
Եւրոպական խորհրդարանի մէկ յանձնախումբը Ֆրանսայի Ազգային ճակատ կուսակցութեան նախագահ եւ նախագահութեան թեկնածու Մարին Լը Փենի անձեռնմխելիութիւնը վերցնելու ճամբան հարթեց: Խորհրդարանի իրաւական հարցերու յանձնախումբի անդամներուն մեծամասնութիւնը թեր քուէարկեց անձեռնմխելիութեան վերացման:
Լը Փեն դեկտեմբեր 2015-ին «Թուիթըր»-ի վրայ տեղադրած էր «Այս է ՏԱՀԵՇ-ը» գրութեամբ բիրտ տեսարաններ ներկայացնող լուսանկարներ: Ֆրանսական դատախազութիւնը այդ հարցով դատ բացած էր անոր դէմ: Լը Փեն կրնայ դատապարտուիլ երեք տարուան բանտարկութեան եւ 75 հազար եւրօ տուգանքի:
Մեկնաբանելով որոշումը` Լը Փեն յայտարարեց. «Ասիկա Ֆրանսայի քաղաքացիներուն ցոյց կու տայ, թէ Եւրոպական Միութիւնը ի՛նչ է, եւ Եւրոպական Միութեան ի՛նչ ըլլալն ու այս բոլոր մաս կը կազմեն համակարգի մը, որ կ՛ուզէ արգելք հանդիսանալ ֆրանսացի ժողովուրդի թեկնածուին, որ ես եմ»:


