՔԱԿ. «Թուրքիա Գտնուող Մեր Բոլոր Ուժերը Հեռացան»

October 9, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.