«Ֆորէյն Փոլիսի» պարբերաթերթը` վկայակոչելով Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութենէն աղբիւրներ, կը հաղորդէ, որ Միացեալ Նահանգներու վարչակազմը մտադիր է 1 միլիառ տոլարով կրճատել ՄԱԿ-ի խաղաղապահ գործողութիւններու պիւտճէն եւ հարիւրաւոր միլիոն տոլարներով նուազեցնել համաշխարհային կազմակերպութեան տարբեր ծրագիրներու ֆինանսաւորումը:
Հրատարակութեան համաձայն, բացի կրճատելէ ՄԱԿ-ի խաղաղապահ պիւտճէին 40 առ հարիւրը եղող Միացեալ Նահանգներու ֆինանսաւորումը, որ 2016-ին գերազանցած է 2 միլիառ տոլարը, Սպիտակ տունը նաեւ արտաքին գործոց նախարարութեան յայտնած է 326 միլիոն տոլար ընդհանուր գումարով ՄԱԿ-ի եւ այլ միջազգային կազմակերպութիւններու, որոնց շարքին ԵՈՒՆԻՍԵՖ-ի, ՄԱԿ-ի զարգացման ծրագիրի, տարբեր ծրագիրներու ֆինանսաւորումը դադրեցնելու մասին:
Ներկայիս Միացեալ Նահանգները շուրջ 5,4 միլիառ տոլար կազմող ՄԱԿ-ի կանոնաւոր պիւտճէի աւելի քան 22 առ հարիւրը կը վճարեն, ինչպէս նաեւ 28,5 առ հարիւրը խաղաղապահ գործողութիւններու ծախսերուն, որոնց արժէքը կը գնահատուի 7,9 միլիառ տոլարով: Ընդհանուր առմամբ Ուաշինկթըն համաշխարհային կազմակերպութեան եւ ատոր ծրագիրներուն վրայ կը ծախսէ շուրջ 10 միլիառ տոլար:
Միացեալ Նահանգներ, այսօրուան դրութեամբ, ՄԱԿ-ի մեծագոյն նուիրատուն են:



