Թրքական «Անատոլու» լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ Թուրքիոյ Չանաքքալէ նահանգին մէջ 2 օրուան ընթացքին երրորդ երկրաշարժը արձանագրուած է: Երկրաշարժին ուժգնութիւնը եղած է 5,2 աստիճան, իսկ կեդրոնը Այվաճըք շրջանն է:
Մէկ օր առաջ Այվաճըքի մէջ արձանագրուած էին 5,3 եւ 4,2 աստիճան ուժգնութեամբ իրերայաջորդ երկու երկրաշարժներ:
Թրքական լրատուամիջոցներ կը յայտնեն, որ երկրաշարժին պատճառով վնասուած են Այվաճըք շրջանի 12 գիւղեր, աւերուած են 298 տուներ:
Թուրքիոյ աղէտներու եւ արտակարգ իրավիճակներու կառավարման նախարար Մեհմեթ Հալիս Պիլտեն զգուշացուցած է գիւղացիները` հեռու մնալ երկրաշարժէն վնասուած տուներէն:
Այվաճըքի բնակիչները մեծ մասամբ թուրքմեն անասնապահներ են: Այվաճըքը կը նկատուի Թուրքիոյ անապահով բնակավայրերէն մէկը:
Անգարայի քաղաքապետ Մելիհ Կէօքչեք «Թուիթըր»-ի իր պաշտօնական էջին վրայ ուշագրաւ գրառում կատարած է Չանաքքալէ նահանգին մէջ տեղի ունեցած երկրաշարժներուն մասին:
Ան մասնաւորաբար պնդած է, թէ տեղի ունեցած երկրաշարժը արհեստական էր եւ կազմակերպուած է «արտաքին ուժերու» կողմէ, որոնց նպատակն է Պոլսոյ մօտ մեծ երկրաշարժ կազմակերպելով` հզօր հարուած հասցնել Թուրքիոյ տնտեսութեան:
«Չանաքքալէի մէջ բաւական լուրջ երկրաշարժ եղած է: Ուսումնասիրեցի: Տարածքի ցնցումներուն ուսումնասիրութիւնները իրականացնող նաւ գործած է: Շատ արագ անհրաժեշտ է բացայայտել, թէ այդ նաւը այնտեղ ի՛նչ կ՛ուսումնասիրէր եւ ո՛ր երկրին կը պատկանի: Ով ինչ կ՛ուզէ, թող ըսէ` ես մտահոգութիւն ունիմ, որ դուրսէն հրահրուած արհեստական երկրաշարժ էր: Պոլսոյ, Մարմարայի եւ Չանաքքալէի մօտ ջուրին տակ բոլոր նաւերը պէտք է վերահսկողութեան տակ վերցնել», գրած է քաղաքապետը: