Ըստ «Կազեթա.ռու» կայքին, Ուքրանիոյ նախագահի վարչակազմի մամլոյ ծառայութիւնը հաղորդած է, որ Ուքրանիոյ նախագահ Փիոթր Փորոշենքօ Արեւելեան Ուքրանիոյ մէջ իրավիճակի սրումէն ի վեր երկու անգամ հեռաձայնային հաղորդակցութիւն ունեցած է Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութինի հետ:
Կը հաղորդուի, որ այդ հաղորդակցութիւնները համակարգուած են «Նորմանտական քառեակ»-ի գործընկերներուն հետ:
Կը նշուի, որ զրոյցներու մասին չէ հաղորդուած անոնց անարդիւնաւէտութեան պատճառով: