Միջազգային

Եւրոպական Խորհուրդը Երկարաձգած Է  Հարաւային Կովկասի Մէջ Եւրոպական Միութեան  Յատուկ Ներկայացուցիչի  Պաշտօնավարութեան Շրջանը

Եւրոպական Խորհուրդը Երկարաձգած Է Հարաւային Կովկասի Մէջ Եւրոպական Միութեան Յատուկ Ներկայացուցիչի Պաշտօնավարութեան Շրջանը

Եւրոպական խորհուրդի մամլոյ ծառայութենէն «Արմէնփրես»-ին յայտնած են, որ Եւրոպական խորհուրդը մինչեւ 30 յունիս 2018 երկարաձգած է Հարաւային Կովկասի եւ Վրաստանի մէջ ճգնաժամի հարցերով Եւրոպական Միութեան յատուկ ներկայացուցիչ Հերպերթ Զալպերի պաշտօնավարութիւնը: Խորհուրդը Եւրոպական Միութեան յատուկ ներկայացուցիչի պաշտօնավարման առնչուող ծախսերուն համար տրամադրած է 2,99 միլիոն եւրօ: «Պաշտօնավարութեան նպատակն է զարգացնել Եւրոպական Միութեան երկխօսութիւնը շրջանի հիմնական քաղաքական դերակատարներուն, կառավարութիւններուն, խորհրդարաններուն, դատական համակարգերուն եւ...

«Ոչ Մէկ Պետութիւն Իրաւունք  Ունի Մեզի Հետ  Վարուելու Իբրեւ Երկրորդ  Դասակարգի Պետութիւն»  Ըսաւ Չաւուշօղլու

«Ոչ Մէկ Պետութիւն Իրաւունք Ունի Մեզի Հետ Վարուելու Իբրեւ Երկրորդ Դասակարգի Պետութիւն» Ըսաւ Չաւուշօղլու

Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Մեւլութ Չաւուշօղլու մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին յայտնեց. «Արեւմուտքը Թուրքիոյ նկատմամբ կը կիրարկէ երկու չափ երկու կշիռի քաղաքականութիւն, եւ մենք ատիկա պիտի չընդունինք ու կրնանք նոյնպէս վարուիլ: Ոչ ոք կրնայ իր պայմանները պարտադրել թրքական իշխանութիւններուն եւ որեւէ պետութիւն իրաւունք չունի մեզ հետ վարուելու իբրեւ երկրորդ դասակարգի պետութիւն»: «Ան որ մեզի հետ կ’ուզէ վարուիլ ոչ դիւանագիտական ձեւով, անոր...

Ելոյթի Արգիլումը Ֆաշական  Քայլ Նկատելով`  «Գերմանիան Ահաբեկիչներու  Ապաստանարան Է»  Կ’ըսէ Պոզտաղ

Ելոյթի Արգիլումը Ֆաշական Քայլ Նկատելով` «Գերմանիան Ահաբեկիչներու Ապաստանարան Է» Կ’ըսէ Պոզտաղ

Գերմանական իշխանութիւնները հարաւային Գերմանիոյ Կակնաու քաղաքի քաղաքապետարանի շէնքէն տարհանեցին այդտեղ գտնուողները, երբ շէնքին մէջ ռումբի մը գոյութեան մասին հեռաձայնային հաղորդակցութիւն մը ստացան: Քաղաքապետարանը ջնջած էր Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանի համակիրներուն մէկ հաւաքը: Քաղաքապետը «Տիթըր Շփանակըլ» օրաթերթին յայտնեց, որ երէկ Կրինիչի ժամանակացոյցով ժամը 6:30-ին ստացած են ռումբի մը գոյութեան մասին հեռաձայնի ճամբով սպառնալիք մը: Ան ըսաւ, որ սպառնալիքին նպատակը հակադարձել...

Լը Փեն Մեկնաբանած Է Զինք Երեսփոխանական  Անձեռնմխելիութենէ Զրկելու  Եւրոպական Խորհրդարանի Որոշումը

Լը Փեն Մեկնաբանած Է Զինք Երեսփոխանական Անձեռնմխելիութենէ Զրկելու Եւրոպական Խորհրդարանի Որոշումը

Եւրոպական խորհրդարանի անդամ, Ֆրանսայի նախագահութեան թեկնածու, Ազգային ճակատ կուսակցութեան ղեկավար Մարին Լը Փեն մեկնաբանած է զինք երեսփոխանական անձեռնմխելիութենէ զրկելու Եւրոպական խորհրդարանի որոշումը: Անձեռնմխելիութենէ զրկումը այժմ Փարիզի դատարանին կ’արտօնէ քրէական հետապնդումի սկսիլ Լը Փենի դէմ դեկտեմբեր 2015-ին «Թուիթըր» ընկերային ցանցին վրայ ՏԱՀԵՇ-ի վայրագ արարքներէն երեք լուսանկար տեղադրելուն համար: Ըստ ֆրանսական լրատուամիջոցներուն, Լը Փեն յայտարարած է. «Կը կարծեմ, որ իմ պարագայիս ասիկա...

Պու Թաֆլիքա Ոչ Եւս Է

Պու Թաֆլիքա Ոչ Եւս Է

Երէկ 80 տարեկանին իր մահկանացուն կնքեց Ալճերիոյ նախագահ Ապտել Ազիզ Պու Թաֆլիքա, յետ երկարատեւ հիւանդութեան: Ան տասը տարիէ ի վեր կը տառապէր առողջական իրերայաջորդ խնդիրներէ, որոնք զինք ստիպեցին երկարատեւ ապաքինումի ժամանակաշրջաններ անցընելու հիւանդանոցին մէջ: Պու Թաֆլիքա նախանցեալ օր նշած էր իր ծննդեան 80-րդ տարեդարձը: Ան իր ժողովուրդին ուղերձ չէր յղած 2012-էն ի վեր, երբ խոստացաւ իշխանութենէն հեռանալ իր պաշտօնավարման երրորդ...

Ամերիկացի Եւ Ռուս Պաշտօնատարներու  Միջեւ Գաղտնի Կապերու Շուրջ  Գայթակղութիւնը Կը Շարունակուի

Ամերիկացի Եւ Ռուս Պաշտօնատարներու Միջեւ Գաղտնի Կապերու Շուրջ Գայթակղութիւնը Կը Շարունակուի

Միացեալ Նահանգներու մէջ կը շարունակուի նոր թափ առնել Տանըլտ Թրամփի աշխատակազմի անդամներու եւ ռուս պաշտօնատարներու միջեւ գաղտնի կապերու շուրջ ծագած գայթակղութիւնը, որուն պատճառով նախապէս հրաժարականի դիմում ներկայացուցած էր Թրամփի Ազգային անվտանգութեան հարցերով խորհրդական Մայքըլ Ֆլին: «Տը Նիւ Եորք Թայմզ» օրաթերթը կը հաղորդէ, որ դեկտեմբերին Ֆլինի եւ Ուաշինկթընի մէջ Ռուսիոյ դեսպան Սերկէյ Քիսլիաքի միջեւ տեղի ունեցած հանդիպումին ներկայ եղած է նաեւ...

Թուրք-Գերմանական Յարաբերութիւններուն Մէջ  Լարուածութիւնը Կը Շարունակուի.  Թուրքիոյ Մէջ Գերմանիոյ Դեսպանը Կանչուած Է  Արտաքին Գործոց Նախարարութիւն

Թուրք-Գերմանական Յարաբերութիւններուն Մէջ Լարուածութիւնը Կը Շարունակուի. Թուրքիոյ Մէջ Գերմանիոյ Դեսպանը Կանչուած Է Արտաքին Գործոց Նախարարութիւն

Թրքական «Հիւրրիյէթ» օրաթերթը կը հաղորդէ, որ Անգարայի մէջ Գերմանիոյ դեսպան Մարթին Էրտման կանչուած է Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւն: Թուրքիա վրդոված է Գերմանիոյ իշխանութիւններուն կողմէ Գերմանիա այցելած Թուրքիոյ արդարադատութեան նախարար Պեքիր Պոզտաղի` թուրք համայնքին հետ հանդիպումի եւ ուղերձի ջնջումի երեւոյթէն: Օրաթերթը կը նշէ, որ նախարարին պահանջով Թուրքիոյ մէջ Գերմանիոյ դեսպանը կանչուած է երկրի արտաքին գործոց նախարարութիւն եւ յատուկ զգուշացում ստացած արտաքին...

Թուրքիոյ Միջերկրականեան Շրջանի  Երեք Նահանգի Մէջ Յորդառատ Անձրեւներու  Պատճառով Դպրոցները Փակուած Են

Թուրքիոյ Միջերկրականեան Շրջանի Երեք Նահանգի Մէջ Յորդառատ Անձրեւներու Պատճառով Դպրոցները Փակուած Են

Թուրքիոյ միջերկրականեան շրջանի երեք նահանգներու մէջ աննախադէպ անձրեւներու պատճառով փակուած են բոլոր դպրոցները, ժամանակաւորապէս փակուած է նաեւ Մերսինի համալսարանը, մեծ քաղաքներու մէջ երթեւեկը կաթուածահար եղած է: Թրքական «Կազեթտուվար» կայքը կը հաղորդէ, որ Մերսինի, Ատանայի եւ Ալեքսանտրէթի մէջ ողողումներ արձանագրուած են, այդ պատճառով ալ վնասուած են շարք մը տուներ եւ խանութներ, ջուրի տակ մնացած են բազմաթիւ նկուղներ: Կը նշուի, որ Աղէտներու...

«Եթէ Քիւրտերը Չհեռանան Մընպեժէն`  Պիտի Հարուածենք»  Կ՛ըսէ Չաւուշօղլու

«Եթէ Քիւրտերը Չհեռանան Մընպեժէն` Պիտի Հարուածենք» Կ՛ըսէ Չաւուշօղլու

Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Մեւլութ Չաւուշօղլու յայտարարած է, որ եթէ Սուրիոյ քրտական Ժողովուրդի պաշտպանութեան ջոկատները չհեռանան Մընպեժ քաղաքէն` Թուրքիան պիտի հարուածէ քրտական ջոկատները: Թրքական «Տիքեն» կայքը կը հաղորդէ, որ Չաւուշօղլու յայտնած է, որ թրքական զինեալ ուժերուն նպատակակէտը Սուրիոյ Պապ քաղաքէն ետք պիտի դառնայ ինքնին Մընպեժը: «Պապէն ետք նպատակը Մընպեժն է: Գործողութիւնը տակաւին չէ սկսած, որովհետեւ կրնան սադրիչ կրակոցներ ըլլալ: Գիտենք,...

Սուրիոյ Բանակն Ու Անոր Դաշնակիցները  Իրենց Վերահսկողութեան  Տակ Առած Են Թըտմոր Քաղաքը

Սուրիոյ Բանակն Ու Անոր Դաշնակիցները Իրենց Վերահսկողութեան Տակ Առած Են Թըտմոր Քաղաքը

«Մայատին» արբանեակային պատկերասփիւռի կայանը հաղորդեց, որ սուրիական բանակն ու անոր դաշնակիցները երէկ ՏԱՀԵՇ-էն ազատագրած են Թըտմոր քաղաքը: ՏԱՀԵՇ քաղաքէն նահանջելէ առաջ ականահարած է բազմաթիւ վայրեր: Սուրիական օդուժը իր կարգին հարուածած ու վնասազերծած է ՏԱՀԵՇ-ի մէկ կարաւանը, որ քաղաքէն դէպի արեւելք գտնուող Սախնայի ճամբայ կը նահանջէր: Սուրիոյ պաշտպանութեան նախարարութիւնը իր կարգին յայտարարեց, որ Սուրիոյ բանակը իր վերահսկողութեան տակ առած է Փալմիրի...

Եւրոպական Խորհրդարանը Մարին  Լը Փենը Զրկեց Երեսփոխանական  Անձեռնմխելիութենէ

Եւրոպական Խորհրդարանը Մարին Լը Փենը Զրկեց Երեսփոխանական Անձեռնմխելիութենէ

«Ինթըրֆաքս» լրատու գործակալութիւնը հաղորդեց, որ Եւրոպական խորհրդարանը երէկ իր լիագումար նիստին ընթացքին քուէարկած է իր անդամ երեսփոխաններէն` Ֆրանսայի Ազգային ճակատ կուսակցութեան ղեկավար եւ երկրի նախագահութեան թեկնածու Մարին Լը Փենը երեսփոխանական անձեռնմխելիութենէ զրկելու օգտին: 28 փետրուարին Եւրոպական խորհրդարանի իրաւաբանական հարցերու յանձնախումբը որդեգրած էր Լը Փենը անձեռնմխելիութենէ զրկելու մասին որոշում մը: Այդ որոշումը պէտք էր հաստատուէր լիագումար նիստին ընթացքին: Երեսփոխանական անձեռնմխելիութենէ զրկելու...

Վենետիկեան Յանձնախումբ. «Թուրքիոյ  Սահմանադրական Հանրաքուէն Պէտք Է Յետաձգուի  Մինչեւ Արտակարգ Դրութեան Աւարտը»

Վենետիկեան Յանձնախումբ. «Թուրքիոյ Սահմանադրական Հանրաքուէն Պէտք Է Յետաձգուի Մինչեւ Արտակարգ Դրութեան Աւարտը»

«Արմէնփրես» կը հաղորդէ, որ գերմանական «Տէօչէ Վելլէ» լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ Եւրոպական խորհուրդի սահմանադրական օրէնքի փորձագէտները` Վենետիկի յանձնախումբը պատրաստած է Թուրքիոյ մէջ նախատեսուած սահմանադրական փոփոխութիւններու վերաբերեալ զեկուցում մը, որուն մէջ իր մտահոգութիւնը կը յայտնէ բռնատիրական վարչակարգի հաստատման կապակցութեամբ: Գերմանական «Սիւտէօչէ Ցայթունկ» օրաթերթին մէջ հրապարակուած Վենետիկեան յանձնախումբի զեկուցումին մէջ կը նշուի, որ Թուրքիոյ մէջ «ժողովրդավարական համակարգը ողբերգական կերպով յետընթաց արձանագրած...

Լիպիոյ Ափերուն Մօտ Ծովահէնները  Յարձակած Են Թրքական Նաւու Վրայ  Եւ Պատանդներ Բռնած

Լիպիոյ Ափերուն Մօտ Ծովահէնները Յարձակած Են Թրքական Նաւու Վրայ Եւ Պատանդներ Բռնած

Թրքական «Տեմոքրաթհապեր» կայքը կը հաղորդէ, որ Լիպիոյ ափերուն մօտ ծովահէններու խումբ մը յարձակած է թրքական դրօշով նաւարկող քարիւղ փոխադրող նաւու մը վրայ եւ գերիներ վերցուցած: Դէպքը տեղի ունեցած է լիպիական Զուվարա նաւահանգիստէն 2 մղոն հեռաւորութեան վրայ: Ծովահէնները նաւուն վրայ գտնուող 11 հոգիներէն 4-ը բռնած են պատանդ: Կը նշուի, որ թրքական նաւը վարձած գործարարը նախապէս Զուվարա նաւահանգիստէն գնած քարիւղին համար 433...

Փորոշենքօ Երկու Անգամ  Զրուցած Է Փութինի Հետ

Փորոշենքօ Երկու Անգամ Զրուցած Է Փութինի Հետ

Ըստ «Կազեթա.ռու» կայքին, Ուքրանիոյ նախագահի վարչակազմի մամլոյ ծառայութիւնը հաղորդած է, որ Ուքրանիոյ նախագահ Փիոթր Փորոշենքօ Արեւելեան Ուքրանիոյ մէջ իրավիճակի սրումէն ի վեր երկու անգամ հեռաձայնային հաղորդակցութիւն ունեցած է Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութինի հետ: Կը հաղորդուի, որ այդ հաղորդակցութիւնները համակարգուած են «Նորմանտական քառեակ»-ի գործընկերներուն հետ: Կը նշուի, որ զրոյցներու մասին չէ հաղորդուած անոնց անարդիւնաւէտութեան պատճառով:

Սուրիական Բանակը Վերատիրացաւ  Փալմիրի Հնագիտական Քաղաքին

Սուրիական Բանակը Վերատիրացաւ Փալմիրի Հնագիտական Քաղաքին

Սուրիական բանակն ու անոր դաշնակիցները ազատագրեցին Փալմիրի հնագիտական քաղաքը եւ հսկողութեան տակ առին Թըտմոր քաղաքը: Այդպիսով, սուրիական բանակը խզեց մատակարարման գիծը զինեալներուն, որոնց շարքերը, ըստ «Մայատին»-ին, քայքայուած են: Այս երկրորդ անգամն է, որ Սուրիոյ բանակը կ՛ազատագրէ Փալմիրը: Առաջին անգամ քաղաքը ազատագրուած էր մարտ 2016-ին:

Միացեալ Նահանգներ Թուրքիոյ Կոչ Կ՛ուղղեն  Չսրելու Եգէական Ծովուն Մէջ Տիրող Իրավիճակը

Միացեալ Նահանգներ Թուրքիոյ Կոչ Կ՛ուղղեն Չսրելու Եգէական Ծովուն Մէջ Տիրող Իրավիճակը

«ՌԻԱ Նովոսթի» կը հաղորդէ, որ Միացեալ Նահանգներ Թուրքիոյ կոչ ուղղած են մեղմացնելու իր դիրքորոշումը եւ նուազեցնելու Յունաստանի հետ լարուած յարաբերութիւններու կացութեան մէջ Եգէական ծովուն մէջ կատարուող գործողութիւնները: Ուաշինկթըն նաեւ նշած է, որ Յունաստանի եւ Թուրքիոյ միջեւ եղած տարակարծութիւնները կրնան յանգեցնել վտանգաւոր հետեւանքներու:

Չաւուշօղլու Իրանի Հետ Թուրքիոյ  Յարաբերութիւնները Կը Նկատէ «Եղբայրական».  Պոլսոյ Մէջ Էրտողան-Ռուհանի Հանդիպում

Չաւուշօղլու Իրանի Հետ Թուրքիոյ Յարաբերութիւնները Կը Նկատէ «Եղբայրական». Պոլսոյ Մէջ Էրտողան-Ռուհանի Հանդիպում

Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Մեւլութ Չաւուշօղլու ԻՐՆԱ լրատու գործակալութեան յայտնեց. «Իրանի զօրակցութիւնն ու 15 յուլիսին յեղաշրջումի ձախող փորձին ընթացքին Թուրքիոյ կառավարութեան ու ժողովուրդին կողքին կանգնիլը պիտի չմոռնանք»: «Իրանն ու Թուրքիան բազմաթիւ հարցերու մէջ հասարակաց ու նոյնանման տեսակէտներ ունին, եւ երկու երկիրները կարիքը ունին յաւելեալ խորհրդակցութեան ու երկխօսութեան` ամրապնդելու համար յարաբերութիւնները եւ որեւէ սխալ հասկացողութիւն կանխարգիլելու համար», աւելցուց ան: Թրքական դիւանագիտութեան...

Քոնկրեսին Առջեւ  Իր Արտասանած Խօսքին Մէջ.  Թրամփ Կը Խոստանայ Աշխարհի Վրայ Միացեալ  Նահանգներու Նոր Գործընկերներ Գտնել

Քոնկրեսին Առջեւ Իր Արտասանած Խօսքին Մէջ. Թրամփ Կը Խոստանայ Աշխարհի Վրայ Միացեալ Նահանգներու Նոր Գործընկերներ Գտնել

Երէկ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ Քոնկրեսի երկու պալատներուն առջեւ իր արտասանած խօսքին մէջ յայտարարեց, որ «Ամերիկան մտադիր է գտնել նոր ընկերներ եւ ստեղծել նոր գործընկերութիւններ այնտեղ, ուր շահերը կը համընկնին»` աւելցնելով, որ Միացեալ Նահանգներ պէտք է ամբողջ աշխարհի վրայ իրենց դաշնակիցներուն հետ համագործակցին ՏԱՀԵՇ-ը ոչնչացնելու նպատակով: «Ինչպէս որ խոստացած էի, ես պաշտպանութեան նախարարութեան յանձնարարած եմ մշակել ՏԱՀԵՇ-ի սանձարձակ վայրենիներու...

Եւրոպական Խորհրդարանը Կ՛ուղղուի  Դէպի Լը Փենի Անձեռնմխելիութեան Վերացում

Եւրոպական Խորհրդարանը Կ՛ուղղուի Դէպի Լը Փենի Անձեռնմխելիութեան Վերացում

Եւրոպական խորհրդարանի մէկ յանձնախումբը Ֆրանսայի Ազգային ճակատ կուսակցութեան նախագահ եւ նախագահութեան թեկնածու Մարին Լը Փենի անձեռնմխելիութիւնը վերցնելու ճամբան հարթեց: Խորհրդարանի իրաւական հարցերու յանձնախումբի անդամներուն մեծամասնութիւնը թեր քուէարկեց անձեռնմխելիութեան վերացման: Լը Փեն դեկտեմբեր 2015-ին «Թուիթըր»-ի վրայ տեղադրած էր «Այս է ՏԱՀԵՇ-ը» գրութեամբ բիրտ տեսարաններ ներկայացնող լուսանկարներ: Ֆրանսական դատախազութիւնը այդ հարցով դատ բացած էր անոր դէմ: Լը Փեն կրնայ դատապարտուիլ երեք տարուան...

«Մինսքն Ու Թիֆլիսը Չեն Պատրաստուիր  Ընկերութիւն Ընել Որեւէ Մէկու Դէմ»  Կ՛ըսէ Լուքաշենքօ

«Մինսքն Ու Թիֆլիսը Չեն Պատրաստուիր Ընկերութիւն Ընել Որեւէ Մէկու Դէմ» Կ՛ըսէ Լուքաշենքօ

ԹԱՍՍ լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ Պիելոռուսիոյ նախագահ Ալեքսանտր Լուքաշենքօ 1 մարտին Վրաստանի նախագահ Կէորկի Մարկվելաշվիլիի հետ Մինսքի մէջ տեղի ունեցած հանդիպումին ընթացքին յայտարարած է, որ երկու երկիրները երբեք ընկերութիւն չեն ըրած ոեւէ մէկու դէմ եւ չեն պատրաստուիր ընել: «Մենք երբեք ընկերութիւն չենք ըրած ու չենք ըներ ոեւէ մէկու դէմ, սակայն մեր շահերը ունինք», ըսած է Լուքաշենքօ: Ան շնորհակալութիւն յայտնած...

Page 720 of 883 1 … 719 720 721 … 883

Արխիւներ