Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Թրամփ Պիտի Մասնակցի ՕԹԱՆ-ի Մայիսեան Վեհաժողովին

February 7, 2017
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Սպիտակ տունը հաղորդեց, որ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ ՕԹԱՆ-ի ընդհանուր քարտուղար Ենս Սթոլթենպերկի հետ հեռաձայնային հաղորդակցութեան մը ընթացքին համաձայն գտնուած է մասնակցելու ՕԹԱՆ-ի անդամ երկիրներու ղեկավարներու մայիսի վերջաւորութեան նախատեսուած հանդիպումին:

Հեռաձայնային հաղորդակցութեան ընթացքին նաեւ քննարկուած են ՕԹԱՆ-ի ծիրին մէջ համագործակցութեան եւ Ուքրանիոյ տագնապին լուծման վերաբերող հարցեր:

Սպիտակ տան հաղորդագրութեան մէջ կը նշուի, որ կողմերը արծարծած են ՕԹԱՆ-ի նկատմամբ Միացեալ Նահանգներու քաղաքականութեան հարցը: Թրամփ «յայտարարած է դաշինքին հաստատակամ աջակցութեան», ինչպէս նաեւ «սերտ համակարգումի եւ համագործակցութեան» պատրաստակամութեան մասին` դիմագրաւելու համար այն մարտահրաւէրները, զորս կը դիմագրաւէ դաշինքը:

Թրամփ եւ Սթոլթենպերկ խօսած են այն մասին, թէ ինչպէ՛ս պէտք է հասնիլ այն բանին, որ դաշինքի անդամ բոլոր երկիրները «կատարեն ելեւմտական մարզին մէջ իրենց ստանձնած պարտաւորութիւնները»:

Միացեալ Նահանգներու նախագահը հաւաստած է, որ պիտի մասնակցի ՕԹԱՆ-ի անդամ երկիրներու ղեկավարներու եւրոպական հանդիպումին:

Անոնք նաեւ քննարկած են Ուքրանիոյ կացութեան վերաբերող հարցեր եւ ուքրանական տագնապի լուծման կարելիութիւնները:

Յիշեցնենք, որ Թրամփ նախապէս ՕԹԱՆ-ը հինցած կառոյց կոչած էր:

Նախորդը

«Տեր Շփիկըլ» Թրամփը Ներկայացուցած Է Ազատութեան Արձանի Գլուխը Կտրողի Դերին Մէջ

Յաջորդը

Թրամփ Իրանը Կը Նկատէ «Թիւ Մէկ Ահաբեկչական Պետութիւն»

RelatedPosts

Թրամփ. «Սէուտական Արաբիան, Քաթարը,  Քուէյթն Ու Արաբական Միացեալ Էմիրութիւնները  Ինձմէ Խնդրեցին Իրանի Կացութիւնը  Որոշ Ատեն Այսպէս Պահել»
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ. «Սէուտական Արաբիան, Քաթարը, Քուէյթն Ու Արաբական Միացեալ Էմիրութիւնները Ինձմէ Խնդրեցին Իրանի Կացութիւնը Որոշ Ատեն Այսպէս Պահել»

November 14, 2026
Քուշներ. «Առանց Եւրոպացիներու Ներկայութեան  Մոսկուայի Եւ Քիեւի Միջեւ  Համաձայնութիւն Կարելի Չէ Կնքել»
Գլխաւոր լուրեր

Քուշներ. «Առանց Եւրոպացիներու Ներկայութեան Մոսկուայի Եւ Քիեւի Միջեւ Համաձայնութիւն Կարելի Չէ Կնքել»

November 14, 2026
Պըռնըմ Եւրոպական Միութեան Հետ  Նոր Համաձայնագիրներու Կնքումէն Առաջ  Մինչեւ Վերջին Պահ Բանակցութիւններ Կը Նախատեսէ
Միջազգային

Պըռնըմ Եւրոպական Միութեան Հետ Նոր Համաձայնագիրներու Կնքումէն Առաջ Մինչեւ Վերջին Պահ Բանակցութիւններ Կը Նախատեսէ

November 14, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.