«Արմէնփրես» կը հաղորդէ, որ Եգիպտոսի նախկին նախագահ Հիւսնի Մուպարաքի փաստաբան Ֆարիտ Տիպ եգիպտական «Ալմասրի Ալիոմ» օրաթերթին յայտնած է, թէ Մուպարաք 24 մարտին դուրս եկած է Գահիրէի Մաատի շրջանի զինուորական հիւանդանոցէն եւ վեց տարի կալանքի տակ գտնուելէ ետք վերադարձած իր տունը:
Վերջին տարիներուն Մուպարաք, որուն քանի մը մեղադրանք առաջադրուած էր, կալանքի տակ կը գտնուէր զինուորական հիւանդանոցին մէջ: Մարտի սկիզբը Եգիպտոսի վերաքննիչ դատարանը նախկին նախագահը վերջնականապէս արդարացնող վճիռ արձակեց 2011-ի յունուարեան անկարգութիւններուն ընթացքին ցուցարարներու սպանութեան մեղսակից ըլլալու մեղադրանքին գործով: Աւելի ուշ ընդհանուր դատախազութիւնը անոր ազատ արձակման համաձայնութիւն տուաւ:
Ինչպէս յայտարարած է անոր փաստաբանը, վերջին օրերուն 88-ամեայ Մուպարաք հիւանդանոց կը մնար բացառապէս բժշկական նկատառումներով եւ իրաւունք ունէր որեւէ պահու հեռանալու այնտեղէն:
«ՌԻԱ Նովոսթի» կը հաղորդէ, որ Մուպարաք տան մէջ դիմաւորուած է իր ընտանիքի բոլոր անդամներուն կողմէ: «Ան իր ընտանիքին եւ ընկերներուն հետ միասին ճաշած է եգիպտական աւանդական կերակուրներէն մէկը», աւելցուցած է Տիպ:



