Թրքական «Կազեթէտուվար» կայքը կը հաղորդէ, որ Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան յայտարարած է, որ թրքական զինեալ ուժերը ամէն գնով Մընպեժէն դուրս պիտի մղեն Սուրիոյ տարածքին մէջ գործող քրտական Ժողովուրդի պաշտպանութեան ջոկատներու զինեալները:
Էրտողան մասնաւորաբար յայտարարած է, թէ քրտաբնակ Մընպեժը արաբական հող է, եւ քիւրտերը այդտեղ պէտք չէ մնան:
«Պապէն ետք մենք արդէն մօտեցած ենք Մընպեժին: Այս հարցերով քննարկումներ կատարած եմ Ռուսիոյ նախագահ յարգարժան Փութինի հետ: Միացեալ Նահանգներու նախագահ Թրամփի հետ տակաւին չենք հասած քննարկում կատարելու: Նախապէս որոշ բաներ յայտնած եմ նախկին նախագահ Օպամային: Ժողովուրդի պաշտպանութեան ջոկատները պիտի չմնան Մընպեժի մէջ, անիկա արաբական հող է: Անոնք պէտք է լքեն այդ տարածքը», յայտարարած է Էրտողան: