Միջազգային

Գերմանիոյ Մէջ Թուրքիոյ Դեսպանը  Կանչուած Է Արտաքին Գործոց Նախարարութիւն

Գերմանիոյ Մէջ Թուրքիոյ Դեսպանը Կանչուած Է Արտաքին Գործոց Նախարարութիւն

Թրքական «Տիքեն» օրաթերթը կը հաղորդէ, որ Գերմանիոյ մէջ Թուրքիոյ դեսպան Ալի Քեմալ Այտըն գերմանական «Տի Վելթ» օրաթերթի թղթակից Տենիզ Եուճելի ձերբակալման հարցով կանչուած է Գերմանիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւն: Գերմանիոյ արտաքին գոծոց նախարարութեան մէջ Թուրքիոյ դեսպանին յայտնած են, որ Եուճելի կալանաւորումը անընդունելի է եւ անհամաչափ: Բացի ատկէ, նշուած է, որ լրագրողին ձերբակալութեամբ թուրք-գերմանական յարաբերութիւնները աւելի բարդ շրջան կը թեւակոխեն: Եուճել կը...

Գերմանիոյ Նախագահը Մտահոգ Է  Թուրքիոյ Մէջ Մամլոյ Դէմ Կատարուող  Յարձակումներուն Առնչութեամբ

Գերմանիոյ Նախագահը Մտահոգ Է Թուրքիոյ Մէջ Մամլոյ Դէմ Կատարուող Յարձակումներուն Առնչութեամբ

Գերմանական «Տէօչէ Վելլէ» օրաթերթը կը հաղորդէ, որ Գերմանիոյ նախագահ Եոահիմ Կաուք մտահոգութիւն յայտնած է Թուրքիոյ մէջ լրագրողներուն դէմ կատարուող բռնութիւններուն առնչութեամբ: Նախագահական նստավայրին մէջ Օտարերկրեայ լրագրողներու միութեան անդամներու հետ հանդիպումի մը ընթացքին Կաուք յայտարարած է, որ Գերմանիոյ մէջ չեն կրնար հասկնալ, թէ ինչո՛ւ անհրաժեշտ է յարձակում գործել մամլոյ ազատութեան դէմ: «Թուրքիոյ մէջ վերջին շրջանին տեղի ունեցող իրադարձութիւնները կասկած կը յառաջացնեն`...

«Փոխնախագահի Պաշտօնը Իլհամ Ալիեւի  Ամուսնութեան Տարեդարձին  Առիթով Կնոջ Տուած Նուէրն Է»  Կը Գրէ «Ուաշինկթըն Փոսթ»

«Փոխնախագահի Պաշտօնը Իլհամ Ալիեւի Ամուսնութեան Տարեդարձին Առիթով Կնոջ Տուած Նուէրն Է» Կը Գրէ «Ուաշինկթըն Փոսթ»

«Արմէնփրես» կը հաղորդէ, որ ամերիկեան ազդեցիկ «Տը Ուաշինկթըն Փոսթ» օրաթերթը կը գրէ, որ Ազրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի կողմէ իր կնոջ` Մեհրիպան Ալիեւային փոխնախագահի պաշտօնին նշանակումը կը նկատէ նուէր ամուսնութեան տարեդարձին առիթով: Յօդուածի հեղինակ Ամանտա Էրիքսըն նշած է, որ երբ Ալիեւ լքէ նախագահի պաշտօնը, անոր տեղ նախագահ պիտի դառնայ նախորդ աշնան տեղի ունեցած սահմանադրական հանրաքուէին իբրեւ հետեւանք փոխնախագահ նշանակուած 52-ամեայ Մեհրիպան...

«Փութին Թուրքիոյ Շատ Մեծ Աջակցութիւն  Կը Ցուցաբերէ Սուրիոյ Հիւսիսը»  Կ՛ըսէ Չեւիք

«Փութին Թուրքիոյ Շատ Մեծ Աջակցութիւն Կը Ցուցաբերէ Սուրիոյ Հիւսիսը» Կ՛ըսէ Չեւիք

Թուրքիոյ նախագահի խորհրդականներէն Իլնուր Չեւիք յայտարարած է, որ 9-10 մարտին Մոսկուա այցելութեան ընթացքին Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութինի հետ ամենայն մանրամասնութեամբ պիտի քննարկէ Սուրիոյ հարցը: «Սփութնիք»-ի թրքական ծառայութիւնը կը հաղորդէ, որ Չեւիք յայտնած է, թէ Սուրիոյ մէջ զինադուլի հաստատման համար ջանքեր գործադրած երկու կողմերը այս անգամ մանրամասնօրէն պիտի անդրադառնան սուրիական տագնապի քաղաքական լուծման: «Փութին Անգարայի համար...

«Փութին-Թրամփ Հանդիպումին  Նախապատրաստումը Սկսած Է»  Կ՛ըսէ Ռիապքով

«Փութին-Թրամփ Հանդիպումին Նախապատրաստումը Սկսած Է» Կ՛ըսէ Ռիապքով

«ՌԻԱ Նովոսթի» կը հաղորդէ, որ Ռուսիոյ արտաքին գործոց փոխնախարար Սերկէյ Ռիապքով յայտնած է, որ սկսած է Միացեալ Նահանգներու եւ Ռուսիոյ նախագահներ Տանըլտ Թրամփի եւ Վլատիմիր Փութինի հանդիպումին նախապատրաստումը: Ան աւելցուցած է, որ Մոսկուան դրական կը գնահատէ Ուաշինկթընի յայտարարութիւնը երկու երկիրներուն միջեւ երկխօսութեան կազմակերպման առիթով: Ռիապքովի համաձայն, Ռուսիոյ եւ Միացեալ Նահանգներու յարաբերութիւնները կը գտնուին Պաղ պատերազմի ժամանակներէն ի վեր ամէնէն ցած...

Թրքական Դատարանը Բաւարարած Է  «Տի Վելթ»-ի  Լրագրողը Կալանաւորելու  Դատախազութեան Դիմումը

Թրքական Դատարանը Բաւարարած Է «Տի Վելթ»-ի Լրագրողը Կալանաւորելու Դատախազութեան Դիմումը

Մերքել Հիասթափեցնող Կը Նկատէ Գերմանական Օրաթերթի Թուրքիոյ Թղթակիցին Կալանաւորումը «Էյ.Պի.Սի.Նիուզ» կը հաղորդէ, որ թրքական դատարանը բաւարարած է գերմանական «Տի Վելթ» օրաթերթի լրագրող, Թուրքիոյ եւ Գերմանիոյ քաղաքացի Տենիզ Եուճելը կալանաւորելու դատախազութեան դիմումը: Գերմանիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Մարթի Շեֆեր դարձեալ Անգարան յորդորած է ազատ արձակել Եուճելը: Արտաքին գործոց նախարար Զիկմար Կապրիէլ քննադատած էր Թուրքիան` ըսելով, որ երբեք արդարացուած չէ մինչեւ դատախազութեան...

Թուրքիոյ Արտաքին Գործոց  Նախարարութիւնը  Կ՛արձագանգէ Նախագահ  Սարգսեանի Պատասխան-Նամակին

Թուրքիոյ Արտաքին Գործոց Նախարարութիւնը Կը Քննադատէ Աւստրիան

«Անատոլու» կը հաղորդէ, որ Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Հիւսէյն Միւֆթօղլու քննադատած է Աւստրիան Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանի` Աւստրիոյ մէջ տեղւոյն թուրք բնակիչներուն հետ նախընտրական հաւաք կատարելու հարցին մէջ ունեցած դիրքորոշման համար: Յիշեցնենք, որ Աւստրիոյ արտաքին գործոց նախարար Սեպասթիան Քուրց յայտարարած էր, թէ իր երկրին իշխանութիւնները չեն ողջուներ երկրին մէջ Էրտողանի մասնակցութեամբ` Թուրքիոյ սահմանադրական փոփոխութիւններու հանրաքուէին վերաբերեալ ձեռնարկները: «Այս...

«Մոսկուա Դամասկոսի Հետ  Կը Քննարկէ Սուրիոյ Մէջ  Ապահով Գօտիներու Ստեղծման Հարցը»  Կ՛ըսէ Պոկտանով

«Մոսկուա Դամասկոսի Հետ Կը Քննարկէ Սուրիոյ Մէջ Ապահով Գօտիներու Ստեղծման Հարցը» Կ՛ըսէ Պոկտանով

Ռուսիոյ արտաքին գործոց փոխնախարար Միխայիլ Պոկտանով երէկ յայտնեց, որ Մոսկուա Սուրիոյ տագնապին հարցով, ներառեալ Սուրիոյ մէջ ապահով գօտիներու ստեղծման հարցը, մնայուն կապի մէջ է: «Մենք առօրեայ կապի մէջ ենք Դամասկոսի հետ, եւ հաղորդակցութիւնները փոխադարձ վստահութեան վրայ ու ոչ հրապարակային են, ուստի այդ հարցերը հաստատ կը քննարկուին», ըսաւ ան: Ռուսիոյ արտաքին գործոց փոխնախարարը յայտնեց, որ իր երկիրը կը յուսայ, որ սուրիական...

Իրան Կը Փորձարկէ Հեռահար Հրթիռ Մը

Իրան Կը Փորձարկէ Հեռահար Հրթիռ Մը

Իրանի պաշտպանութեան նախարար Հիւսէյն Տահքան յայտարարեց, որ իրանեան բանակը Հորմուզի նեղուցին, Օմանի ծովուն եւ հիւսիսային Հնդկաց ովկիանոսին մէջ «Վելայաթ - 95» ռազմափորձին ընթացքին փորձարկած է տեղական արտադրութեամբ նորագոյն հեռահար հրթիռ մը, որ կը կոչուի «Նուսէյր»: Տահքան «Ֆարս» լրատու գործակալութեան յայտնեց, որ նշեալ հրթիռը յաջողած է ճշգրիտ կերպով հարուածել իր թիրախը, սակայն հրթիռին հասողութեան մասին յաւելեալ տեղեկութիւն չփոխանցեց: Իրանեան բանակի ծովուժի...

Սուրիոյ Բանակը Գրաւած Է Փալմիրի  Շրջանին Իշխող Բարձունքը

Սուրիոյ Բանակը Գրաւած Է Փալմիրի Շրջանին Իշխող Բարձունքը

ՍԱՆԱ լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ Սուրիոյ բանակը դաշնակից ուժերու օգնութեամբ ՏԱՀԵՇ-ի զինեալները դուրս մղած է Փալմիրի շրջանի` ռազմավարական տեսանկիւնէն կարեւոր բարձունքէն: Զինուորական աղբիւր մը ՍԱՆԱ լրատու գործակալութեան յայտնած է, որ գործողութեան ընթացքին սպաննուած են ՏԱՀԵՇ-ի մեծաթիւ զինեալներ եւ ոչնչացուած են զէնք, զինամթերք եւ փոխադրամիջոցներ: Անցեալ շաբաթ բանակային ստորաբաժանումները դաշնակիցներու հետ միացեալ յարձակումի մը ընթացքին Փալմիրի շրջանին մէջ վերականգնած էին...

Ամոնիաքի Շտեմարանի Ռմբակոծման  Հաւանականութեան Հարցով.   Բազմամարդ Ցոյց Հայֆայի Մէջ

Ամոնիաքի Շտեմարանի Ռմբակոծման Հաւանականութեան Հարցով. Բազմամարդ Ցոյց Հայֆայի Մէջ

«Մայատին» արբանեակային պատկերասփիւռի կայանը, յղում կատարելով իսրայէլեան պատկերասփիւռի 10-րդ ալիքին, կը հաղորդէ, որ 4000 իսրայէլացի բնակեցուածներ ցոյց կատարած են Հայֆայի դատարանին առջեւ` պահանջելով կազմաքանդել քաղաքին մօտ գտնուող ամոնիաքի շտեմարանը: Իսրայէլեան պատկերասփիւռի 10-րդ կայանի լրագրող Էլի Լիւի յայտնած է, որ ցուցարարներէն մէկը ծպտուած է Հըզպալլայի ընդհանուր քարտուղար սէյիտ Հասան Նասրալլայի կերպարով մարմնաւորելու համար շրջանի բնակիչներուն ունեցած այն մտավախութիւնը, որ Նասրալլա կրնայ...

Վիեննա Դէմ Է Աւստրիոյ Մէջ Էրտողանի  Մասնակցութեամբ Ընտրական Հաւաքի Մը Կայացման

Վիեննա Դէմ Է Աւստրիոյ Մէջ Էրտողանի Մասնակցութեամբ Ընտրական Հաւաքի Մը Կայացման

ԱՖՓ լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ Աւստրիոյ արտաքին գործոց նախարար Սեպասթիան Քուրց յայտարարած է, որ իշխանութիւնները չեն ողջուներ երկրին մէջ Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանի մասնակցութեամբ` Թուրքիոյ սահմանադրական փոփոխութիւններու հանրաքուէին վերաբերեալ ձեռնարկներուն: «Ի հարկէ, Թուրքիոյ նախագահը, ինչպէս ոեւէ այլ բարձրաստիճան պաշտօնատար, կրնայ երկկողմանի այցելութիւններ կատարել Եւրոպա եւ Աւստրիա` բարձրաստիճան պաշտօնատարներու հետ բանակցելու: Սակայն մենք կը մերժենք թրքական ընտրարշաւի իրականացումը եւ...

Եւրոպական Չորս Երկիրներու Խորհրդարաններ  Իրենց Միջեւ Դաշնակցային Միութեան Կոչ Կ՛ուղղեն

Եւրոպական Չորս Երկիրներու Խորհրդարաններ Իրենց Միջեւ Դաշնակցային Միութեան Կոչ Կ՛ուղղեն

Գերմանիոյ, Ֆրանսայի, Իտալիոյ եւ Լիւքսամպուրկի խորհրդարանները իրենց նախագահներուն ստորագրութիւնը ընդգրկող եւ իտալական «Լա Սթամփա» օրաթերթին մէջ լոյս տեսած հաղորդագրութեան մը մէջ կոչ ուղղեցին իրենց երկիրներուն միջեւ դաշնակցային միութիւն մը հաստատելու: Անոնք յայտնեցին, որ ժամանակը հասած է իրենց երկիրներուն միջեւ քաղաքական յաւելեալ համարկման` պետութիւններու լայն իրաւասութիւններով դաշնակցային միութիւն ստեղծելու: «Մենք գիտենք, որ այսպիսի նախաձեռնութիւն մը բուռն դիմադրութեան պիտի արժանանայ, սակայն ոչ...

«Թուրքիոյ Յիշողութիւնը Տկար Է,  Եւ Ան Ապերախտ Է»  Կ՛ըսէ Զարիֆ

«Թուրքիոյ Յիշողութիւնը Տկար Է, Եւ Ան Ապերախտ Է» Կ՛ըսէ Զարիֆ

Իրանի արտաքին գործոց նախարար Մոհամետ Ճաւատ Զարիֆ «Իրան» օրաթերթին հետ հարցազրոյցի մը ընթացքին քննադատեց «թրքական կառավարութեան` վերջին շրջանին իսլամական հանրապետութեան դէմ կատարած անպատասխանատու յայտարարութիւնները»: Երէկ լոյս տեսած հարցազրոյցին մէջ Զարիֆ ըսաւ, որ Թուրքիան «յիշողութիւնը տկար եւ ապերախտ դրացի մըն է», եւ ակնարկելով Իրանի դէմ թրքական վերջին յայտարարութիւններուն, աւելցուց. «Մենք կը խղճանք այդ երկրին կառավարութեան վրայ, եւ կը թուի, թէ մեր...

Չաւուշօղլու. «Յունաստան  Պէտք Չէ Փորձէ Թուրքիոյ  Համբերութիւնը»

Չաւուշօղլու. «Յունաստան Պէտք Չէ Փորձէ Թուրքիոյ Համբերութիւնը»

Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Մեւլութ Չաւուշօղլու երէկ Յունաստանը զգուշացուց Թուրքիոյ համբերութիւնը փորձելէ եւ իր յոյն պաշտօնակից Նիքոս Քոցիասը կոչեց «շփացած մանուկ» մը, իսկ երկու երկիրներուն միջեւ վերջերս յառաջացած լարուածութեան վերաբերեալ վերջինիս յայտարարութիւնները «գրգռիչ» որակեց: «Ուժի ցուցադրութեան կարիքը չունինք: Անոնք լաւ գիտեն, թէ երբ պէտք ըլլայ, թուրք զինուոր մը ի՛նչ կրնայ ընել: Կառավարութիւնը լաւ գիտէ: Թող այդ մասին ըսեն մասնաւորաբար շփացած...

Անգարայի Մէջ Ռուսիոյ Դէմ  Թաթարներու Բողոքի Ցոյց

Անգարայի Մէջ Ռուսիոյ Դէմ Թաթարներու Բողոքի Ցոյց

«Անատոլու» լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ Թուրքիոյ մայրաքաղաք Անգարայի մէջ նոր հակառուսական ցոյցեր տեղի ունեցած են` մասնակցութեամբ թաթար բնակչութեան: Բողոքի ցոյցը տեղի ունեցած է Խրիմի Ռուսիոյ կցման եռամեակին առիթով: Թուրքիոյ տարբեր քաղաքներէն Անգարա հասած տասնեակ հազարաւոր թաթարներն ու անոնց համախոհները դարձեալ դէմ արտայայտուած են Խրիմի` Ռուսիոյ կազմին միացման եւ սեւ ծաղկեպսակներ ձգած Ռուսիոյ դեսպանատան դռներուն առջեւ` ի նշած Ուքրանիոյ դէմ...

Արեւմուտքի Մէջ Վրայերթերու Շարք

Արեւմուտքի Մէջ Վրայերթերու Շարք

Բրիտանական ոստիկանութիւնը երէկ յայտարարեց, որ Լոնտոնի հարաւարեւելեան շրջանին մէջ ինքնաշարժ մը վրայերթի ենթարկած է անցորդները, որոնց շարքերուն մէջ արձանագրուած են 5 վիրաւորներ: Ինքնաշարժին վարորդը ձերբակալուած է արձակուրդի մէջ գտնուող ոստիկանի մը կողմէ: Ոստիկանութիւնը նշեց, որ տակաւին յստակ չէ, եթէ հարցը ահաբեկչութեան առնչուած է: Մինչ այդ, արեւմտեան լրատուամիջոցներ հաղորդեցին, որ երէկ Միացեալ Նահանգներու Նիւ Օրլինզ քաղաքին մէջ վրայերթի մը պատճառով արձանագրուած...

Ապատի Իրաքեան Օդուժին Հրամայած Է  Հարուածել Սուրիոյ Մէջ ՏԱՀԵՇ-ի Դիրքերը

Ապատի Իրաքեան Օդուժին Հրամայած Է Հարուածել Սուրիոյ Մէջ ՏԱՀԵՇ-ի Դիրքերը

ԹԱՍՍ լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ Իրաքի վարչապետի գրասենեակը յայտարարած է, որ վարչապետ Հայտար Ապատի հրամայած է օդային հարուածներ հասցնել Սուրիոյ մէջ ՏԱՀԵՇ-ի դիրքերուն դէմ: «Իրաքի օդուժի հրամանատարութեան համար կարգադրութիւն կատարուած է հարուածներ հասցնելու ՏԱՀԵՇ-ի դիրքերուն, ներառեալ Սուրիոյ Ապու Քամալ քաղաքի տարածքի դիրքերը», նշուած է յայտարարութեան մէջ: Վարչապետը նաեւ ճշդած է, որ օդային հարուածի թիրախ պէտք է դարձնել դիրքերը այն...

Չեւիք. «Թրքական Զինեալ Ուժերը  Պիտի Լքեն Սուրիոյ Տարածքը,  Երբ Տահեշ Ոչնչացուած Ըլլայ»

Չեւիք. «Թրքական Զինեալ Ուժերը Պիտի Լքեն Սուրիոյ Տարածքը, Երբ Տահեշ Ոչնչացուած Ըլլայ»

«Միլլիյէթ» կը հաղորդէ, որ Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանի խորհրդական Իլնուր Չեւիք յայտարարած է, թէ Թուրքիան մտադրութիւն չունի Սուրիոյ վրայ վերահսկողութիւն հաստատելու: Ան հաւաստած է, որ թրքական զինեալ ուժերը պիտի լքեն Սուրիոյ հիւսիսը, երբ համոզուած ըլան, որ ՏԱՀԵՇ-ի զինեալները հեռու են Թուրքիոյ սահմաններէն: «Երբ մենք համոզուած ըլլանք, որ ահաբեկիչները ամբողջութեամբ ոչնչացուած են եւ այլեւս պիտի չվերադառնան, մենք դուրս պիտի գանք...

«ՏԱՀԵՇ-ի Դէմ Մեր Պատերազմը Նկատի  Պիտի Ունենայ Թուրքիոյ Հետ  Դաշնակցութեան Շարունակումը»  Ըսաւ Զօր. Տանֆըրտ

«ՏԱՀԵՇ-ի Դէմ Մեր Պատերազմը Նկատի Պիտի Ունենայ Թուրքիոյ Հետ Դաշնակցութեան Շարունակումը» Ըսաւ Զօր. Տանֆըրտ

Միացեալ Նահանգներու բանակի սպայակոյտերու պետերու միացեալ կոմիտէի ղեկավար զօր. Ճոզըֆ Տանֆըրտ յայտարարեց. «Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփի` ահաբեկչական ՏԱՀԵՇ խմբաւորման դէմ պատերազմը արագացնելու վերաբերեալ մեր ներկայացնելիք ընտրանքներուն մէջ նկատի առնուած է Թուրքիոյ հետ ամուր դաշնակցութեան շարունակումը»: Տանֆըրտ Ուաշինկթընի մէջ հետազօտութեան հիմնարկներէն մէկուն կազմակերպած հանդիպումին ընթացքին նշեց, որ Փենթակոնի վերոնշեալ ծրագիրի նախագիծը պիտի հրապարակուի երկուշաբթի օր` աւելցնելով, որ ծրագիրը կը շրջանցէ...

Page 721 of 883 1 … 720 721 722 … 883

Արխիւներ