Թուրքիոյ միջերկրականեան շրջանի երեք նահանգներու մէջ աննախադէպ անձրեւներու պատճառով փակուած են բոլոր դպրոցները, ժամանակաւորապէս փակուած է նաեւ Մերսինի համալսարանը, մեծ քաղաքներու մէջ երթեւեկը կաթուածահար եղած է:
Թրքական «Կազեթտուվար» կայքը կը հաղորդէ, որ Մերսինի, Ատանայի եւ Ալեքսանտրէթի մէջ ողողումներ արձանագրուած են, այդ պատճառով ալ վնասուած են շարք մը տուներ եւ խանութներ, ջուրի տակ մնացած են բազմաթիւ նկուղներ:
Կը նշուի, որ Աղէտներու եւ արտակարգ իրավիճակներու կառավարման նախարարութիւնը կը գործէ արտակարգ դրութեամբ: