
ԹԱՍՍ լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ Սպանիոյ մէջ սկսած է Քաթալոնիոյ կառավարութեան նախկին նախագահ Արթուր Մասի դատավարութիւնը` անկախութեան հարցին շուրջ բնակչութեան հարցախոյզ կազմակերպելուն համար:
Ինքնավար մարզի նախկին ղեկավարը կը մեղադրուի իշխանութիւնը չարաշահելու եւ իրաւակարգի մարմիններուն չհնազանդելու ամբաստանութեամբ:
Մասի հետ դատապարտեալներու աթոռին յայտնուած են Քաթալոնիոյ նախկին փոխվարչապետ Ժոանա Օրթեչան եւ կրթութեան հարցերով նախկին խորհրդական Իրեն Ռիկաուն:
Դատախազութիւնը կը պահանջէ մարզի նախկին ղեկավարը զրկել 10 տարուան ընթացքին պետական պաշտօններ վարելու իրաւունքէն, սակայն չի խնդրեր բանտարկել: Կ՛ակնկալուի, որ երեք կասկածեալները ցուցմունքներ տան Քաթալոնիոյ բարձրագոյն դատարանին մէջ, լսումները պիտի տեւեն մինչեւ 10 փետրուար:
Իբրեւ աջակցութիւն վերոնշեալ քաղաքական գործիչներուն, հազարաւոր մարդիկ հաւաքուած են դատարանի շէնքին մօտ: Մասիին իր աջակցութիւնը յայտնած են նաեւ Քաթալոնիոյ գործող ղեկավար Քարլես Փուչտեմոն եւ շրջանի այլ քաղաքական գործիչներ, որոնք կասկածեալներու հետ Պարսելոնայի փողոցներով անցած են մինչեւ դատարանի շէնք:
Նախապէս` մեկնաբանելով հոլովոյթը, Քաթալոնիոյ նախկին վարչապետը խոստացած էր, որ եթէ իրեն չբաւարարէ դատարանի վճիռը, ապա պատրաստ է դիմելու Մարդու իրաւունքներու եւրոպական դատարան: Մասիի խօսքով` կարելի չէ «մարդոց լսելու» ցանկութիւնը յանցագործութիւն նկատել: Այդ կապակցութեամբ ինք մարզի բնակչութեան հարցախոյզը որակած է «ժողովրդավարութեան վիթխարի տօն»:


