Միջազգային

«Միացեալ Նահանգներ Սուրիոյ Մէջ  Պիտի Ընթանայ Անվտանգութեան  Գօտիներու Ստեղծման Ուղիով»  Կ՛ըսէ Սպիտակ Տունը

«Միացեալ Նահանգներ Սուրիոյ Մէջ Պիտի Ընթանայ Անվտանգութեան Գօտիներու Ստեղծման Ուղիով» Կ՛ըսէ Սպիտակ Տունը

ԹԱՍՍ լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ Սպիտակ տան բանբեր Շոն Սփայսըր յայտնած է, որ Միացեալ Նահանգներ սուրիական խնդիրը պիտի լուծէ երկու ճամբով` բուն տագնապին, ներառեալ ՏԱՀԵՇ-ի դէմ պայքարելով, ինչպէս նաեւ ապահով գօտիներու ստեղծումով: «Մենք պիտի օգտագործենք երկու ուղի` բուն սուրիական տագնապի լուծումն ու պայքարը ՏԱՀԵՇ-ի դէմ, ինչպէս նաեւ մարդասիրական ուղին, որ կը ներառէ անվտանգութեան գօտիներու ստեղծումը: Կը կարծեմ` մենք պիտի...

«Ռաքքայի Գործողութեան Վերաբերեալ  Ամերիկեան Դիրքորոշման Մէջ Փոփոխութիւն Կայ»  Կ’ըսէ Ըշըք

«Ռաքքայի Գործողութեան Վերաբերեալ Ամերիկեան Դիրքորոշման Մէջ Փոփոխութիւն Կայ» Կ’ըսէ Ըշըք

Թուրքիոյ պաշտպանութեան նախարար Ֆիքրի Ըշըք յայտնեց, որ Ռաքքայի ազատագրութեան գործողութեան վերաբերեալ ամերիկեան վարչակազմի դիրքորոշման մէջ նշմարելի փոփոխութիւն գոյութիւն ունի: «Ներկայ վարչակազմը ուշադրութեամբ մտիկ կ’ընէ Թուրքիոյ տեսակէտները, եւ միայն գործողութեան ուշացման գինին վերաբերեալ մտահոգութիւն ունի», ըսաւ ան` աւելցնելով, որ, Թուրքիոյ կարծիքով, գործողութեան ուշացումը որեւէ գին չունի, ընդհակառակը անոր ճիշդ պահուն եւ յարմար մասնակիցներով գործադրութիւնը տարածաշրջանի կայունութեան եւ Միջազգային դաշինքին համար մեծ...

Քալամոնի Դէմ Իսրայէլեան  Օդուժի Յարձակո՞ւմ

Քալամոնի Դէմ Իսրայէլեան Օդուժի Յարձակո՞ւմ

Ապահովական աղբիւրներ «Մայատին» պատկերասփիւռի կայանին հաղորդեցին, որ իսրայէլեան պատերազմական օդանաւեր Պեքաայի հիւսիսային շրջանին մէջ Լիբանան-Սուրիա սահմանին վերեւ թռիչքներ կատարած են եւ երկու հրթիռներ արձակած Սուրիոյ արեւելեան Քալամոնի Քաթիֆա շրջանը, առանց նիւթական կամ մարդկային վնասներ պատճառելու: Աղբիւրները ընդգծեցին, որ իսրայէլեան յարձակումը լիբանանեան հողերուն չէ եղած: «Սփութնիք» լրատու գործակալութիւնը` մէջբերելով սուրիական զինուորական աղբիւրներ, նախապէս հաղորդած էր, որ իսրայէլեան օդուժը ռմբակոծած է Լիբանան-Սուրիա...

Թուրքիա Կը Պատասխանէ  Իրանի Յայտարարութեան.  Թուրքիոյ Դեսպանը Կանչուած Է  Իրանի Արտաքին Գործոց Նախարարութիւն

Թուրքիա Կը Պատասխանէ Իրանի Յայտարարութեան. Թուրքիոյ Դեսպանը Կանչուած Է Իրանի Արտաքին Գործոց Նախարարութիւն

Թրքական «Տեմոքրաթհապեր»-ը կը հաղորդէ, որ Իրանի վերաբերեալ Թուրքիոյ իշխանութիւններու վերջին յայտարարութիւններուն հարցով Թեհրանի մէջ Թուրքիոյ դեսպանը կանչուած է Իրանի արտաքին գործոց նախարարութիւն: Թեհրան դեսպան Ռըզա Հաքան Թեքինին փոխանցած է խիստ դիտողութիւն` Պահրէյնի մէջ Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանի եւ Միւնիխի մէջ արտաքին գործոց նախարարի Մեւլութ Չաւուշօղլուի կատարած յայտարարութիւններուն առնչութեամբ: Էրտողան Պահրէյն կատարած իր այցելութեան ընթացքին քննադատած էր Իրանը` ըսելով, որ...

Իլհամ Ալիեւ Իր Կինը Նշանակած Է  Ազրպէյճանի Առաջին Փոխնախագահ

Իլհամ Ալիեւ Իր Կինը Նշանակած Է Ազրպէյճանի Առաջին Փոխնախագահ

Ազրպէյճանական ԱՓԱ լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ Ազրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ ստորագրած է հրամանագիր իր կինը` Մեհրիպան Ալիեւան նշանակելով երկրի առաջին փոխնախագահ: Մեհրիպան Ալիեւան Ազրպէյճանի խորհրդարանի անդամ է: Իլհամ Ալիեւ արդէն հրաւիրած է անվտանգութեան խորհուրդի նիստ, որուն ընթացքին ներկայացուցած է իր կնոջ նոր պաշտօնը: Միւս կողմէ, ազրպէյճանական «Քոնթաքթ.ազ» կը հաղորդէ, որ Ազրպէյճանի ընդդիմադիր Ազրպէյճանի ազգային ճակատ կուսակցութեան երիտասարդ գործիչ մը...

«Սուրիոյ Տագնապը Չի Կրնար Լուծուիլ  Միայն Զինուորական Միջոցներով»  Կ՛ըսէ Սիրոմոլոթով

«Սուրիոյ Տագնապը Չի Կրնար Լուծուիլ Միայն Զինուորական Միջոցներով» Կ՛ըսէ Սիրոմոլոթով

ԹԱՍՍ լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ Ռուսիոյ արտաքին գործոց փոխնախարար Օլեկ Սիրոմոլոթով, որ ահաբեկչութեան դէմ պայքարին շուրջ երկու երկիրներու արտաքին գործոց նախարարութիւններուն միջեւ տեղի ունեցող խորհրդակցութեանց ծիրին մէջ կը գտնուի Իսրայէլ, իսրայէլեան «Ճերուզալեմ Փոսթ» օրաթերթին մէջ երէկ լոյս տեսած հարցազրոյցին մէջ յայտնած է, որ Սուրիոյ տագնապը կարելի չէ միայն զինուորական միջոցներով լուծել: «Սուրիոյ տագնապը կարելի չէ լուծուիլ միայն զինուորական միջոցներով»,...

«Թուրքիոյ Նկատմամբ Համբերութիւն  Պիտի Ցուցաբերենք, Սակայն  Մեր Համբերութիւնը Սահման Ունի»  Կ՛ըսէ Քասեմի

«Թուրքիոյ Նկատմամբ Համբերութիւն Պիտի Ցուցաբերենք, Սակայն Մեր Համբերութիւնը Սահման Ունի» Կ՛ըսէ Քասեմի

Իրանի արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Պահրամ Քասեմի յայտարարեց, որ «Թուրքիոյ նկատմամբ համբերութիւն պիտի ցուցաբերենք, սակայն մեր համբերութիւնը սահման ունի», եւ «կ՛ակնկալենք, որ թուրք պաշտօնատարները աւելի իմաստուն կերպով խօսին Իրանի մասին»: Նշենք, որ Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Մեւլութ Չաւուշօղլու Միւնիխի մէջ անվտանգութեան հարցերու խորհրդաժողովի ընթացքին իր արտասանած խօսքին մէջ շրջանին մէջ Իրանի դերակատարութիւնը նկատած էր «կայունութիւնը քայքայող» եւ Թեհրանին կոչ ուղղած...

«Կիւլենի Արտայանձնման  Հարցին Մէջ Ամերիկեան  Ներկայ Վարչակազմին Կեցուածքը Նախորդ  Վարչակազմի Կեցուածքէն Տարբեր Է»  Կ՛ըսէ Եըլտըրըմ

«Կիւլենի Արտայանձնման Հարցին Մէջ Ամերիկեան Ներկայ Վարչակազմին Կեցուածքը Նախորդ Վարչակազմի Կեցուածքէն Տարբեր Է» Կ՛ըսէ Եըլտըրըմ

Թրքական «Հապերլեր» կայքը հաղորդեց, որ Թուրքիոյ վարչապետ Պինալի Եըլտըրըմ Միւնիխի մէջ անվտանգութեան հարցերու խորհրդաժողովի ծիրին մէջ հանդիպում ունեցած է Միացեալ Նահանգներու փոխնախագահ Մայք Փենսի հետ: Հանդիպումի օրակարգին վրայ եղած է ամերիկաբնակ թուրք իսլամ քարոզիչ Ֆեթհուլլա Կիւլենը Թուրքիոյ արտայանձնելու հարցը: Եըլտըրըմ յայտնած է, որ հարցը լրջօրէն պիտի ուսումնասիրուի իրաւական տեսանկիւնէ, որպէսզի անիկա համապատասխանէ երկու երկիրներուն միջեւ գոյութիւն ունեցող համաձայնագիրներուն: «Ասիկա մեզի...

Ըստ «Հիւրրիյէթ»-ի.  Անգարա Եւ Ուաշինկթըն Համաձայնութիւն  Չեն Գոյացուցած Ռաքքայի Ազատագրման  Գործողութեան Միացեալ Ծրագիրի Մը Շուրջ

Ըստ «Հիւրրիյէթ»-ի. Անգարա Եւ Ուաշինկթըն Համաձայնութիւն Չեն Գոյացուցած Ռաքքայի Ազատագրման Գործողութեան Միացեալ Ծրագիրի Մը Շուրջ

«Հիւրրիյէթ» օրաթերթի թղթակից Ապտուլքատիր Սելվին կը գրէ, որ Միացեալ Նահանգներու զինեալ ուժերու սպայակոյտներու ղեկավարներու միացեալ կոմիտէի ղեկավար Ճոզըֆ Տանֆըրտի եւ Թուրքիոյ զինեալ ուժերու սպայակոյտի պետ Հուլուսի Աքարի` վերջերս թրքական «Ինճիրլիք» ռազմակայանին մէջ տեղի ունեցած հանդիպումին ընթացքին յստակ համաձայնութիւն մը չէ գոյացած սուրիական Ռաքքա քաղաքին մէջ իրականացուելիք զինուորական գործողութեան միացեալ ծրագիրի շուրջ: Լրագրողը կը պնդէ, որ հանդիպումին ընթացքին Տանֆըրտ առաջարկած է,...

Թրամփ. «Մտադիր Ենք Սուրիոյ Մէջ Ստեղծելու  Ապահով Գօտիներ, Եւ Ծոցի  Երկիրները Պէտք Է Զանոնք Ֆինանսաւորեն»

Թրամփ. «Մտադիր Ենք Սուրիոյ Մէջ Ստեղծելու Ապահով Գօտիներ, Եւ Ծոցի Երկիրները Պէտք Է Զանոնք Ֆինանսաւորեն»

Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ Ֆլորիտայի մէջ իր համակիրներուն առջեւ արտասանած իր խօսքին ընթացքին յայտարարեց, որ մտադիր է Սուրիոյ եւ անոր մերձակայքը ստեղծել ապահով գօտիներ, ուր պիտի բնակին տեղահանուածները` զանոնք Միացեալ Նահանգներու մէջ հիւրընկալելուն փոխարէն, մինչեւ իրենց շրջաններուն մէջ կացութեան բարելաւումը: Ան նշեց, որ Արաբական ծոցի երկիրներու կառավարութիւններն են, որոնք այդ ծրագիրը պիտի ֆինանսաւորեն` աւելցնելով, որ այդ երկիրներէն պիտի պահանջէ...

Ըստ «Հայաթ»-ի.  Անգարա Ռաքքան Արաբական Երկիրներու  Մասնակցութեամբ Ազատագրելու Զինուորական  Ծրագիր Մը Ներկայացուցած Է Ուաշինկթընին

Ըստ «Հայաթ»-ի. Անգարա Ռաքքան Արաբական Երկիրներու Մասնակցութեամբ Ազատագրելու Զինուորական Ծրագիր Մը Ներկայացուցած Է Ուաշինկթընին

Թրքական աղբիւրներ «Հայաթ» օրաթերթին յայտնած են, որ Անգարա Սուրիոյ Ռաքքա քաղաքը Միջազգային դաշինքի անդամ արաբական երկիրներու մասնակցութեամբ ազատագրելու զինուորական ծրագիր մը ներկայացուցած է Ուաշինկթընին: Քաղաքը ՏԱՀԵՇ-էն ազատագրելու ծրագիրը նախ եւ առաջ ներկայացուած է «Սի.Այ.Էյ.»-ի տնօրէն Մայք Մոմփիոյի անցեալ հինգշաբթի Թուրքիա կատարած այցելութեան ընթացքին, ապա ուրբաթ օր մանրամասնօրէն քննարկուած է Ինճիրլիք ռազմակայանին մէջ Թուրքիոյ բանակի սպայակոյտի պետ Հուլուսի Աքարի եւ անոր...

«Ռուսիոյ Կողմէ Խրիմի Թերակղզիի  Բռնագրաւումը Երբեք Պիտի Չճանչնանք»  Կ՛ըսէ Փենս

«Ռուսիոյ Կողմէ Խրիմի Թերակղզիի Բռնագրաւումը Երբեք Պիտի Չճանչնանք» Կ՛ըսէ Փենս

Միացեալ Նահանգներու փոխնախագահ Մայք Փենս նշեց. «Ուաշինկթըն որեւէ ձեւով պիտի չճանչնայ Ռուսիոյ կողմէ Ուքրանիոյ հարաւը գտնուող Խրիմի թերակղզիին բռնագրաւումը»: Ան մտահոգութիւն յայտնեց արեւելեան Ուքրանիոյ մէջ բռնարարքներու մագլցումին նկատմամբ` նշելով, որ անհրաժեշտ է կարելի եղածին չափ շուտ ամբողջական զինադադարի համաձայնութիւն մը գոյացնել: Միացեալ Նահանգներու փոխնախագահը նաեւ նշեց, որ իր երկիրը կ՛աջակցի Ուքրանիոյ անկախութեան, հողային ամբողջականութեան եւ իր ապագան ինք ճշդելու իրաւունքին:

Լիվնի-Չաւուշօղլու Ինքնանկար

Լիվնի-Չաւուշօղլու Ինքնանկար

Քնեսեթի անդամ, Իսրայէլի արտաքին գործոց նախկին նախարար Ցիփի Լիվնի «Թուիթըր» ընկերային ցանցի իր էջին վրայ հրապարակեց Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Մեւլութ Չաւուշօղլուի հետ ինքնանկար մը: Լիվնի լուսանկարին տակ կատարեց հետեւեալ գրառումը. «Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարին հետ` Միւնիխի անվտանգութեան խորհրդաժողովին ընթացքին: Թուրքիոյ եւ Իսրայէլի յարաբերութիւններու բնականոնացման կարեւորութեան շուրջ քննարկում»: Լիվնի նախապէս «Թուիթըր»-ի վրայ հրապարակած էր նաեւ Սէուտական Արաբիոյ գաղտնի սպասարկութեան նախկին...

Թրամփ. «Ամերիկեան Լրատուամիջոցներուն  Նկատմամբ Ներողամիտ  Պիտի Չգտնուիմ, Եթէ Մարդոց Սուտ Խօսին»

Թրամփ. «Ամերիկեան Լրատուամիջոցներուն Նկատմամբ Ներողամիտ Պիտի Չգտնուիմ, Եթէ Մարդոց Սուտ Խօսին»

Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ յայտնեց, որ ամերիկեան լրատուամիջոցներուն նկատմամբ ներողամիտ պիտի չգտնուի, եթէ մարդոց սուտ խօսին` նշելով. «Լրատուամիջոցները վերածուած են խնդիրին մէկ մեծ բաժինին, անոնք նոյն ատեն փտած վարչակարգի մը մնացորդն են»: «Գոյութիւն ունին լրատուամիջոցներ, որոնք շրջանառութեան մէջ կը դնեն իրենց երկրին կառավարութեան վերաբերող շարք մը հարցերու շուրջ սուտ լուրեր` առանց յստակ փաստերու վրայ հիմնուելու», ըսաւ ան` աւելցնելով. «Լրատուամիջոցները...

Թրքական Զինեալ Ուժերը Կարսի Մէջ  Ռազմափորձեր Կը Կատարեն

Թրքական Զինեալ Ուժերը Կարսի Մէջ Ռազմափորձեր Կը Կատարեն

Թրքական զինեալ ուժերու Կարսի թիւ 14 հետեւակային զօրամասը ձմեռնային ռազմափորձերու սկսած է Կարս նահանգի Աքպապա ռազմափորձերու դաշտին մէջ: «Անատոլու» լրատու գործակալութիւնը, յղում կատարելով Թուրքիոյ սպայակոյտէն աղբիւրի մը, կը հաղորդէ, որ ռազմափորձերուն կը մասնակցին թրքական զինեալ ուժերու ցամաքային եւ հակաօդային ուժերը: Ռազմափորձերուն կը հետեւին նաեւ Ազրպէյճանի եւ Վրաստանի զինեալ ուժերու յատուկ ներկայացուցիչները:

Հակասելով Թրամփի Յայտարարութեան`  «Միացեալ Նահանգներ Կ՛աջակցին  «Երկու Պետութիւն Երկու  Ժողովուրդի Համար» Քաղաքականութեան»  Կ՛ըսէ Հէյլի

Հակասելով Թրամփի Յայտարարութեան` «Միացեալ Նահանգներ Կ՛աջակցին «Երկու Պետութիւն Երկու Ժողովուրդի Համար» Քաղաքականութեան» Կ՛ըսէ Հէյլի

ՄԱԿ-ի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Նիքի Հէյլի յայտարարած է, որ Միացեալ Նահանգներ պաղեստինեւիսրայէլեան տագնապի հարցին մէջ կ՛աջակցին «երկու պետութիւն երկու ժողովուրդի համար» քաղաքականութեան: «Կազեթա.ռու»-ի համաձայն, Հէյլի ըսած է. «Նախ եւ առաջ, «երկու պետութիւն երկու ժողովուրդի համար» քաղաքականութիւնը այն է, ինչին մենք կ՛աջակցինք: Իւրաքանչիւր անձ, որ կ՛ըսէ, թէ Միացեալ Նահանգներ կողմ չէ այդ քաղաքականութեան, կը սխալի»: Բայց եւ այնպէս ան ընդգծած...

Փաքիստանի Մէջ Անձնասպանական  Գործողութիւն Մը 72 Զոհ Պատճառեց

Փաքիստանի Մէջ Անձնասպանական Գործողութիւն Մը 72 Զոհ Պատճառեց

Փաքիստանեան ոստիկանութիւնը հաղորդեց, որ հարաւային Փաքիստանի մէջ մեծ ժողովրդականութիւն վայելող սրբավայրի մը դէմ անձնասպանական գործողութիւն մը առնուազն 72 զոհ պատճառած է: Յարձակումի թիրախն էր Սիտհ նահանգի Սեհուան քաղաքին մէջ սուֆի սուրբ Լալ Շահպազ Քանատարի սրբավայրը: Փաքիստանի վարչապետ Նաուազ Շարիֆ դատապարտեց յարձակումը, որուն պատասխանատուութիւնը ստանձնեց ՏԱՀԵՇ:

«Ամերիկան Ռաքքայի Ազատագրումը Սուրիացի  Քիւրտերուն Ձեռամբ Ըլլալուն Վրայ Չի Պնդեր»  Կ՛ըսէ Ըշըք

«Ամերիկան Ռաքքայի Ազատագրումը Սուրիացի Քիւրտերուն Ձեռամբ Ըլլալուն Վրայ Չի Պնդեր» Կ՛ըսէ Ըշըք

Թուրքիոյ պաշտպանութեան նախարար Ֆիքրի Ըշըք իր ամերիկացի պաշտօնակից ՃԷյմս Մաթիսի հետ Պրիւքսէլի մէջ ՕԹԱՆ-ի անդամ երկիրներու պաշտպանութեան նախարարներու ժողովի ծիրին մէջ տեղի ունեցած հանդիպումէն ետք յայտնեց, որ Միացեալ Նահանգներ Ռաքքայի ազատագրումը սուրիացի քիւրտերուն ձեռամբ ըլլալուն վրայ չի պնդեր` նշելով, որ Պապի մէջ գործողութեան աւարտէն ետք ՏԱՀԵՇ-ի դէմ պայքարը պիտի շարունակուի: «Թուրքիա Ամերիկայի հետ աշխատանք կը տանի մինչեւ Պապի գործողութեան ամբողջացումը...

Թուրքիոյ Արտաքին Գործոց  Նախարարութիւնը  Վրդոված Է Կիպրոսի Խորհրդարանին  Որդեգրած Նոր Որոշումէն

Թուրքիոյ Արտաքին Գործոց Նախարարութիւնը Վրդոված Է Կիպրոսի Խորհրդարանին Որդեգրած Նոր Որոշումէն

Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը ծանր քննադատութեան ենթարկած է Կիպրոսի խորհրդարանին կողմէ երկրի դպրոցական ծրագիրին մէջ «Էնոզիս»-ի տօնակատարութիւններու ներառման որոշումը: Նշենք, որ նախապէս Կիպրոսի խորհրդարանը որդեգրած է Կիպրոսի միաւորման մասին 1950-ի հանրաքուէի (պատմութեան մէջ յայտնի իբրեւ Էնոզիսի հանրաքուէ) տարեդարձը տօնելու վերաբերեալ որոշում: Կիպրոսի նախագահ Նիքոս Անասթասիատիս իր կարգին յայտարարած է, որ այս որոշումը չի կրնար խանգարել կիպրական խնդիրին լուծումը: Թրքական «Անատոլու»...

Գերմանական Ոստիկանութիւնը Խուզարկած Է  Թուրքիոյ Հաշուոյն Լրտեսութեամբ  Ամբաստանուած Իմամներու Տուները

Գերմանական Ոստիկանութիւնը Խուզարկած Է Թուրքիոյ Հաշուոյն Լրտեսութեամբ Ամբաստանուած Իմամներու Տուները

Գերմանական ոստիկանութիւնը խուզարկեց տուները չորս իմամներու, որոնք ամբաստանուած են Թուրքիոյ հաշուոյն լրտեսութիւն կատարելու յանցանքով: Չորս իմամները ամբաստանուած են իսլամ թուրք քարոզիչ Ֆեթհուլլա Կիւլենի հետեւորդները լրտեսելու յանցանքով: Գերմանական «Շփիկըլ» կայքը կը հաղորդէ, որ նշեալ իմամները կը պատկանին կրօնական հարցերու թուրք իսլամական միութեան, որ Գերմանիոյ թուրք համայնքի մեծագոյն կազմակերպութիւնն է, ուղղակիօրէն կապուած է Անգարայի եւ կը վերահսկէ Գերմանիոյ մէջ 900 մզկիթներու կամ...

Page 722 of 883 1 … 721 722 723 … 883

Արխիւներ