Քանատայի խորհրդարանը որդեգրեց երկրի վարչապետ Ճասթին Թրիւտոյի աջակցութիւնը վայելող բանաձեւ մը, որ ճամբայ կը հարթէ իսլամութենէն վախնալու կամ անոր դէմ թշնամանքի` իսլամոֆոպիայի երեւոյթին դէմ պայքարի ապագայ քայլերու դիմաց:
Բանաձեւը կոչ կ՛ուղղէ անդրադառնալու ատելութեան ու վախի հետզհետէ աճող ընդհանուր մթնոլորտին եւ դատապարտելու իսլամոֆոպիան ու ցեղապաշտութեան եւ կանոնաւոր խտրականութեան բոլոր ձեւերը:
Բանաձեւին համաձայն, խորհրդարանական յանձնախումբի մը պարտականութիւն պիտի տրուի ուսումնասիրելու կրօնական ատելութեան դէմ պայքարելու կառավարութեան կարելիութիւնները եւ նոյեմբերին այդ առնչութեամբ յանձնարարականներ ներկայացնելու:



