Երէկ 80 տարեկանին իր մահկանացուն կնքեց Ալճերիոյ նախագահ Ապտել Ազիզ Պու Թաֆլիքա, յետ երկարատեւ հիւանդութեան: Ան տասը տարիէ ի վեր կը տառապէր առողջական իրերայաջորդ խնդիրներէ, որոնք զինք ստիպեցին երկարատեւ ապաքինումի ժամանակաշրջաններ անցընելու հիւանդանոցին մէջ:
Պու Թաֆլիքա նախանցեալ օր նշած էր իր ծննդեան 80-րդ տարեդարձը: Ան իր ժողովուրդին ուղերձ չէր յղած 2012-էն ի վեր, երբ խոստացաւ իշխանութենէն հեռանալ իր պաշտօնավարման երրորդ նստաշրջանի աւարտին` 2014-ին: