Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ելոյթի Արգիլումը Ֆաշական Քայլ Նկատելով` «Գերմանիան Ահաբեկիչներու Ապաստանարան Է» Կ’ըսէ Պոզտաղ

March 4, 2017
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Գերմանական իշխանութիւնները հարաւային Գերմանիոյ Կակնաու քաղաքի քաղաքապետարանի շէնքէն տարհանեցին այդտեղ գտնուողները, երբ շէնքին մէջ ռումբի մը գոյութեան մասին հեռաձայնային հաղորդակցութիւն մը ստացան: Քաղաքապետարանը ջնջած էր Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանի համակիրներուն մէկ հաւաքը:

Քաղաքապետը «Տիթըր Շփանակըլ» օրաթերթին յայտնեց, որ երէկ Կրինիչի ժամանակացոյցով ժամը 6:30-ին ստացած են ռումբի մը գոյութեան մասին հեռաձայնի ճամբով սպառնալիք մը: Ան ըսաւ, որ սպառնալիքին նպատակը հակադարձել էր Թուրքիոյ արդարադատութեան նախարար Պաքըր Պոզտաղի մասնակցութեամբ հաւաքի մը ջնջման:

Թուրքիոյ արդարադատութեան նախարարը երէկ Գերմանիան նկատեց ահաբեկիչներու ապաստանարան: Ան ֆաշական քայլ նկատեց իր ելոյթը արգիլելու մասին գերմանական իշխանութիւններուն որոշումը:

«Ահաբեկիչները խօսքի ազատութիւն ունին, իսկ արդարադատութեան նախարարութիւնը չունի: Թրքական դատարանները գերմանականէն աւելի անկողմնակալ եւ անկախ են», յայտարարեց Պոզտաղ:

Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարութենէն աղբիւր մը «ՌԻԱ Նովոսթի»-ին յայտնած է, որ Թուրքիոյ եւ Գերմանիոյ արտաքին գործոց նախարարներ Մեւլութ Չաւուշօղլու եւ Զիկմար Կապրիէլ հեռաձայնային հաղորդակցութեան մը ընթացքին համաձայնած են հանդիպիլ 8 մարտին:

Ան աւելցուցած է, որ Չաւուշօղլու դարձեալ մտահոգութիւն յայտնած է Գերմանիոյ թրքական սփիւռքի ներկայացուցիչներուն հետ հանդիպումին ընթացքին նախատեսուած Թուրքիոյ արդարադատութեան նախարար Պեքիր Պոզտաղի խօսքի արտասանումը չեղեալ յայտարարելուն առնչութեամբ:

 

Նախորդը

Լը Փեն Մեկնաբանած Է Զինք Երեսփոխանական Անձեռնմխելիութենէ Զրկելու Եւրոպական Խորհրդարանի Որոշումը

Յաջորդը

«Ոչ Մէկ Պետութիւն Իրաւունք Ունի Մեզի Հետ Վարուելու Իբրեւ Երկրորդ Դասակարգի Պետութիւն» Ըսաւ Չաւուշօղլու

RelatedPosts

Թրամփ. «Իրան Աննախադէպ Կերպով  Ազատութեան Կը Ձգտի, Եւ Ամերիկան Ամբողջովին  Պատրաստ Է Օգնելու»
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ. «Իրան Աննախադէպ Կերպով Ազատութեան Կը Ձգտի, Եւ Ամերիկան Ամբողջովին Պատրաստ Է Օգնելու»

January 12, 2026
Ռեզա Փահլաւի Իրանի Մէջ Ցուցարարներուն  Կոչ Ուղղեց` Քաղաքներու Կեդրոններուն  «Տիրելու Պատրաստուելու»
Գլխաւոր լուրեր

Ռեզա Փահլաւի Իրանի Մէջ Ցուցարարներուն Կոչ Ուղղեց` Քաղաքներու Կեդրոններուն «Տիրելու Պատրաստուելու»

January 12, 2026
Քրտական Ուժերը Հեռացան Հալէպի Աշրաֆիէ  Եւ Շէյխ Մաքսուտ Թաղամասերէն
Գլխաւոր լուրեր

Քրտական Ուժերը Հեռացան Հալէպի Աշրաֆիէ Եւ Շէյխ Մաքսուտ Թաղամասերէն

January 12, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.